ԳլխաւորՅօդուածներ

ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳԸ

   Ա.Ա.

    Արցախ օրհասական օրեր կ՛ապրի՝ միջազգային հանրութեան ամբողջական անտարբերութեան դիմաց։ Աւելի քան ինը ամիսէ ի վեր շրջափակման ապա պաշարման ենթարկուած Արցախի մէջ ապրող մեր քոյրերը եւ եղբայրները ոգի ի բռին կը պայքարին, որպէսզի հողը չկորսնցնեն, մնան ու ապրին իրենց հայրենիքին մէջ՝ դիմագրաւելով ատրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ սովամահութեամբ ցեղասպանութեան ենթարկուելու իսկական վտանգը, որուն ի տես ամբողջ աշխարհը կը շարունակէ քար լռութիւն պահել եւ միայն ատեն ատեն բաւարարուիլ կոչեր արձակելով։ Արցախցիներուն մղած գոյատեւման պայքարին զուգահեռ՝ Երեւանի իշխանութիւններուն հետ արցախեան հարցին առնչութեամբ տարակարծութիւններ ունենալու մասին Արցախի նախագահին յայտարարութիւնները նաեւ կու գան ջուրին երեսը հանելու քաղաքական- դիւանագիտական այն թերի իրավիճակը, որ այսօր տիրական է հայկական քաղաքական օրակարգին մէջ։

    Արցախեան օրակարգը մէկ հիմնական խնդիր ունի ներկայիս։ Արցախցիներուն ֆիզիքական գոյատեւման հարցը, որ կարիքը ունի անյետաձգելի եւ արագ լուծումներու, որովհետեւ այս ընթացքը քիչ մը եւս շարունակուի, բոլորիս աչքերուն առջեւ արցախահայութիւնը զոհ պիտի երթայ սովի եւ ցեղասպանական ոճիրի մը, որ պատահելէն ետք՝ կրնայ բուռն դատապարտանքի ալիք մը բարձրացնել: Սակայն այս մէկն ալ ապարդիւն պիտի ըլլայ, նկատի ունենալով, որ ցեղասպանութիւնը գործադրուած եւ պատմութեան ճակտին սեւ արատ մը եւս քսուած պիտի ըլլայ։

    Ներկայ իրավիճակին հանգամանքներուն մէջ հիմա կարեւոր չէ, թէ ո՞վ է պատասխանատուն այս օրհասական վիճակին։ Քաղաքական քայլերը, որոնք կ՛առնուին ատրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ, բնաւ անակնկալ մը չեն եւ ատոնք նկատի պէտք է առնուած ըլլային Արցախի ապահովութեան երաշխաւոր՝ Հայաստանի պետութեան իշխանութիւններուն կողմէ։ Հաշուի առնել կը նշանակէ հակաքայլերու պատրաստ ըլլալ, որպէսզի երբ ատրպէյճանցիները իրենց քաղաքականութիւնը ի գործ դնէին, ինչ որ է պարագան Բերձորի անցքին աւելի քան ինը ամսուան ամբողջական փակման, հակազդեցութիւնը եւ իրավիճակը փոփոխութեան ենթարկելու միտուած քայլերը ըլլային համահունչ՝ ստեղծուած իրավիճակին։ Այսօր կացութիւնը ասիկա ցոյց չի տար դժբախտաբար, մինչ արցախցիները կը գահավիժին սովին անդունդը։

    Միջազգային ընտանիքը՝ յանձինս Մ․Ա․Կ․-ի Արդարադատութեան ատեանին, իր տեսակէտը յայտնած է Բերձորի անցքին փակման վերաբերեալ։Ատրպէյճան միջազգային ատեանին վճիռը կը շարունակէ արհամարհել՝ զայն Ատրպէյճանի ներքին գործերուն միջամուխ դառնալու քայլ մը համարելով։Արցախցիներն ալ մատնուած են սովի եւ միջազգային ազդեցիկ կողմերու կոչերու տարափին տակ կը շարունակեն պայքարիլ՝ յոյսի նշոյլ մը իսկ չտեսնելով իրենց չափազանց ծանր կացութեան բարելաւման իմաստով։ Այսպիսի իրավիճակի մէջ՝ Արցախի նախագահը կը դիմէ Երեւանի իշխանութիւններուն, որոշումներու մայրաքաղաքներուն եւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան, ինչպէս նաեւ ամբողջական անդամալուծութեան ենթարկուած Մինսքի համանախագահութեան, որպէսզի ցեղասպանութեան ոճիրը չգործադրուած՝ միջոցներու եւ քայլերու դիմուի, Արցախահայութիւնը փրկելու համար։

Advertisement Subscribe Today

    Ստեղծուած այս ահաւոր իրավիճակին մէջ նաեւ պէտք է հարց տալ, թէ Հայաստան- Արցախ- Սփիւռ եռամիասնութիւնը ինչ վիճակի մէջ կը գտնուի։Ճակատ մը, որ կրնայ հրաշքներ գործել, եթէ համակարգում կատարուի, եթէ քաղաքական նեղ հաշիւները մէկ կողմ ձգուին, եթէ իւրաքանչիւր կողմ յանձնառու ըլլայ իր պարտաւորութիւններուն եւ պարտականութիւններուն։ Այլապէս ինչ իմաստ ունի ճառախօսութիւններու ընթացքին Եռամիասնութեան կարեւորութեան մասին խօսիլը, եթէ գետնի վրայ անիկա ոչինչ կը ներկայացնէ։ Այսօր արցախահայութիւնը, որ կանգնած է սովի դէմ յանդիման, իրաւունք ունի հարց տալու Եռամիասնութեան կազմած ճակատին արդիւնաւէտութեան մասին։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button