ԳլխաւորԽմբագրական

ԹՐԻՓՓ՝ Միգապատ Ճամբան

«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական 

Շփումներն ու հանդիպումները աւելի յաճախականութեամբ կը շարունակուին եւ ըստ Հ․Հ․ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի, «Թրամփի Միջազգային Խաղաղութեան եւ Բարգաւաճման Ճամբայ» (ԹՐԻՓՓ) նախագիծին շուրջ ռազմավարական համագործակցութիւնն ու համաձայնագիրը ամբողջացնելու եւ վաւերացնելու հոլովոյթը՝ գէթ քարտէսի վրայ, հասած է իր աւարտին։

Լափալիսեան իրականութիւն է նշելը, թէ կովկասեան բարձրաւանդակը, անկասկած, խաղաղութեան կարիք ունի։ Այնպիսի խաղաղութիւն, որ ազատ բանակցութիւններու արդիւնք ըլլայ, լայն հասարակական աջակցութիւն վայելէ, թափանցիկ ըլլայ իր բոլոր դրութիւններով, եւ դեռ աւելին՝ յարգէ պետութիւններու ինքնիշխանութիւնը, պատշաճօրէն ուշադրութիւն դարձնէ խնդրոյ առարկայ ազգերու իրաւունքներուն եւ անվտանգութեան։

Այս նախաձեռնութիւնը չծնաւ տարիներու վստահութեան ամրապնդման գործընթացէն։ Այլ, ընդհակառակը, ձեւաւորուեցաւ այն աշխարհաքաղաքական իրականութեան մէջ, ուր Ատրպէյճանը բանակցութիւններուն մուտք գործեց Արցախի իր ամբողջական ռազմական յաղթանակէն տոգորուած։ Փոխարէն, Հայաստանը, ընդհակառակը, բանակցեցաւ քաղաքականապէս տկարացած, ռազմականօրէն յոգնած, տնտեսական դժուարութիւններու մէջ գտնուող եւ միջազգային առումով, արեւմտեան աշխարհի մութ հաշիւներով առաջնորդուող, աւելի մեկուսացած վիճակի մէջ։ Այս մէկը յստակ էր, գրեթէ տարի մը առաջ՝ Օգոստոս 9-ին, երբ Ուաշինկթընի մէջ յայտարարուեցաւ ԹՐԻՓՓ-ի ծննդոցը։

Ամէն խաղաղութեան համաձայնագիր փոխզիջում կը պահանջէ։ Պատմութիւնը բազմիցս ապացուցած է, որ պատերազմները հազուադէպօրէն կ’աւարտին այնպէս, որ կողմերէն մէկը իրականացնէ իր բոլոր նպատակները։ Սակայն տեւական խաղաղութիւնը սովորաբար կը հիմնուի կամաւոր բանակցութիւններու, փոխադարձ անվտանգութեան երաշխիքներու եւ համաչափ զիջումներու վրայ։

Advertisement Subscribe Today

Այսպիսի պայմաններու մէջ շատ մը դէտեր կը հարցադրեն, թէ կարելի՞ է արդեօք նման անհաւասար պայմաններու տակ կայացած բանակցութիւնները իսկապէս ազատ կամքով գոյացած խաղաղութիւն համարել։ Երբ մէկ կողմը գրեթէ բոլոր բանակցային լծակները իր տրամադրութեան տակ ունի, համաձայնութիւնները կրնան պարզ ու մեկին պարտադրուած կարգաւորումներու նմանիլ, քան՝ հաւասարակշռուած դիւանագիտութեան արդիւնքի։

Պատմութեան մէջ, շատ են պարագաները, ուր նմանօրինակ փոխադրութեան համաձայնութիւնները ժամանակի ընթացքին վերածուած են մշտական աշխարհաքաղաքական ազդեցութեան լծակներու։

Իսկ, եթէ միջանցքի գործնական կառավարումը, մաքսային ընթացակարգերն ու անվտանգութեան համակարգերը ենթարկուին արտաքին վերահսկողութեան կամ միջազգային այնպիսի երաշխիքներու, որոնք Հայաստանը կը վերածեն շահագործուողի եւ օգտագործուողի, ապա այդ պարագային ինքնաբերաբար ինքնիշխանութիւնը կրնայ դառնալ պարզապէս կեղծ ու խորհրդանշական։

