ԳլխաւորԼրահոս

Ներկայացուցիչներու Տան Յանձնախումբին Կոչը՝ Հայ Գերիներու Ազատ Արձակման Գծով

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Չորեքշաբթի, Յուլիս 22-ին, Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբը, 44 ի նպաստ եւ 7 դէմ քուէներով կոչ յղեց Ատրպէյճանին՝ առանց նախապայմաններու ազատ արձակել Պաքուի մէջ ապօրինի կերպով պահուող բոլոր հայ ռազմագերիները:

Առաջարկը ներկայացուած էր Քոնկրէսի Հայկական հարցերու համախմբումի փոխատենապետ Պրէտ Շըրմընի կողմէ, իբրեւ փոփոխութիւն թիւ 9086 բանաձեւին։Փոփոխութիւնը, որուն աջակցած է Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը, ապահոված էր նաեւ Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի ատենապետ Պրայըն Մասթի աջակցութիւնը:

«Պիտի շարունակեմ պայքարիլ Ատրպէյճանի կողմէ ապօրինի եւ անարդար կերպով պահուող, խոշտանգումներու եւ բռնութիւններու ենթարկուող հայերուն ազատ արձակման համար», յայտարարեց Շըրմըն:

Իր կարգին, Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան նշեց, որ հայ պատանդներուն անյապաղ ազատ արձակումը, Արցախէն տեղահանուածներու ապահով վերադարձը եւ Հայաստանի տարածքէն ատրպէյճանական բռնագրաւող ուժերու հեռացումը խաղաղութեան նախապայմաններ են, որոնք ենթակայ չեն քննարկման։

 

Advertisement Subscribe Today

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button