Գլխաւոր
ՄԵՐ ԱՐԴԱՐԱՀԱՏՈՅՑՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆ ԿԱՆԳՆԵՆՔ
Իւրաքանչիւր տարուան Ապրիլը ինքնաբերաբար դարձած է մեր արդար պահանջներուն վերահաստատման, նաեւ այդ նպատակով մեր տարած աշխատանքին արդիւնքի գնահատման հանգրուան. կը կշռենք ներկան ու անցեալը, կը նայինք ապագային:

