Լրահոս
Իսրայէլ Կասեցուցած Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Գործընթացը
Իսրայէլի Կառավարութիւնը Կասեցուցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու գործընթացը:
Քուէարկութիւնը յետաձգուեցաւ այն միջոցին, երբ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ զինադադարը խախտուեցաւ։
Անցեալ ամիս, Իսրայէլի կառավարութիւնը միաձայնութեամբ հաւանութիւն տուած էր 1915-ի ջարդերը ցեղասպանութիւն որակելու առաջարկին, սակայն խորհրդարանին մէջ նախատեսուած վերջնական քուէարկութիւնը, JNS-ի տեղեկութիւններով, կասեցուած է կառավարութեան միջամտութեամբ։ Խորհրդարանը այս շաբաթուան վերջաւորութեան պիտի սկսի ամառնային արձակուրդի եւ աշխատանքի պիտի վերսկսի Հոկտեմբեր 27-ին տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք։

