ԳլխաւորԼրահոս

ԱՆԻ ՀԱՐՈՅԵԱՆ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԵՑԱՒ ՐՈՏ ԱՅԼԸՆՏԻ ՆԱՀԱՆԳԱՊԵՏԻՆ ԿՈՂՄԷ

ani-haroyan

ՓՐՈՎԻՏԵՆՍ.- Նոյեմբեր 16-ին, յատուկ հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ, Րոտ Այլընտի քաղաքապետարանէն ներս, ուր շրջանէն ներս կատարած իրենց աչքառու եւ հետեւողական գործունէութեան պատճառով, յատուկ շքանշաններով (National Association of Secretaries of State Medallion Awards) պարգեւատրուեցան, շրջանէն հինգ անձնաւորութիւններ:
Այս պարգեւատրուողներու կարգին էր Անի Հարոյեան:ani-haroyan2
Այս պաշտօնական հանդիսութեան, ներկայ էին Րոտ Այլընտ նահանգի առաջին քարտուղար Նելլի Կորպէա, պաշտօնական բանբեր՝ Նիքոլաս Մաթիէլօ, նախագահ՝ Թերեզա Փայվա, եւ շրջանէն հայորդիներ:
Անի Հարոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց, աւելցնելով թէ յատկապէս շատ բան կը պարտի շրջանի գաղութին, որ շարունակ թիկունք կանգնած է եւ հետեւողական ձեւով գործակցած:
Անի Հարոյեան, աւելի քան քառասուն տարիներէ ի վեր անդամ է Հ.Յ.Դ.-ին, եւ Րոտ Այլընտի Հայ Դատի գրասենեակի խորհրդատուներէն է:
Ան վերջերս, Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ պարգեւատրուած էր «Մխիթար Քոշ» շքանշանով, նաեւ Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի Հայ Դատի Յանձնախումբին կողմէ, «Վահան Քարտաշեան» շքանշանով:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button