Լրահոս

«Մեր Պայմանաւորուածութիւնները Խախտուեցան Արայիկ Յարութիւնեանի Կողմէ», Դաւիթ Իշխանեան

ԵՐԵՒԱՆ.-  «Փաստինֆօ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին,  Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանը յայտարարեց, թէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը չկրցաւ Արցախի անվտանգութեան երաշխաւորի իրական դերը ստանձնել, եւ այսօր շատ լուրջ հարցականի տակ են անվտանգութեան երաշխիքները, զանոնք միայն ռուս խաղաղապահներուն ձգելը բաւարար չէ:

Իսկ «Առաւօտ»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին, պատասխանելով այն հարցումին, թէ ո՞րն է պատճառը, որ Հ.Յ.Դ.-ի եւ Արայիկ Յարութիւնեանի միջեւ համաձայնութիւնը չյաջողեցաւ, կամ ընդհանրապէս Արցախի նախագահին կողմէ Արցախի քաղաքական ուժերը համախմբելու փորձերը ձախողած են, Դաւիթ Իշխանեան ըսաւ. «Պատճառը այն է, որ մեր պայմանաւորուածութիւնները քննարկումներու ընթացքին խախտած են Արայիկ Յարութիւնեանի  կողմէ եւ այն սկզբունքները, որոնց շուրջ կառուցուած էր մեր համաձայնութիւնը, ցաւօք, չպահպանուեցան: Հ.Յ.Դ.-ն եւ «Արդարութիւն»-ը հանդէս եկան յայտարարութեամբ եւ այդ մասին ըսին»:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button