Լրահոս

Ի Յիշատակ Պարուսոյց Աբրահամ Աշճեանին

Խոր վիշտով տեղեկացանք մահը Աբրահամ (Աբօ) Աշճեանին, որուն տեսլականը, տաղանդը եւ անսակարկ նուիրումը հարստացուցին մեր համայնքը եւ պահպանեցին հայկական մշակոյթը՝ սերունդներու համար։

Հանգուցեալ Շաղիկ Փալանճեանի հետ, Աբօ հիմնեց «Սայաթ Նովա» պարախումբը՝ մեր համայնքի առաջին ժողովրդային պարային համոյթը։ Իրենց եռանդով եւ գեղարուեստական բարձր վարպետութեամբ, անոնք ամենայն հարազատութեամբ, հպարտութեամբ եւ բծախնդրութեամբ ներկայացուցին ու տարածեցին հայկական ժողովրդային պարը, երաժշտութիւնն ու մշակութային աւանդութիւնները։

Աբոյի իւրայատուկ բեմադրական տաղանդն ու շարժումի միջոցով պատմութիւն փոխանցելու խոր ըմբռնումը, ամէնայն հարազատութեամբ հայկական ժառանգութիւնը կենդանացուցին բեմին վրայ։ Անոր արուեստը ներշնչեց անհամար պարողներ եւ հանդիսատեսներ, ստեղծելով մնայուն կապ մը մեր արմատներուն եւ ինքնութեան հետ։

Անոր ժառանգութիւնը պիտի շարունակէ ապրիլ իւրաքանչիւր ներկայացման, իւրաքանչիւր պարողի սրտին մէջ։ Ան պիտի յիշուի ոչ միայն որպէս տաղանդաւոր արուեստագէտ եւ մշակութային դեսպան, այլ նաեւ որպէս սիրուած ուսուցիչ, տեսլական ունեցող առաջնորդ եւ հայկական ժառանգութեան պահապան։

Թող անոր յիշատակը յաւերժ մնայ, եւ թող իր ներդրումներուն լոյսը շարունակէ առաջնորդել գալիք սերունդները։

Advertisement Subscribe Today

Պոսթընի Հայ Մշակութային եւ Կրթական Կեդրոնի (ACEC) անունով՝
Վաչէ Սերայտարեան
Նախագահ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button