Հայաստանը «Լա-Լա Լանտ» Մը Չէ

«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական
«Լա-Լա Լանտ»-ը (La-La Land) համեմատաբար նորաստեղծ հանրածանօթ դարձուածք մըն է, որ կը նկարագրէ վարդագոյն երազներով տոգորուած հոգեվիճակ մը, ուր խնդրոյ առարկայ անձը կտրուած է իրականութենէն։
Որպէս դարձուածք՝ յաճախ գործածուելով «Լա-Լա Լանտ»-ի մէջ ապրիլ, կը նշանակէ չափազանց լաւատեսութեան վիճակ մը, ուր անձ մը կը մերժէ կամ նոյնիսկ կ՚անտեսէ իրական աշխարհի երբեմնի դժուարութիւնները։ Այսպէս խնդրոյ առարկայ անձը հեռացած կ՛ըլլայ կեանքի դառն իրողութիւններէն եւ կ՚ապրի, իր իսկ ստեղծած երազային աշխարհին մէջ։
Այս եզրոյթն ու ծածկանունը նաեւ տարիներէ ի վեր կը գործածուի Լոս Անճելըսին եւ յատկապէս անոր եօթներորդ արուեստի աշխարհի՝ Հոլիվուտին համար, ծաղրական ակնարկ մը կատարելով քաղաքի շքեղութեան, արտակարգ պատրանքներուն եւ արտասովոր կենցաղակերպին։ Գրեթէ տասնեակ մը տարի առաջ ալ, միեւնոյն անունով ժապաւէն մը պատրաստուեցաւ Հոլիվուտի մէջ, որուն նիւթը՝ այդ նենգամտութեամբ, սադրանքով, չարահնարքով եւ կեղծիքով լի «դրախտային» միջավայրն էր։
Այս եզրոյթը ունի նաեւ իր ժողովրդական իմաստը եւ յաճախ կը գործածուի թեթեւ ծաղրական կամ քննադատական իմաստով՝ նկարագրելու համար մէկը, որ իրատես չէ կամ դուրս եկած է իրականութենէն։
Դժբախտաբար եւ ցաւօք սրտի, այս երազային «Լա-Լա Լանտ»-ը նաեւ հասած է կովկասեան բարձրաւանդակ՝ Հայաստան, եւ այդ ալ այնպիսի հմուտ բեմադրութեամբ մը, որ կարելի չէ երեւակայել։
Արդարեւ, Յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն արեւմտեան աշխարհի քարոզչական «պասթիոն»-ը գործի լծուելով, հետեւողական ձեւով արձագանգեց, թէ ժողովրդավարական բաց եւ թափանցիկ պայմաններու տակ կատարուած են ընտրութիւնները։ Այնքան մը, որ քուէներուն քսան առ հարիւրը չհաշուերկուած, Փաշինեան ափ աշքարա թմբկահարեց, թէ ինք յաղթական է։ Դեռ այդքանն ալ բաւարար չէր, եւ լոյսերու քաղաքէն ալ Ֆրանսայի նախագահը իր շուտափոյթ շնորհաւորանքը հաղորդեց։ Շարքը շարունակուեցաւ, հասնելով Ա․Մ․Ն․։
Այսպէս, շտապօրէն եւ առանց սպասելու քուէներու վերջնական պատկերին եւ նոյնիսկ երկար շարք մը բռնած բանակայիններու (քուէատուփերու փակումէն ետք ընտրավայր ժամանած կամ աւելի ճիշդը գործուղուած՝ ընտրութեան նախօրեակին նիւթապէս պարգեւատրուելէ ետք) կատարելիք քուէարկութեան, յաղթականը հռչակուեցաւ։
Առողջ ժողովրդավարութիւնը միայն քուէատուփի մօտ երթալու իրաւունքով չի սահմանափակուիր, այլ նաեւ կը պահանջէ, որ քաղաքական բոլոր ուժերը ունենան իրենց տեսակէտները ազատ ներկայացնելու հաւասար հնարաւորութիւն՝ առանց ճնշումներու կամ միջամտութիւններու։
Ընտրարշաւի մեկնարկէն առաջ իսկ, պատկերը մտահոգիչ էր։ Ընդդիմադիր քաղաքական ղեկավարներ եւ հասարակական գործիչներ ենթարկուեցան ձերբակալութիւններու եւ քրէական հետապնդումներու։
«Տէր կանգնի՛նք Խաղաղութեան» քարոզելով, իշխանութիւնները այս քայլերը ներկայացուցին որպէս օրէնքի բնական կիրարկում, սակայն անոնք իրականութեան մէջ քաղաքական շարժառիթներ ունէին։
Շատ աւելի մտահոգիչ էր, երբ ընդդիմադիր թեկնածուներ ձերբակալուեցան կամ կալանաւորուեցան ընտրութիւններէն անմիջապէս առաջ։ Անկախ իրաւական գնահատականէն, ժամանակային համընկնումը ստեղծեց քաղաքական միջամտութեան տպաւորութիւն, որ անխուսափելիօրէն հարուածեց հանրային վստահութիւնը։
Յստակ է, թէ ժողովրդավարութիւնը փխրուն կ՛ըլլայ, երբ քաղաքացիները կը կորսնցնեն իրենց վստահութիւնը պետական հաստատութիւններու անաչառութեան եւ մրցակցող քաղաքական ուժերուն միջեւ առկայ անհաւասար պայմաններուն նկատմամբ։
Ընտրողներու զգալի հատուած մը համոզուած է, թէ քաղաքական մրցակցութիւնը հաւասար պայմաններու մէջ տեղի չէ ունեցած։ Հայաստանի պարագային յստակ է, թէ պետական համակարգի եւ իշխող կուսակցութեան սահմանները «անսահման» դարձած են։ Վարչական միջոցները օգտագործուած են գործող իշխանութեան օգտին, իսկ պետական ծառայողները ենթարկուած են քաղաքական ճնշումներու։
Ժողովրդավարութիւնը միայն ընտրութիւններ կազմակերպելով չի բնորոշուիր։ Նաեւ, պէտք է նկատի ունենալ քաղաքացիին ձայնը։ Արդեօք ընդդիմութիւնը կրցա՞ւ արդար պայմաններով մրցիլ, եւ դեռ աւելի՛ն, ՔՊ-ականները պատրա՞ստ են հաշուետու ըլլալու։
Յունիս 7-ի իրադարձութիւնները այս հարցումներուն տակաւին վերջնական պատասխան չեն տուած։ Հայաստանի ժողովրդավարութեան ապագան կրնայ աւելի շատ կախեալ ըլլալ այդ մտահոգութիւնները թափանցիկ եւ արդար կերպով քննարկելու պատրաստակամութենէն, քան ընտրութիւններու պաշտօնական արդիւնքներէն։
Ի վերջոյ ենթագիտակցի՛նք եւ լրջանա՛նք։ Հայաստանը «Լա-Լա Լանտ» մը չէ եւ երբե՛ք չի կրնար ըլլալ, նոյնիսկ Հոլիվուտի մէջ գտնուող սփիւռքահայ ամենախիտ «Փոքր Հայաստան»-ը (Little Armenia):

