Յօդուածներ

ՅԻՇԵԼՈՎ ՆԱԽԱԿՐԹԱՐԱՆՍ՝ ՀԱԼԷՊԻ ԱԶԳ. ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ԵՐԿՍԵՌ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ

Մանչերու բաժնի շրջանաւարտից խմբանկարը 1947-ին

Գէորգ Պետիկեան 

Արդէն ուսումնական տարեշրջանի աւարտն է, ամէն տեղ:

Մի հարցնէ՛ք, ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս յանկարծ գրիչս տողերուս վրայ կ’արձանագրէ եօթ եւ աւելի տասնամեակներ առաջ ծննդավայրիս յաճախած վարժարանիս մասին, որ կը կոչուէր Ազգ. Հայկազեան երկսեռ վարժարան, ուր մանկապարտէզի (4) եւ նախակրթարանի (6) տարիներս հո՛ն անցուցած էի:

Հաւատացէ՛ք, ինծի համար լաւ առիթ է, որ դարձեալ հին յուշերս, իրենց անմեղ ժպիտներով, մէջս նոր կեանքի կոչուէին: Անոր համար, այս վայրկեանին կարօտախառն ներքին յուզում մը, ամբողջ էութիւնս պատած է:

Եզակի ինքնագոհունակութիւն մըն է այս մէկը, նաեւ զգացումներս թուղթին յանձնելու գերագոյն հաճոյքս:

Ազգային Հայկազեան Երկսեռ վարժարան՝ որ անքակտելի կերպով կապուած է Սուրիոյ հիւսիսը նստող, այդ չոր ու ցամաք, սակայն միշտ պատնէշի վրայ գտնուող ծննդավայր, մայր գաղութ կոչուած Հալէպիս՝ ազգային կեանքին:

Advertisement Subscribe Today

Ու պատմութիւն բուրող այս դպրոցը, անկասկած, ամէն զինք յիշելուս դէմքիս տարբեր փայլ եւ ուրախութիւն կը բերէ: Ու երբե՛ք  չմեռած յուշերս, կամաց կամաց սկսած են կենդանութիւն առնել եւ դպրոցական երազներս շօշափելով, տողերս շարժել:

Աւելի քան եօթանասուն տարուայ ապրուած կեանքի մը  ունեցող այս յուշերն են, որոնք հին դուռ մը բանալով, յանկարծ իբրեւ անկոչ հիւր՝ ապրուած կեանք մը, առաջին սիրոյ տաքութեան նման, խառն թուղթերով եւ գիրքերով թխմուած սենեակէս ներս կը հրաւիրեն, որուն իբրեւ հարազատ արդիւնք կը փորձեմ զանոնք նախադասու-

թիւններուս դարպասներուն մէջ շարելով հաճոյանալ:

Ազգային Հայկազեան երկսեռ վարժարան…պատմութիւն կերտած եւ պատմութեան անցած հաստատ ներկայութիւն մը: Ինձմէ տասնեակ տարիներ առաջ, մայրս ալ հոնկէ շրջանաւարտ եղած էր՝ հպարտութեամբ: Ինծի հետ, առաջ եւ վերջ՝ եղբայրներս, դրացիներուս զաւակները, ընկերներս ու նաեւ ամբողջ մեր թաղի տղաքը:

Բոլորն ալ հոն յաճախած էին, հոնկէ ստացած իրենց նախնական ուսումը, մտքի ու հոգիի իրենց առաջին լուսաւորումը: Եթէ կ’ուզէ՛ք, կայծն ու խայծը: Ծլարձակումը:

Ու մանուկ օրերուս, երբ ամէն անգամ մարդիկ ինծի հարցուցած էին, թէ ո՞ւր ծնած եմ. պատասխանս եղած էր միշտ նոյնը, իր դասը գոց ըրած աշակերտի մը նման.- «Սալիպէ, Հայկազեան մանկապարտէզի մուտքէն, չորս տուն վար»: Այսչափ միայն: Մեծ մայրս այդպէս սորվեցուցած էր ինծի:

Սակայն հակառակ այս բոլորին, վարժարան մուտքս չեմ յիշեր: Միայն, սանկ պղտոր կերպով, կրնամ աչքիս առջեւ պատկերացնել մեծ մայրս, ամէն առաւօտ, մենք՝ իրարմէ քանի մը տարի տարբերութիւն ունեցող երեք եղբայրներով, մեր ձեռքէն բռնած, կամաց-կամաց քալելով մեզի դպրոց կը տանէր ու վերջը կը սպասէր, որպէսզի աստիճաններէն վեր ելլէինք,  ապա ինք, անկէ ետք, հանդարտ մտքով կը մտնէր իր եկեղեցին, հայոց Աստուծոյն իր առաւօտեան փառքը տալու, հնամեայ Քառասնից Մանկանցի բազմազան սուրբերու նկարներով զարդարուած պատմական սիւներուն տակ:

Մանկապարտէզէս նման մշուշոտ, սակայն պարզ յուշին վրայ հիմա նաեւ սկսած էին աւելնալ այդ օրերու վաստակաշատ հայ գիրի ուսուցման համեստ մշակուհիներուս դէմքերուն ստուերներն ալ:

Մէկ խօսքով՝ դասատուներս, կազմուած տիկ.ներ՝ Տասնապետեանէ, Ովսաննա Մըսրլեանէ եւ օր. Արաքսի Մանկունիէ, որոնք  մեր մանուկ ուղեղներուն փոխանցեցին թանկագին աւանդն ու կախարդանքը մեր լեզուին: Ապա նախակրթարանի բաժնէն ներս, տնօրէն՝ Արմէն Անուշի կողքին, չեմ կրնար չյիշել պարոն  Փիլիպոս Դերձակեանն ու օր. Զուարթ Մազմանեան (տիկին Մկրտիչեան) եւ պարոններ՝ Կարապետ Սապունճեանն ու Կարապետ Նագգաշեանը –(տէր Վաչէ քահանայ) – Եդուարդ Բատոյեան, Հրայր Մանուկեան, Գէորգ Գանտահարեան եւ Մկրտիչ Մկրտիչեանը, տիկ. Հայկուհի Ադամեանի, օր.ներ Տաքէսեանի, Իւզպաշեանի եւ  Խաթունի կողքին: 

Ահա՛, մշակներու խումբը: Ասոնք անուններ են, որոնք հպարտանք կը ներշնչէին Հայկազեանին, եւ որոնք եղան տիրական ներկայութիւն այդ օրերու դէպի պատանութիւն վազող մեր կեանքին: Բոլորն ալ իրենց կարգին ազգային ինքնութիւնը դրօշմեցին ու մեր միտքերը լուսաւորուեցան հոգեկան ու իմացական արժէքներով, եւ մեր մէջ հայ ըլլալու հպարտութիւնը ինքնաբերաբար արմատացաւ:

Ու հիմա հպարտանքով կ՝ըսեմ.-ահա, մեր Հայկազեանը՝ իր բոլոր աստղերով, որոնց շնորհիւ մենք առաջնորդուեցանք դէպի Հայաստանեաց եկեղեցի, եղանք դպիր, ապա դէպի Հ.Մ.Ը.Մ.ի ակումբ, դարձանք գայլիկ, մարզիկ եւ սկաուտ որմէ ետք դարձանք 

հաւատաւոր պատանիներ ու այսպէս շրջանաւարտ դառնալով, համարձակ մուտք գործեցինք Ազգ. Ք.Ե. Ճեմարանէն ներս:

Հայկազեան վարժարան…այդ օրերուն չոր ու անգոյն պատերով, հաստ քարէ պատուհաններով, ելեքտրական մէկական լամբերով եւ անգործածելի մազութէ վառարաններով «ճոխացած», խոնաւ, հնագոյն ու պատմական դասարան-սենեակներու մէջ տարիներով մենք անձայն եւ աղմուկով աշակերտեցինք:

Հնամաշ եւ անտաշ, տախտակէ խալխուլ գրասեղաններու առջեւ, որոնց ցցուն գամերը, ամէն օր տասնեակ աշակերտներու տափատներն ու «գոգնոց» համազգեստները կը պատռէր. «Հակազեան»ն էր, որ մեզի, մեր ազգին մօտեցուց:

Ինքն էր, որ մեզի տուաւ մեր մշակոյթը ձեռք ձգելու բոլոր գաղտնի բանալիները:

Առաւել՝ Ինքն էր, որ սորվեցուց մեզի ըլլալ լաւ հայ եւ դառնալ լաւ քաղաքացի:

Անոր համար է, որ Ինք, ինծի նման բոլոր շրջանաւարտներուն միտքերուն մէջ, յաղթական սուրի նման կախուած է եւ կը մնայ մեր յուշերու պատերէն, ո՛չ միայն իբրեւ զարդ, այլեւ՝ իբրեւ հաստատ կոթող:

Ու այսօր, Իրմէ տասնամեակներ հեռու մնալէ ետք, ահա ամէն տարի եւ յատկապէս ուսումանական տարեշրջանի աւարտին, տակաւին յարգանքով եւ անօրինակ հպարտութեան զգացումով մը, զինք կը յիշեմ:

Մենք երկուքս՝ զիրար ալ կը դիտենք: Ինք՝ իր պատմական եւ սրբազան առաքելութեամբ, իբրեւ հսկայ կաղնի. իսկ ես՝ աւելի քան կէս դար առաջ անոր շուքին տակ մեծցած ու հայութիւն սնած, իբրեւ երախտապարտ աշակերտ:

Ըսած են.- «Ծառերը ոտքի վրայ կ՝ապրին, կը շնչեն, բարձրէն կը դիտեն իրենց շուրջը: Անոնք, լեռներու գագաթներու նման, մարդոցմէ առաջ կը տեսնեն արեւուն  առաջին ճառագայթները»:

Ինծի համար, գալիք բոլոր սերունդներուն հաշւոյն, Ան այդ հսկայ կաղնին էր՝ յաւիտենական իր շուքովը, պտղատու եւ մշտադալար:

Յարգանք ու պատիւ՝ Զինք կերտողներուն եւ Իրեն ծառայողներուն:

 

bedig43@aol.com

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button