Գլխաւոր
Արցախահայերու Նստացոյցը՝ Երեւանի Մէջ

ԵՐԵՒԱՆ.- Ազատութեան հրապարակին վրայ, յաջորդաբար երկրորդ օրն ըլլալով շարունակուեցաւ Արցախցիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան խորհուրդի անժամկէտ նստացոյցը: Բռնի տեղահանուած արցախցիները կը պահանջեն յարգել իրենց իրաւունքները, ներառեալ հայրենիք վերադարձը, Արցախի մշակութային ժառանգութեան պահպանումը, գերիներու ազատութիւնը:
Խորհուրդի անդամներէն Սայիտա Պօղոսեան տեղեկացուց, որ գիշերը ոստիկանութեան հետ բանակցութիւններու հիմամբ կրցած են 15 քնապարկերու թոյլտուութիւն ստանալ: Իրաւապահները, սակայն, արգիլած են հրապարակին մէջ վրաններ տեղադրել:

