ՆԻԿՈՍԻԱ․- Մայիս 15-ին Կիպրոսի մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը՝ նուիրուած Ապրիլին Փարիզի մէջ կայացած «Սփիւռքի Ազգային Զօրաշարժի Խորհրդաժողով»-ին։ Այս առիթով, յատուկ հրաւէրով, Կիպրոս ժամանեցին Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Դանիէլեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը՝ ընկերակցութեամբ Հ․Յ․Դ․ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Պուլուզեանի։ Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ Կաթողիկոսական փոխանորդ Տէր Կոմիտաս Արք․ Օհանեան, հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանը, Տէր Մաշտոց քահանայ Աշգարեանը, Երեսփոխանական ժողովի ատենապետը, կուսակցութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հ․Յ․Դ․ Կիպրոսի Կոմիտէի ներկայացուցիչ Սիմոն Այնեճեան, որմէ ետք Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Յակոբ Գազանճեան ներկայացուց խորհրդաժողովի ընթացքին ուրուագծուած ռազմավարական ծրագիրը։ Ան անդրադարձաւ խորհրդաժողովին ընթացքին կատարուած ախտաճանաչումներուն, արժեւորումներուն եւ գնահատումներուն։
Աշոտ Դանիէլեան ներկայացուց արցախահայութեան հիմնահարցին ներկայ փուլը՝ բնորոշելով բռնի տեղահանութեան իրավիճակը եւ հաւաքական վերադարձի կենսական կարեւորութիւնը։ Ելոյթի աւարտին նախագահ Դանիէլեանն ու Յակոբ Գազանճեան պատասխանեցին ներկաներու հարցումներուն։

