Լրահոս

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔ․ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ՝ ՖԻԼԱՏԵԼՖԻՈՅ ՄԷՋ

Կիրակի, 22 Դեկտեմբերին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան, Ֆիլատելֆիոյ մէջ մասնակցեցաւ Սուրբ Պատարագին, տեղւոյն Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։  Պատարագը մատոյց եկեղեցւոյ հովիւ՝ Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ․ Վրդ. Թինքճեան։ Քարոզին, Սրբազան Հայրը անդրադառնալով օրուան Աւետարանի ընթերցումին մէջ Քրիստոսի խօսքին, թէ «ան որ իր անձը բարձրացնէ, պիտի խոնարհի, եւ ան որ իր անձը խոնարհեցնէ, պիտի բարձրանայ», կեդրոնացաւ խոնարհութեան առաքինութեան մասին։
Եզրակացնելով իր խօսքը, ան հրաւիրեց հաւատացեալները, որպէսզի Քրիստոսաշաւիղ ճամբով ապրինք՝ խոնարհելով Աստուծոյ կամքին առջեւ, միաժամանակ խոնարհ ըլլանք Աստուծոյ զաւակներուն հանդէպ։

Already a subscriber? Log in here

This story is FREE for you...

Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.

Or, subscribe now for unlimited access
By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email
Back to top button