Լրահոս

Հակահայ Զեկուցումներ՝ Եւրոպական Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովի Քաղաքական Յանձնախումբէն Ներս

P1 main

ՓԱՐԻԶ.- Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի քաղաքական յանձնախումբի նիստին ընթացքին հակահայ զեկուցում մը քուէարկուած է: Այս զեկուցումը՝ «Բռնութեան մագլցումը Արցախի եւ Ատրպէյճանի այլ գրաւեալ տարածքներու մէջ» առաջադրած է բրիտանացի պատգամաւոր Ռոպըրթ Ուոլթըր:
Հայկական պատուիրակութեան առաջարկը` «քննարկումը դադրեցնելու եւ նշանակելու նոր զեկուցող մը, որ չըլլայ ընդգծուած Ատրպէյճանամէտ եւ Պաքուի կամակատար», մերժուեցաւ:
24 դեր եւ 16 դէմ քուէներ ստանալով, Ուոլթըրի բանաձեւը պիտի քննարկուի, յառաջիկայ Յունուարին, Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի լիագումար նիստին:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button