Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Նախաբանէն կը բացակայի Անկախութեան հռչակագրին յղումը
Նոր Սահմանադրութեան նախագիծին մէջ ամենէն շատ քննարկուած եւ վիճայարոյց փոփոխութիւններէն մէկը նախաբանն է, ուր բացակայ է Անկախութեան հռչակագրին որեւէ յղում։ Գործող Սահմանադրութեամբ հայ ժողովուրդը «մայր օրէնքը կ՚ընդունի Անկախութեան հռչակագրին մէջ ամրագրուած հայոց պետականութեան հիմնարար սկզբունքներուն եւ համազգային նպատակներուն հիման վրայ»։ Նոր նախագիծով, սակայն, ոչ թէ հայ ժողովուրդն է, այլ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովուրդը, որ Սահմանադրութիւն կ՚ընդունի՝ յանուն պետականութեան յարատեւութեան եւ զարգացման։ Արտաքին քաղաքականութեան նպատակներուն շարքին աւելցած է նաեւ խաղաղութեան ապահովումը։
Եթէ գործող Սահմանադրութեամբ Հայաստանը ինքնիշխան, ժողովրդավարական, ընկերային եւ իրաւական պետութիւն է, նոր նախագիծին մէջ այս բնորոշումներուն աւելցած է նաեւ «աշխարհիկ» եզրը։
Սակայն հոգեւոր կեանքին առնչուող միակ փոփոխութիւնը այս չէ։ Եթէ գործող Սահմանադրութեամբ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ եւ պետութեան յարաբերութիւններու կարգաւորումը օրէնքով նախատեսուած է, ապա նոր նախագիծով այդ կարգաւորումը կը ստանայ պարտադիր բնոյթ։
Գործող Սահմանադրութիւնը կը նկարագրէ պետական խորհրդանիշները՝ դրօշն ու զինանշանը, որոնց, յատկապէս Արարատ լերան պատկերին առնչութեամբ, բազմաթիւ քննարկումներ ծաւալած են։
Նոր նախագիծը, ի տարբերութիւն գործող Սահմանադրութեան, չի նկարագրեր պետական խորհրդանիշները, ներառեալ՝ զինանշանը, այլ կը նշէ, որ անոնք պիտի ընդունուին հանրաքուէով։ Դեռ յստակ չէ, թէ նոր Սահմանադրութեան ընդունումէն ետք խորհրդանիշներուն համար եւս առանձին հանրաքուէ պիտի կատարուի՞, եւ եթէ այո՝ ե՞րբ։
Թէեւ վերջին տարիներուն իրաւապաշտպաններու կողմէ այս կարգաւորումը բազմիցս քննադատութեան ենթարկուած է, նոր նախագիծով իշխանութիւնները կը նախատեսեն զայն պահպանել՝ որոշ փոփոխութեամբ։
Եթէ գործող Սահմանադրութեամբ Ազգային ժողովի ընտրութիւններէն ետք մեծամասնութիւն չձեւաւորուելու պարագային կրնայ երկրորդ փուլ կայանալ, ապա նոր նախագիծը կը նախատեսէ լրացուցիչ ընտրական հնարաւորութիւն մը։ Եթէ երկու շաբթուան ընթացքին կառավարական դաշինք չձեւաւորուի, սահմանուած ժամկէտէն 30-45 օր ետք ընտրողները դարձեալ քուէարկութիւն պիտի կատարեն։
Նախագիծին 20-րդ յօդուածին համաձայն՝ ընտրելու եւ հանրաքուէներուն մասնակցելու իրաւունք պիտի ունենան միայն այն քաղաքացիները, որոնք քուէարկութեան նախորդող երկու տարիներուն ընթացքին առնուազն մէկ տարի մշտապէս բնակած են Հայաստանի մէջ։
Գործող Սահմանադրութեամբ ընտրական իրաւունք ունեցող 50 հազար քաղաքացիներ կրնան օրէնսդրական առաջարկ ներկայացնել։ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան գործընթաց սկսելու մասին օրէնքն ալ ընդունուած է այս ընթացակարգով։ Նոր նախագիծով, սակայն, առաջարկ ներկայացնելու համար անհրաժեշտ քաղաքացիներու թիւը կը նուազի՝ 50 հազարին փոխարէն սահմանուելով 40 հազար։
Քաղաքացիներուն վերաբերող եւս մէկ կարեւոր փոփոխութիւն կը վերաբերի քաղաքացիութենէն զրկելու հարցին։ Եթէ գործող Սահմանադրութեան 47-րդ յօդուածը կ՚արգիլէ Հայաստանի քաղաքացիութենէն զրկելը, ապա նոր նախագիծը դատարաններուն կու տայ քաղաքացիութենէն զրկելու իրաւունք՝ սահմանադրական կարգի հիմունքներուն կամ պետութեան անվտանգութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւններու պարագային։
