Ամերիկահայ
ՆԻՒ ԵՈՐՔ․- ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ՝ ԴՈԿՏ. ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆԻ ԳԻՐՔԻՆ
ՆԻՒ ԵՈՐՔ․- Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8-ի երեկոյեան, Ազգային Առաջնորդարանի հովանաւորութեամբ տեղի ունեցաւ պատմաբան ու գրականագէտ Վարդան Մատթէոսեանի «Հայոց ցեղասպանութիւնը անուանելու քաղաքականութիւնը. լեզու, պատմութիւն եւ “Մեծ Եղեռն”» անգլերէն հատորին ներկայացումը։ Այս գիրքի ներկայացումը առաջին հրապարակային ձեռնարկն էր Առաջնորդարանին մէջ՝ Մարտ 2020-ին համավարակի սկզբնաւորութենէն ի վեր։

