Յօդուածներ

ԵՐԿՈՒ ԱՅՐՈՂ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆՆԵՐ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՎԱՂՈՐԴԱՅՆԻՆ

Կարօ Արմենեան

Յունիս 10, 2026  

(Ա) Անկախ իշխանական դաշտի ընտրակեղծիքներէն, որոնք ամէն օր աւելի կը բացայայտուին, այնուամենայնիւ անուրանալի է, որ Փաշինեանի ստացած քուէներու կազմախօսութեան յստակօրէն մաս կը կազմէ «համակրական» քուէի կարեւոր շերտ մը։ Խօսքս չի վերաբերիր ահաբեկեալ քուէին։ Յայտնօրէն Հ․Հ․ քաղաքացիներու խաւ մը կայ, որ բացէ ի բաց կեցած է այս յանցագործ իշխանութեան կողքին։ Անկասկած ասոնք այն մարդիկն են, որոնք անձնապէս նպաստաւորուած են (կամ շլացա՛ծ) Փաշինեանական համակարգի «բարիք»-ներէն։ Մէկ մասը՝ իշխանութեան հետ ուղիղ շահակցութեան դիրքերէ եւ մէկ կարեւոր մասն ալ՝  յոյսեր կապելով Փաշինեանի եւ իր Արեւմտեան հովանաւորներու յօրինած սուտ խոստումներուն։ Կարեւորը, սակայն, այն է, որ «համակրական» այս շերտը – որքան ալ՝ առայժմ վտիտ — մեծ նշանակութիւն ունի վիշիական այս իշխանութեան ապագային համար։ Ան չէ ծնած քաղաքական գործընթացի բնականոն առճակատումներէն։ ԱՆ ՍՏԵՂԾՈՒԱԾ Է ՅԱՏՈՒԿ ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԵԱՄԲ ԹՈՒՐՔԵՒԱԶՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ԹՇՆԱՄԻԻՆ, ԱՐԵՒՄՈՒՏՔԻ ՈՒԺԵՐՈՒՆ ԵՒ ՓԱՇԻՆԵԱՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻ ՄԱՍՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՆԵՐՔՆԱՍԵՆԵԱԿՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ։ ԱՆ ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏՈՒԱԾ Է ՅՍՏԱԿ ՆՊԱՏԱԿԻ ՄԸ ՀԱՄԱՐ։  ԱՆԻԿԱ ԹԱՆԿԱԳԻՆ ԽԱՐԻՍԽ ՄԸՆ Է, ՈՐՈՒՆ ՎՐԱՅ — ԱՆԿԱՍԿԱ՛Ծ — ՄԵԾ ՆԵՐԴՐՈՒՄ ՊԻՏԻ ԸՆԵՆ ՓԱՇԻՆԵԱՆՆ ՈՒ ԻՐ ՀՈՎԱՆԱՒՈՈՐՆԵՐԸ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ՏԱՐԻՆԵՐՈՒՆ ԶԱՅՆ ՏԵՒԱԲԱՐ ԱՄՐԱՊՆԴԵԼՈՎ, ԶԱՅՆ ԲԵՒԵՌԱՑՆԵԼՈՎ, ԶԱՅՆ ԸՆԴԼԱՅՆԵԼՈՎ ԵՒ ԶԱՅՆ ՎԵՐԱԾԵԼՈՎ ԵՆԻՉԵՐԻԱԿԱՆ ՏԻՊԻ ԱՊԱԶԳԱՅԻՆ ՈՒԺԻ ՄԸ ՀԱՅ ԱՆԿԱԽ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՀԱՅՈՑ ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ ՎԵՐՋՆԱԿԱՆԱՊԷՍ ԼՈՒԾԱՐԵԼՈՒ ԱՌԱՋԱԴՐՈՒԹԵԱՄԲ։

Պարզ խօսքով, թշնամիին ծրագիրն է կազմաքանդել հայ անկախ պետականութիւնը Հ․Հ․ քաղաքացիի՛ն իսկ ձեռքերով։ Հետեւաբար Ընդդիմութեան մեծ խնդիրն է վճռակամութեամբ դիմագրաւել այս մեծ մարտահրաւէրը եւ պաշտպանել մեր ժողովուրդը հասարակութեան այս ախտին դէմ։ Այս առումով, Ընդդիմութիւնը դուրս եկած է այս ընտրութիւններէն լծակային կարեւոր առաւելութեամբ մը։ Ան փակած է ճամբան Փաշինեանական համակարգի միահեծան գործունէութեան անոր զլանալով երեք հինգերորդի մեծամասնական շեմը։ Հետեւաբար այսօր կը մտնենք պայքարի մէկ նոր փուլ Ընդդիմութեան  ձեռքերուն մէջ ունենալով այս կարեւոր ուժականութիւնը։