Մեծ քննարկումներու առարկայ դարձած է նաեւ գործող Սահմանադրութեամբ ամրագրուած այն սկզբունքը, ըստ որուն՝ քաղաքացիին իրաւական վիճակը վատթարացնող օրէնքները յետադարձ ուժ չունին։
Նոր նախագիծը կը պահպանէ այս սկզբունքը, սակայն բացառութիւն կը նախատեսէ այն պարագաներուն համար, երբ յետադարձ կիրառումը անհրաժեշտ կը նկատուի «ժողովրդավարական հասարակութեան մէջ հանրային շահերու պաշտպանութեան համար»։ Սակայն հանրային շահերու սահմանումը յստակացուած չէ։
Կառավարման տիպարի էական փոփոխութիւն նախատեսուած չէ, սակայն նոր նախագիծը կը ներառէ շարք մը նոր դրոյթներ։
Օրինակ՝ խորհրդարանը կրնայ ինքնալուծարուիլ, եթէ պատգամաւորներուն առնուազն երեք հինգերորդը քուէարկէ այդ ուղղութեամբ։ Գործող Սահմանադրութիւնը նման հնարաւորութիւն չի նախատեսեր։
Նախագիծով նաեւ խորհրդարանին անվստահութիւն յայտնելու իրաւունքը կը տարածուի ոչ միայն վարչապետին, այլեւ փոխվարչապետներուն, նախարարներուն եւ դեսպաններուն վրայ։
Վարչապետի լայն լիազօրութիւնները կը պահպանուին
Նախորդ սահմանադրական փոփոխութիւններէն ետք քննադատութեան ենթարկուած վարչապետի լայն լիազօրութիւնները նոր նախագիծով, ըստ էութեան, կը պահպանուին։
Աւելին՝ կ՚ընդարձակուի վարչապետին դերը զինուած ուժերուն մէջ։ Եթէ գործող Սահմանադրութեամբ վարչապետը զինուած ուժերու գերագոյն հրամանատարն է միայն պատերազմի ժամանակ, ապա նոր նախագիծով ան այդ դիրքը կը պահէ իր պաշտօնավարման ամբողջ ընթացքին։
Փոփոխութիւն կ՚առաջարկուի նաեւ վարչապետի թեկնածուին ներկայացուող պահանջներուն մէջ․ ան պարտաւոր պիտի ըլլայ ըլլալ ընտրուած պատգամաւոր։
Նախագահի պաշտօնին վերաբերող դրոյթներով ալ տարիքային շեմը կ՚առաջարկուի նուազեցնել։ Եթէ ներկայիս նախագահ ընտրուելու համար անհրաժեշտ է առնուազն 40 տարեկան ըլլալ, ապա նոր նախագիծով այդ տարիքը կը դառնայ 35։
Նոր նախագիծով Սահմանադրական դատարանի որոշումով կրնայ արգիլուիլ կուսակցութեան գործունէութիւնը, եթէ ան՝
- Քարոզէ սահմանադրական կարգի բռնի տապալում։
- Քարոզէ պետութեան անկախութենէն հրաժարում։
- Քարոզէ ազգային կամ կրօնական ատելութիւն։
- Բռնութիւն գործադրէ սահմանադրական կարգը տապալելու նպատակով։
- Գործունէութիւն ծաւալէ ընտրողին ազատ կամքի արտայայտութիւնը խաթարելու ուղղութեամբ։
- Ֆինանսաւորում ստանայ օտարերկրեայ աղբիւրէ։
Եթէ գործող Սահմանադրութեամբ ֆինանսական թափանցիկութեան սկզբունքը կը վերաբերի քաղաքական կուսակցութիւններուն, ապա նոր նախագիծով այդ պահանջը կը տարածուի նաեւ զանգուածային լրատուամիջոցներուն վրայ։
Սակայն դեռ յստակ չէ, թէ լրատուամիջոցները եւս պարտաւոր պիտի ըլլա՞ն ֆինանսական յայտարարագրեր ներկայացնելու։ Միւս կողմէ, նախագիծով պետութիւնը կը յանձնառուի երաշխաւորել լրատուամիջոցներու գործունէութեան ազատութիւնը։
Նոր Սահմանադրութեան նախագիծը հանրաքուէի դնելու համար ներկայիս անհրաժեշտ է Ազգային ժողովի պատգամաւորներուն առնուազն երկու երրորդին աջակցութիւնը։ Այս հաշուարկով իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան կը պակսին ընդդիմութեան վեց ձայներ։
Սակայն նոր նախագիծով առաջարկուած է նաեւ այս շեմը նուազեցնել՝ սահմանելով պատգամաւորներու ընդհանուր թիւին երեք հինգերորդը։ Այսինքն՝ եթէ առաջարկուած կարգաւորումը ներկայիս արդէն գործէր, «Քաղաքացիական Պայմանագիր»-ը Սահմանադրական հանրաքուէ կազմակերպելու համար ընդդիմութեան աջակցութեան կարիքը պիտի չունենար։