Միւս կողմէն, Ա․Մ․Ն․-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփ վաշխառու առեւտրական մըն է, սկսելով Իրանի պատերազմէն ստեղծուած իրավիճակէն մինչեւ Ալպանիոյ մէկ ծովափին վրայ արդի զբօսավայրի մը կառուցման ծրագիրը, որ կրնայ լուրջ վնասներ հասցնել շրջանի բնութեան եւ կենսոլորտին։

Ան միշտ ալ առաջնահերթութիւն տուած է գործարքային դիւանագիտութեան՝ գաղափարախօսական արտաքին քաղաքականութեան փոխարէն։ Անոր վարչակազմը յաճախ իր յաջողութիւնը կը պարտի կնքուած համաձայնագիրներով, ստեղծուած առեւտրական հնարաւորութիւններով եւ ըստ իր վարչակարգին, տեսանելի դիւանագիտական ձեռքբերումներով։

Բնականաբար եւ դժբախտաբար այս մօտեցման ծիրին մէջ կը տեղաւորուի ԹՐԻՓՓ-ը։ Նախաձեռնութիւնը Ուաշինկթընին կու տայ առիթ՝ ներկայացնելու հակամարտութիւններու կարգաւորման յաջող օրինակ, ամրապնդելու Արեւելք-Արեւմուտք հաղորդակցական կապերը, նուազեցնելու ռուսական ազդեցութիւնը եւ աւելցնելու ամերիկեան ռազմավարական ներկայութիւնը Կովկասի մէջ։ Թրամփին համար ի՜նչ կարեւորութիւն ունի համաթուրանականութիւն կամ համաթուրանական ճանապարհ։ Այս համաձայնութիւնը, Սպիտակ Տան վարձակալին տրամաբանութեամբ կը նախատեսէ Հայաստանի հարաւային Սիւնիքի մարզով Ատրպէյճանը՝ Նախիջեւանին կապող միջանցք մը, որ միաժամանակ կրնայ փոխադրութեան, տնտեսական եւ նոյնիսկ զբօսաշրջութեան շահեր ապահովել Հայաստանին։

Թուղթի վրայ մրոտուած պատկերը յստակ է։ Կրկին պէտք է վերյիշեցնել, թէ այս ԹՐԻՓՓ զարգացման ընկերութիւնը, Զանգեզուրէն անցնող 27 մղոն (43 քլմ․) տարածաշրջանին  մէջ հողի օգտագործման եւ կառուցման իրաւասութիւն պիտի ունենայ, որուն ժամանակաշրջանն է նախնական 49 տարի: Բաժնետոմսերը պիտի բաշխուին տարօրինակ ձեւով` Միացեալ Նահանգներուն պիտի պատկանի 74 առ հարիւրը, Հայաստանի Հանրապետութեան` 26 առ հարիւրը: Այս նախնական ժամկէտի` այսինքն 49 տարին աւարտելէն ետք, կարելի պիտի ըլլայ կողմերու համախոհութեամբ երկարաձգել համաձայնութիւնն ու ժամկէտը յաւելեալ 50 տարիով, եւ այդ պարագային պիտի ապահովուի, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ունենայ բաժնեմասերու 49 առ հարիւրը։

Այս  գործընթացին ամենամտահոգիչ երեւոյթներէն մէկը Հայաստանի մէջ լայն ազգային համաձայնութեան բացակայութիւնն է։ Ըստ երեւոյթին, ճակատագրական որոշումներ կը բանակցուին փակ դռներու ետին՝ սահմանափակ հանրային մասնակցութեամբ եւ անբաւարար տեղեկատուութեամբ։ Սահմաններուն, ինքնիշխանութեան եւ սահմանադրական լիազօրութիւններուն վերաբերող համաձայնութիւնները սովորաբար կը պահանջեն խորհրդարանական լայն քննարկումներ, մասնագիտական խորհրդակցութիւններ, հանրային թափանցիկութիւն եւ համազգային երկխօսութիւն, որոնք դժբախտաբար ԲԱՑԱԿԱՅ են։

ԹՐԻՓՓ-ը ինքնին պղտոր, մշուշոտ ու միգապատ Ճամբայ մըն է ։

Ազգի ապագան չի կրնար հիմնուիլ միայն գործադիր իշխանութեան բանակցութիւններուն վրայ։ Անիկա ամէնայն թափանցիկութեամբ կը պահանջէ ամբողջ ժողովուրդին մասնակցութիւնն ու սեփականութիւնը։

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button