Աւելցնենք անմիջապէս, որ այս ուժականութիւնը դեռ պէտք է ամրագրուի Ընդդիմութեան ուժերու կուռ միասնականութեամբ եւ քաղաքական կամքով։ Քաջ գիտնալով, որ այս զէնքը զէնք չէ, եթէ ան դատապարտուած է զինարանին մէջ մնալու։ Հ․Հ․ Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովը կը խոստանայ քուէներու վերահաշուարկի արդիւնքները հրապարակել Յունիսի 14-ին։ Հրամայական է, կենսակա՛ն է, որ անմիջապէս ձեւաւորուի Ընդդիմութեան Միասնական Ղեկավարութիւնը եւ այս վերջինը մեծ ուժականութեամբ դիմագրաւէ այս թուականը։

Advertisement Subscribe Today

(Բ) Նկատի առնելով իրերու այս բարդ դրութիւնը՝ կարեւոր է, որ անգամ մը եւս լուսարձակի տակ առնուի խնդրայարոյց այն իրողութիւնը, որ Հ․Հ․ ընդիդմադիր դաշտը ընտրութիւններուն ներկայացաւ կոտորակուած կազմախօսութեամբ։ Ընդդիմութեան առաջատար ուժերը – թէեւ քաղաքականօրէն մէկզմէկու համադիր – այնուամենայնիւ չկարողացան միացեալ թեկնածուով ներկայանալ ընտրական դաշտին։ Անոնք չկրցան արդէն իսկ ապակողմնոոշուած եւ անկայուն Հ․Հ․ ընտրազանգուածը հզօր եւ գործօն համախոհութեամբ (active consensus) ուղղորդել դէպի այն միակ անմիջական նպատակը, որ Փաշինեանական համակարգի ամբողջական լուծարումը պէտք էր ըլլար բոլորին համար։ Այդպէս չեղաւ եւ այդ բանը բնականաբար ժխտական անդրադարձ ունեցաւ Ընդդիմութեան ընտրական կարելիութեանց վրայ։ Պէտք է աւելցնեմ, որ «Հայաստան» Դաշինքի գլխաւոր թեւը հանդիսացող իմ կուսակցութիւնս՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը հետեւողականօրէն կանգնած էր եւ է Հայաստանի քաղաքական դաշտէն Փաշինեանական չարիքը անհետացնելու առաջադրութեան վրայ։ Հետեւաբար՝ առաւել հարուածային եւ միասնական կարողականութեամբ պայքարի դաշտ իջնելու անհրաժեշտութեա՛ն վրայ։ Պէտք է իսկապէս խոշորացոյցի տակ առնել այն ճակատագրական բացը, որուն կ՚ակնարկեմ։ Եւ հասկնալ բնոյթը Ընդդիմութեան այս ձեռնթափութեան։ Մէկ բան յստակ է։ Միասնականութեան նմանօրինակ բացը կարելի չէ ընդունիլ այլեւս որեւէ պատճառաբանութեամբ։  Պէտք է նաեւ ջանալ հասկնալ, թէ ինչո՞ւ ընտրական դաշտէն դուրս պահեց ինքզինք Նախ. Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած Հանրապետական Կուսակցութիւնը։ Ի՞նչ բան իրագործելու համար էր այդ որոշումը եւ ի՞նչ բան իսկապէս իրագործեց։ Ինչպէս ըսի, յառաջիկայ տարիները մեծ պատասխանատւութիւն մը կը դնեն Ընդդիմութեան ուսերուն։ Առաջին հերթին՝ իսկական եւ առաւել հզօր եւ միասնական Ընդդիմութիւն մը ըլլալու պատմական պատասխանատւութի՛ւնը։

Ղեկավարողի եւ ղեկավարուողի փոխ-յարաբերութեան մէջ առաւել ճակատագրականը ղեկավարողի դերն է եղած միշտ։ Եթէ այդպէս չըլլար, մենք չէինք ունենար Սարդարապատ։ Ընդդիմութեան աւագ պարտաւորութիւնն է այսօր ըլլալ արժանի ղեկավարը այս բարդ առճակատման։ ԸԼԼԱԼ ԱՐԱՄ ՄԱՆՈՒԿԵԱ՛ՆԸ ՆՈՐ ՕՐԵՐՈՒ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐԻՆ ԵՒ ՄԵՐ ԱՊԱԳԱՆ ԶԻՆԵԼ ՀԱՆՃԱՐԵՂ ՏԱՐԲԵՐՈՒԹԵԱՄԲ։ Հարկ կա՞յ  յիշեցնելու, որ Վեհիպ Փաշայի ուժերը կրկին կեցած են սահմանին։ Եւ կեցած են նոյն ամբարտաւանութեամբ եւ Հայաստանն ու հայութիւնը բնաջինջ ընելու նոյն ոճրային ախորժակներով։ Եւ այս կենաց-մահու սպառնալիքին անսակարկ ընդառաջ երթալու պարտաւորութիւնն է, որ այժմ  կը ծանրանայ բոլոր ազգային ուժերու ուսին։

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button