Յօդուածներ

ՄԵՆՔ

ՀՐԱՆԴ Մ․ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
Մենք սրբութեան ճամբէն անցանք՝
երազանքի հորիզոններ երազելով։
Մենք սրբութեան միաձուլման ծիր գծեցինք
յաւերժութեան անպարագիծ սահմաններով։
Մենք աշխարհներ կառուցեցինք
խոհոյթին* մէջ հոգիներուն մեր թափառող։
Մենք մենքութեան նորագոյնի եզր երգեցինք
առանձնութեան նոր մէկութիւն ստեղծելով։
Մենք սրբութեամբ սրբութիւնը լուռ երգեցինք
հոգիներուն մեր տառապած։
Արահետին մեր կեանքերուն,
հորիզներ այցելեցինք
անուրջներուն մեր երազուած․․․
Մենք՝ մենքութեան սահմաններու նոր ճանբորդներ,
մենքութիւնը սահմանեցինք․․․
Դեգերեցինք մենքութեան մէջ տիեզերքին
նոր ծիրերու երազանքով։
Ազդարժէքներ* սահմանեցինք ալիքներուն մեզ հալածող
դարձանք ովկեան չսահմանուած,
երազներու վառ կշռոյթով
հորիզոններ միշտ փնռելով։
Յաւերժութեան ճանապարհին
մնացինք որբ
մնացինք բորբ՝
մենք մեզ այրող։
Եւ պատմութեան ճանապարհին
առանց սահման բնորոշող
դեգերումին մէջ մեր մթին,
մենք կորուսինք
ճանապարհը լոյս յաւերժի
Աւաղ․․․ աւաղ․․․
դարձանք ազգորբ․․․

Already a subscriber? Log in here

This story is FREE for you...

Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.

Or, subscribe now for unlimited access
By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email
Back to top button