ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԸՆԿԵՐՎԱՐԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՀԱՆԴԻՊԻ Հ.Յ.Դ. ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ
ԵՐԵՒԱՆ, “Հ.Յ.Դ. Մամլոյ Դիւան“.- Հոկտեմբեր 18-19ին Առաքելութեամբ մը, Երեւան կը գտնուէր Ժողովրդավարութեան եւ համերաշխութեան համար եւրոպական համախմբումի նախաձեռնած պատուիրակութիւնը, որուն մէջ ընդգրկուած են Եւրոպական ընկերվարական կուսակցութեան (PES) ներկայացուցիչներ եւ Եւրոխորհրդարանի մէջ ընկերվարականներու եւ ժողովրդավարներու յառաջադիմական դաշինքի անդամ պատգամաւորներ: Պատուիրակութեան Երեւան այցի նպատակն է քաղաքական ուժերու եւ քաղաքացիական հասարակութեան հետ հանդիպումներու միջոցով պատկերացում կազմել Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք եւ նախքան նախագահական ընտրութիւնները տիրող իրավիճակին մասին: Վերջին անգամ նման պատուիրակութիւն մը նոյն նպատակով Երեւան այցելած էր 2007ի Մայիսին, խորհրդարանական ընտրութիւններէն անմիջապէս ետք:

