Լրահոս

Ազգային Ժողովը Անձեռնմխելիութենէն Զրկեց Սէյրան Օհանեանը Ու Արծուիկ Մինասեանը

 

 

Ազգային ժողովը փակ քուէարկութեամբ (59 թեր եւ 0 դէմ)  անձեռնմխելիութենէն զրկեց «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեանը եւ  խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեանը:

Անդրադառնալով «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեանը անձեռնմխելիութենէ զրկելու միջնորդութեան` «Հայաստան» խմբակցութեան անդամ Քրիստինէ Վարդանեան ըսաւ, որ դատախազը պատասխան չունի երեք պարզ հարցումներու, որոնք կը վերաբերին այս թղթածրարին, առ այդ, յստակ է, որ եղածը քաղաքական հետապնդում է.

Նշենք, թէ գլխաւոր դատախազ Աննա Վարդապետեան միջնորդագիրներ ներկայացուցած էր Ազգային ժողովի նախագահին` վերոնշեալ պատգամաւորները պատգամաւորական անձեռնմխելիութենէ զրկելու համար:

Advertisement Subscribe Today

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button