ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆՑԻՆ ԵՒ ՏԻՒՏԻՒԿԸ
Արմենակ ստիպեց, որ ուրբաթ օր, իրեն ընկերանամ ժողովի մը: Ըսաւ. «Երթանք տեսնենք, թէ ժողովախտէ տառապաողները ինչպէ՞ս ջուրէն կարագ պիտի հանեն»:
Աւանդութիւնը յարգուեցաւ, ժամը 8-ին յայտարարուած ժողովը սկսաւ ժամը 9-ին: Ո՞վ չի գիտեր, որ նախ պէտք է ընթրել, հագուստ փոխել, որ ժողով մը ժամուն չի սկսիր: Միամիտներ ճշդապահութիւնը սկզբունք կը համարեն, երբ սկզբունքներ չկան: Երբ որոշուած ժամը անցնի անհանգստացող ինքնատիպներ սրահէն կը մեկնին:
Ժողովը սկսաւ: Վարչութեան ատենապետը ներկաները հրաւիրեց նիստը վարելու համար նախագահ մը ընտրել: Իր հրաւէրը ինք լսեց, առաջարկեց պարոն Սամսոն Սամսոնեանը, նախորդ վարչութեան ատենապետը: Այսինքն՝ նոյն խումբէն խաղցող մը: Ուրիշ անուն չառաջարկուեցաւ: Օրինակելի միասնութիւն:
Սրահի ետեւը քանի մը երիտասարդներ կային: Արմենակ ուշադրութիւնս հրաւիրեց միջին տարիքի մարդու մը վրայ: Ըսաւ.
– Ուշադրութիւն ըրէ՛: Քիչ ետք անպայման խօսք պիտի առնէ, ուրիշի ըսածին թեր կամ դէմ վարդապետական բաներ մը պիտի ըսէ: Անձնական կարծիք չունի: Կը խօսի եւ կ’ըսէ. «Ամբակումին ըսածը ճիշդ չէ, Ժան-Փիէրին ըսածը ճիշդ է»: Ինքնիրեն տուած է ժողովներու «սուլիչ», «տիւտիւկ» ըլլալու իրաւունք, իր ընկերներն ալ ընդունած են անոր «տիւտիւկ»-ային իրաւունքը:
Հաշուետուութիւն: Ձեռնարկներ: Գոյացած գումար: Ծախսեր քաղաքապետի ընդունելութեան առիթով, եւ Հայաստանէն եկած հիւրին համար՝ հիւրանոց եւ այլ:
Ներկաները կը յօրանջէին:
Երիտասարդ մը խօսք առաւ եւ հարցուց.
– Եթէ Հայաստանէն հիւր չունենայիք, ի՞նչ պիտի ըլլար ձեր գործունէութիւնը: Չզեկուցեցիք, թէ ի՞նչ ըրած էք հայ դպրոցին եւ գաղութին համար:
Արմենակի նախատեսութիւնը չուշացաւ: «Տիւտիւկ»-ը ձայն խնդրեց.
– Երիտասա՛րդ, դուն ճիշդ չես, իմ կարծիքով ատենապետի ըսածին պէս, ամէն բան Հայաստանի համար պէտք է ըլլայ:
Երիտասարդը, առանց ձայն խնդրելու, գոչեց.
– Ատենապետը իր ըսելիքը ըսաւ, ձեր կարծիքին պէտք չունի: Ամէն անգամ ուրիշի ճիշդին կամ սխալին մասին կը խօսիք, կ’ըսէք, իմ կարծիքով, եւ ուրիշի կարծիքին կ’արձագանգէք: Ժողովը թութակի պէտք չունի:
Խլրտում: Ատենապետը հանդարտութեան կոչ ըրաւ: Արմենակ կողքէս ըսաւ.
– Տեսա՞ր: Երիտասարդը ըսաւ «թութակ», ես միշտ մտածած եմ «տիւտիւկ»: Այսպէս են ժողովները: Գաղութային «նոմանքլաթուրա»: Վեց ամիս, տարի մը ետք, կրկին պիտի հաւաքուինք, «Հայաստանին օգնելու» կամ «Հայաստանէն հիւր ընդունած ըլլալու կամ ընդունելու» մասին պիտի խօսուի եւ տեսած երիտասարդներդ պիտի չգգան: Նորեր պիտի գան եւ նոյն բաները լսելէ ետք անոնք ալ պիտի չգան:
Կեդրոնականցին երկար «օ՜հ»-ով մը բացագանչեց, եւ ապա.
– «Տիւտիւկ»-ները մարած ջահով մեր ճամբան պիտի լուսաւորեն: Եւ պիտի յաջողին այդ քանի մը երիտասարդներէն ոմանց վարժեցնել տիրոջ ձայնը կրկնել, «տիւտիւկ» դարձնել:
– Ի՞նչ ընել, Արմենա՛կ:
– Այդ ալ դուն ըսէ՛, hարցո՛ւր գրոց-բրոց բարեկամներուդ:
Մակար ի Գաղիա, 26 յուլիս 2020


