Գլխաւոր
ՀԱՄԱՍՓԻՒՌՔԵԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ Գ. ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ.-ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ` ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐ ԵՒ ԱՌԱՋԱԴՐԱՆՔՆԵՐ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կազմակերպութեամբ, եւ նախագահութեամբ Արամ Ա. Կաթողիկոսի, Օգոստոս 18-ին, Մայրավանքի ամառանոց` Պիքֆայայի (Լիբանան) Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական բացումը Համասփիւռքեան Կրթական Գ. Համագումարին, նուիրուած “Արեւմտահայերէնի կացութիւնը այսօր` մարտահրաւէրներ եւ առաջադրանքներ“ նիւթին: Համագումարի կազմակերպական բոլոր աշխատանքներուն իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէր նաեւ “Գալուստ Կիւլպէնկեան“ Հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքը, գլխաւորութեամբ Բաժանմունքի տնօրէն` Դոկտ. Զաւէն Եկաւեանի:

