SISTERS OF MERCY AND SURVIVAL: ARMENIAN NURSES 1901-1930 (Հեղինակ` ՏՈՔԹ. ԻԶԱ­ՊԷԼ ԳԱԲՐԻ­ԷԼ­ԵԱՆ-ՉԸՐ­ՉԻԼ)

0 0
Read Time:13 Minute, 35 Second

P13 NEW Sisters-of-Mercy  ՍՕ­ՍԻ Ա. ՊԱԼ­ԵԱՆ

Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Ռի­չըրտ եւ Թի­նա Գա­րո­լան հրա­տա­րակ­չա­կան հիմ­նադ­րամ-ի հրա­տա­րա­կու­թեամբ, Նո­յեմ­բեր 2012-ին, կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի տպա­րա­նէն լոյս տե­սաւ տոքթ. Իզա­պէլ Գաբրի­էլ­եան-Չըր­չի­լի “Sisters of Mercy And Survival: Armenian Nurses, 1901-1930“ գիր­քը (532 էջ), անգ­լե­րէն լե­զուով, պատ­կե­րա­զարդ, խմբագ­րու­թեամբ տոքթ. Զա­ւէն Մսըրլ­եա­նի:

Այս գիր­քը ձօն­ուած է Գա­նա­տա­յի թե­մի առաջ­նորդ Խա­ժակ արք. Յա­կոբ­եա­նին,‘ առ ի գնա­հա­տանք անոր ծա­ռա­յու­թեան 40 տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին  սի­րոյ, իմաս­տու­թեան, հո­գե­ւոր, մտա­ւոր առաջ­նոր­դու­թեան եւ բա­րո­յա­կան նե­ցու­կին հա­մար:

Տոքթ. Իզա­պէլ Գաբրի­էլ­եան-Չըր­չիլ ծնած է Օն­թարիօ, Գա­նա­տա: Երեք եղ­բայր­նե­րու ամէ­նէն կրտսեր քոյրն է ան: Հայ­րը` Գաբրի­էլ, ծնած էր Էրզ­րում ու գաղ­թած Գա­նա­տա` 1912-ին, իսկ մայ­րը` Լու­սա­բեր, նոյն­պէս էրզ­րում­ցի, հա­սած էր Գա­նա­տա 1924-ին, հայ­կա­կան ջար­դե­րէն իր ըն­տա­նի­քէն մի­ակ վե­րապ­րո­ղը:

Իզա­պէլ նա­խակր­թա­րա­նի ու­սու­մը ստա­ցած է Թո­րոն­թո­յի տե­ղա­կան դպրո­ցին մէջ, մի­եւ­նոյն ատեն շա­բա­թը երեք ան­գամ հե­տե­ւած է Հայ Օգ­նու­թեան Միու­թեան կազ­մա­կեր­պած հայ­կա­կան գի­շե­րա­յին դպրո­ցի դա­սըն­թացք­նե­րուն: Պա­տա­նե­կու­թեան շրջա­նին ան­դա­մակ­ցած է Հայ Երի­տա­սար­դաց Դաշ­նակ­ցու­թեան (AYF)` մաս­նակ­ցե­լով տա­րե­կան Ողիմպ­ի­ա­կան խա­ղե­րուն եւ հա­մա­գու­մար­նե­րուն, որուն հա­մար վեր­ջերս ստա­ցած է 35 տար­ուան ծա­ռա­յու­թեան շքան­շա­նը:

Իզա­պէլ երկ­րոր­դա­կա­նի ու­սու­մը կ՛ա­ւար­տէ պա­տուոյ յի­շա­տա­կու­թեամբ, առա­ւել, դպրո­ցա­կան ներ­քին կեան­քին մէջ ու­նե­ցած ներդ­րու­մին հա­մար կը ստա­նայ պե­տա­կան կրթա­թո­շակ յա­ճա­խե­լու իր նա­խընտ­րած հա­մալ­սա­րա­նը: Շրջա­նա­ւարտ կ՛ըլ­լայ Մաք­մաս­թըր հա­մալ­սա­րա­նէն պա­տուոյ յի­շա­տա­կու­թեամբ` ստա­նա­լով պսա­կա­ւոր ար­ուես­տից վկա­յա­կա­նը պատ­մու­թեան մէջ: Ապա ան կը յա­ճա­խէ տե­ղա­կան Ման­կա­վար­ժա­կան քո­լէ­ճը, մի­եւ­նոյն ատեն կը դա­սա­ւան­դէ պատ­մու­թիւն` Կեդ­րո­նա­կան երկ­րոր­դա­կան վար­ժա­րա­նին մէջ: Յե­տոյ կը յա­ճա­խէ Լոն­տո­նի հա­մալ­սա­րա­նը, ուր կը հե­տե­ւի հայ­կա­կան եւ կով­կաս­եան պատ­մու­թեան` դա­սա­խօս­ներ ու­նե­նա­լով Չարլզ Տով­սեթ եւ Տէյ­վիտ Մար­շալ Լան­կը եւ կը դա­սա­ւան­դէ Լոն­տո­նի երկ­րոր­դա­կան վար­ժա­րան­նե­րէն մէ­կուն մէջ: Քա­նի մը տա­րի ետք կը վե­րա­դառ­նայ Գա­նա­տա ու կը դա­սա­ւան­դէ Ռի­յըր­սըն հա­մալ­սա­րա­նին մէջ եւ կ՛ա­մուս­նա­նայ փրոֆ. Սթէյ­սի Չըր­չի­լին հետ եւ կ՛ու­նե­նան երեք զա­ւակ­ներ եւ եօ­թը թոռ­ներ: Ապա ան կը վե­րա­դառ­նայ Թո­րոն­թօ հա­մալ­սա­րա­նը, ուր կը ստա­նայ իր մա­գիստ­րո­սի եւ տոք­թո­րա­յի տիտ­ղոս­նե­րը, 1948-ին, աւար­տա­ճա­ռը կ՛ըլ­լայ “Sojourners from Keghi: Armenians in Ontario to 1915“:

1974-էն սկսեալ կ՛ան­դա­մակ­ցի Թո­րոն­թո­յի Հայ Օգ­նու­թեան Միու­թեան եւ Սուրբ Մա­րի Հայ առա­քե­լա­կան եկե­ղեց­ւոյ (անոր հիմ­նադ­րու­թե­նէն ի վեր):

1997-2006, իբ­րեւ դա­սա­խօս, ան դա­սա­ւան­դած է հա­յե­րէն եւ գաղ­թա­կա­նու­թեան պատ­մու­թիւն, Ֆրեզ­նո­յի պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի պատ­մու­թեան եւ ըն­կե­րա­յին գի­տու­թեանց բա­ժան­մուն­քին մէջ:P13 NEW Izabelle-Kaprielian-Churchill

Այժմ Իզա­պէլ դադ­րած է դա­սա­խօ­սե­լէ, բայց 2007-էն ի վեր կը մնայ իբ­րեւ պատ­ուա­կալ փրո­ֆե­սէ­օր: Ան կը շա­րու­նա­կէ իր կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը հայ­կա­կան գա­ղու­թին ծա­ռա­յեց­նել` գրե­լով հայ­կա­կան հար­ցե­րու մա­սին: Իզա­պէլ Գաբրի­էլ­եան թէ­եւ ո՛չ բժիշկ է, ո՛չ հիւան­դա­պա­հու­հի եւ ո՛չ ալ ըն­կե­րա­բան, ան իր հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րը եւ լայն հե­տաքրք­րու­թիւնը` կնո­ջա­կան ըն­կե­րա­յին եւ առող­ջա­պա­հա­կան հար­ցե­րու մա­սին, նիւթ դար­ձու­ցած է իր եր­կու տասն­եակ մը գիր­քե­րուն եւ բազ­մա­թիւ յօդ­ուած­նե­րուն մէջ: Ըն­կե­րա­յին հար­ցե­րու մէջ իր ու­նե­ցած ներդ­րու­մին հա­մար ան ար­ժա­նա­ցած է տասն­եակ մը մրցա­նակ­նե­րու եւ գնա­հա­տան­քի գի­րե­րու` Գա­նա­տա­յի մայր եկե­ղեց­ւոյ կող­մէ, Թո­րոն­թո­յի հա­մալ­սա­րա­նէն, Ֆրեզ­նո­յի հա­մալ­սա­րա­նէն եւ Գա­նա­տա­յի կրթա­կան նա­խա­րա­րու­թե­նէն:

Sisters-of-MercyՀե­ղի­նա­կը իր այս հա­տո­րը կը սկսի` ընդգ­ծե­լով, թէ նկար մը եւ յի­շո­ղու­թիւն մը առիթ դար­ձած են այս գիր­քի գրու­թեան: Ան երբ աշ­խար­հահռ­չակ Սթեն­ֆորթ հա­մալ­սա­րա­նի Հու­վըր հիմ­նար­կի ար­խիւ­նե­րուն մէջ կ՛աշ­խա­տէր, պա­տա­հա­բար կը հան­դի­պի անու­նի մը` տոքթ. Ռութ Ազ­նիւ Փար­մե­լի: Գիտ­նա­լով, որ Ազնիւը հայ­կա­կան անուն է, կը պրպտէ եւ կ՛ի­մա­նայ, որ Ազնիւը ամե­րի­կա­ցի միսի­ո­նա­րի մը աղ­ջիկն էր, որ ծնած էր Տրա­պի­զոն: Անոր փաս­տա­թուղ­թե­րուն մէջ կը գտնէ խմբա­յին նկար մը հայ հիւան­դա­պա­հու­հի­նե­րու անուն­նե­րով‘ Annie Tracy Riggs Memorial Hospital, Mezireh, Խար­բեր­դի մօտ, որ նկա­րած էր 1921-ին: Իզա­պէլ, յափշ­տակ­ուած այս նկա­րով, զայն կը պա­հէ իր հա­մա­կար­գի­չին մէջ եւ յա­ճախ աչ­քէ կ՛ան­ցը­նէ անոնց անուն­նե­րը: 1998-ին, երբ  հար­ցազ­րոյց­ներ կ՛ու­նե­նար Ֆրեզ­նո­յի հա­յու­թեան հետ, Իզա­պէլ կը հան­դի­պի 24 հայ կի­նե­րու, որոնց­մէ ոմանք մաս կը կազ­մէ­ին այդ նկա­րին, եւ այս ձե­ւով անոր հե­տա­զօ­տու­թիւնը հայ հիւան­դա­պա­հու­հի­նե­րու մա­սին կ՛եր­կա­րի տաս­նամ­եա­կէ մը աւե­լի պրպտում­նե­րու վրայ եւ ծնունդ կու տայ սոյն հա­մա­պար­փակ հա­տո­րին:

Այս հա­տո­րը կը կեդ­րո­նա­նայ հայ հիւան­դա­պահ­նե­րու վրայ, Օս­ման­եան կայս­րու­թեան, Հա­յաս­տա­նի, Մի­ջին Արե­ւել­քի եւ Յու­նաս­տա­նի տա­րած­քին` հայ­կա­կան ջար­դե­րէն առաջ, ջար­դե­րու ըն­թաց­քին եւ անոնց­մէ ետք: Ան ցոյց կու տայ, թէ ինչ­պէս հայ հիւան­դա­պահ­ներ հի­մը կը դնեն ար­դի հայ հիւան­դա­պա­հու­թեան, դայ­եա­կու­թեան եւ հան­րա­յին առող­ջա­պա­հու­թեան` այս շրջան­նե­րուն մէջ: Իզա­պէլ օգ­տա­գոր­ծած է 19-էն աւե­լի վա­ւե­րագ­րա­կան ար­խիւ­ներ` Հիւ­սի­սա­յին Ամե­րի­կա­յէն, Եւ­րո­պա­յէն, Հա­յաս­տա­նէն եւ Մի­ջին Արե­ւել­քէն: Ինչ­պէս նա­եւ 80-է աւե­լի գիր­քեր, յօդ­ուած­ներ եւ լսա­տե­սո­ղա­կան աղ­բիւր­ներ` անգ­լե­րէն, ֆրան­սե­րէն, հա­յե­րէն, ռու­սե­րէն եւ թրքե­րէն լե­զու­նե­րով:

Այս գիր­քը կը փոր­ձէ գո­ցել այն բա­ցը, որ կար հայ կի­նը իբ­րեւ ռահ­վի­րայ ներ­կա­յաց­նող` բժշկու­թեան, հիւան­դա­պա­հու­թեան եւ ընդ­հա­նուր առող­ջա­պա­հու­թեան բնա­գա­ւառ­նե­րէն ներս: Սոյն հա­տո­րը նա­եւ կը քննէ այն դե­րը, որ խաղ­ցած են հայ հիւան­դա­պա­հու­հի­նե­րը յետ զի­նա­դա­դա­րի, հայ ժո­ղո­վուր­դի վե­րապ­րող­նե­րու ճա­կա­տագ­րա­կան հանգր­ուա­նին: Անոնց ներ­դրու­մը սերտ­ուած է յատ­կա­պէս Հայ Կար­միր Խա­չի ծի­րէն ներս:

Այս գիր­քը առա­ջին հեր­թին կ՛ընդգր­կէ երեք ժա­մա­նա­կաշր­ջան­ներ. ար­դի հիւան­դա­պա­հու­թեան մէջ հայ կնոջ փոր­ձա­ռու­թիւնը 1901-1930 թուա­կան­նե­րուն: 1914-էն առաջ Թուրք­իոյ մէջ, Ա. Հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մին Օս­ման­եան կայս­րու­թեան մէջ, եւ յետ զի­նա­դա­դա­րի մաս­նա­ւո­րա­բար Հա­յաս­տա­նի, Սուր­իոյ, Լի­բա­նա­նի եւ Յու­նաս­տա­նի մէջ: Երկ­րորդ մա­սը ակ­նարկ մըն է, այն ազ­դե­ցու­թեան վրայ, որ ու­նե­ցած են հիւ­սի­սա­յին Ամե­րի­կա­յէն եւ Եւ­րո­պա­յէն եկած արեւմտ­եան կին առող­ջա­պահ­նե­րը (բժիշկ եւ հիւան­դա­պա­հու­հի­ներ) հայ կնոջ աշ­խա­տան­քին վրայ, հիւան­դա­պա­հու­թեան մար­զէն ներս: Արեւ­մուտ­քէն եկած մաս­նա­գէտ կի­ներ հայ աղ­ջիկ­նե­րուն դիւ­րու­թիւն­ներ տուին հիւան­դա­պա­հու­թեան մար­զին մէջ եւ առի­թը ըն­ծա­յե­ցին, որ անոնք գի­տակ­ցին կո­չու­մի, կեն­ցա­ղի եւ մարդ­կա­յին ամէն ջանք ի գործ դնե­լու` իրենց առող­ջա­պա­հա­կան աս­պա­րէ­զը կա­տա­րե­լա­գոր­ծե­լու ի շահ ազ­գին եւ մարդ­կու­թեան:

Եր­րորդ մա­սը կ՛ընդգր­կէ այն աշ­խար­հը, ուր այս աղ­ջիկ­նե­րը կը մարզ­ուէ­ին ծա­ռա­յե­լու: Կա­րե­ւոր է տես­նել հիւան­դա­պա­հու­հի­նե­րը այն աղէ­տա­լի դէպ­քե­րուն մէջ, որոնք կը շրջա­պա­տէ­ին զի­րենք: Պա­տե­րազմ, ցե­ղաս­պա­նու­թիւն, գաղ­թա­կա­նու­թիւն, սով, հա­մա­ճա­րակ, որոնց­մով անոնք շրջա­պատ­ուած էին: Ան կը բա­ցատ­րէ անոնց նուի­րու­մին խոր­քը եւ ձգտու­մը` մարդ­կու­թեան բա­րօ­րու­թիւնը:

Առող­ջա­պա­հու­թեան ծա­ռա­յու­թեան մար­զե­րը այս շրջա­նին կը կեդ­րո­նա­նա­յին երեք բա­ժին­նե­րու վրայ:

Առա­ջին հեր­թին, կնո­ջա­կան առող­ջա­պա­հու­թիւն եւ ման­կա­բար­ձու­թիւն, հիմ­նա­կան տեղ կը գրա­ւեն հիւան­դա­պա­հու­հի­նե­րու եւ դայ­եակ­նե­րու պատ­րաս­տու­թեան մէջ, քա­նի որ յղի կի­նե­րու եւ նո­րա­ծին մա­նուկ­նե­րու մահ­ուան թիւե­րը մեծ էին: Նա­խազ­գու­շու­թեան հա­մար բժիշկ­նե­րը կեդ­րո­նա­ցան այս մար­զե­րուն վրայ:

Երկ­րորդ` հա­մա­ճա­րակ­նե­րու կան­խար­գի­լում եւ դար­մա­նում, իսկ եր­րորդ ճիւ­ղը ակ­նա­բու­ժու­թիւնն է, որ նե­րառ­եալ էր դա­սա­ւան­դու­թեանց մէջ:

Այս հա­տո­րը կը քննէ, թէ ինչ­պէս հայ աղ­ջիկ­ներ կը զի­նուո­րագր­ուէ­ին հիւան­դա­պա­հու­թեան, ինչ­պէս կը մարզ­ուէ­ին եւ` անոնց աշ­խա­տա­ձե­ւե­րը, երբ հիւան­դա­պա­հու­թեան մաս­նա­գի­տու­թիւնը ծնունդ կ՛առ­նէր շրջա­նին մէջ: Ասոր հա­մա­ձայն, գիր­քը ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ կու տայ դար­մա­նա­տու­նե­րու կամ հիւան­դա­նոց­նե­րու մէջ աշ­խա­տող թեկ­նա­ծու­ներ ընտ­րե­լու պայ­ման­նե­րու, աշ­խա­տան­քի փոխ-յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու, հիւան­դու­թիւն­նե­րու, դար­մա­նում­նե­րու, պա­րա­գա­նե­րու տե­սա­կը եւ թիւը, նա­եւ ու­սում­նա­կան եւ մարզ­ուե­լու ծրա­գիր­նե­րը: Հե­ղի­նա­կը այս տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը անհ­րա­ժեշտ կը նկա­տէ հասկ­նա­լու հա­մար ռահ­վի­րայ հայ հիւան­դա­պա­հու­հի­նե­րու փոր­ձա­ռու­թիւնը, նա­եւ` հայ կի­նե­րու մաս­նակ­ցու­թիւնը հիւան­դա­պա­հու­թեան մար­զին մէջ, որ դիւ­րա­ցուց փո­խան­ցու­մը` ծա­ռա­յու­թեան աս­պա­րէ­զէն դէ­պի ար­հես­տա­վար­ժու­թիւն: Հե­ղի­նա­կը նա­եւ կը շեշ­տէ, որ շրջա­նին մէջ յա­ռաջ­խա­ղաց­քը դէ­պի հիւան­դա­պա­հու­թեան աս­պա­րէզ ան­կա­րե­լի պի­տի ըլ­լար առանց խումբ մը խե­լա­ցի, նուիր­եալ, վստա­հե­լի, բա­րո­յա­պէս պար­կեշտ եւ բաղ­դա­տա­բար  ուս­եալ աղ­ջիկ­նե­րու: Օրէ օր բժշկա­կան դա­սա­կար­գը լուրջ աշ­խա­տանք տա­րաւ ընտ­րե­լու այս աղ­ջիկ­նե­րը հայ­կա­կան ըն­տա­նիք­նե­րէ, զա­նոնք պատ­րաս­տե­լու հիւան­դա­պա­հու­թեան: Իզա­պէլ նա­եւ կը մէջ­բե­րէ ներդ­րու­մը այն մար­դա­սի­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն, ինչ­պէս “Նիր Իսթ Ռի­լիֆ“, Հայ­կա­կան Կար­միր Խա­չը եւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ը տե­ղա­հան հա­յու­թեան օգ­նու­թեան` հայ հիւան­դա­պա­հու­հի­նե­րու պատ­րաս­տու­թեան մէջ:

Անոր կա­տա­րած հա­մա­պար­փակ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րը 20-րդ դա­րու սկիզ­բը հայ­կա­կան ջար­դե­րու ընդ­մէ­ջէն հայ հիւան­դա­պա­հու­հի­նե­րու ու­նե­ցած ներդ­րու­մին‘ վա­ւե­րագ­րա­կան ար­ժէք կը ներ­կա­յաց­նէ: Գի­տա­կան մօ­տե­ցու­մով իր հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րը եւ գոր­ծա­ծած ըն­դար­ձակ աղ­բիւր­նե­րը ար­ժա­նա­հա­ւատ կը դարձ­նեն գիր­քը` խիստ յանձ­նա­րա­րե­լի է այս գիր­քը, որ­պէս աղ­բիւր նո­րա­նոր պրպտում­ներ կա­տա­րող բժիշկ­նե­րու, հիւան­դա­պա­հու­հի­նե­րու եւ առող­ջա­պա­հա­կան մար­զէն ներս գոր­ծող­նե­րու, եւ ին­չո՞ւ ոչ, իբ­րեւ վկա­յա­րան Ցե­ղաս­պա­նու­թեան: Հիւան­դա­պա­հու­թեան ճա­նա­չու­մը իբ­րեւ ան­բա­ժա­նե­լի մէկ մա­սը առող­ջա­պա­հու­թեան խնամ­քին` յա­րա­բե­րա­բար նոր է: Այս հանգր­ուա­նին Հա­յաս­տա­նի եւ Մի­ջին Արե­ւել­քի մէջ նուազ ու­շադ­րու­թեան ար­ժա­նա­ցած է հայ կի­նե­րու դե­րը: “Sisters of Mercy And Survival: Armenian Nurses, 1901-1930“ փորձ մըն է այս նիւ­թը ար­ծար­ծե­լու եւ հիւան­դա­պա­հու­թեան աս­պա­րէ­զը ժա­մա­նա­կա­կից արեւմտ­եան առու­մով ներ­մու­ծե­լու ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի հա­յոց պատ­մու­թեան մէջ եւ մի­եւ­նոյն ատեն ցոյց տա­լու հայ հիւան­դա­պահ­նե­րու ներդ­րու­մը իրենց ազ­գա­կից­նե­րու վե­րապ­րու­մին մէջ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles