Չորեքշաբթի եւ Հինգշաբթի Յունիս 17-18ին, յաջորդաբար Պոսթընի եւ Նիւ Եորքի մէջ, ելոյթ ունեցաւ ՀՀ արտաքին գործոց նախկին նախարար եւ «Սիվիլիթաս» հիմնարկի նախագահ Վարդան Օսկանեան, որ հրաւիրուած էր խումբ մը ամերիկահայ միութիւններու կողմէ: Ձեռնարկները յաջորդաբար տեղի ունեցան Պենթլի Համալսարանի (Ուալթհամ, Մասաչուսէց) եւ Ֆորտհամ իրաւաբանական դպրոցէն (Նիւ Եորք) ներս:
Երկու ձեռնարկներուն ալ, բանախօսը ներկայացուց Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան ներկայ իրավիճակը: Ան բազմիցս մէջբերումներ կատարեց, իր անցեալի փորձառութիւնէն եւ յատկապէս իր լոյս ընծայած գիրքէն՝ «Անաւարտ տասնամեակ»էն, որ հաւաքածոն է իր խօսքերուն եւ դասախօսութիւններուն:
Օսկանեան ըսաւ թէ 1998 թուականին, Քոչարեանի վարչակազմի ուղղուածութեամբ, վերանայուեցաւ հաւասարակշռութեան քաղաքականութիւնը: Ան ըսաւ թէ Հայաստանը պէտք է լաւ յարաբերութիւններ ունենայ երեք մեծ բեւեռներու հետ, Եւրոպական Միութեան, Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու հետ:
Ան ըսաւ թէ առկայ մրցակցութիւնը երբեմն մեզի ստիպեց հաւասարակշռել մեր բնագաւառներէն մէկուն հետ ստեղծուած յարաբերութիւններու փոխ հատուցման կապերով մէկ այլ բնագաւառի մէջ: Մենք ստիպուած էինք ելք գտնել նման բարդ իրավիճակներէն՝ միեւնոյն ժամանակ պաշտպանելով մեր շահը: Մեզի պէտք էր նոր հասկացողութիւն մը՝ աւելի յստակ, աւելի համոզիչ ու բացայայտօրէն արտայայտուած: Այդ նոր ուղղութիւնը փոխլրացումն էր: Մտածողութիւնը այն էր, որ մենք պէտք է վճռական եւ բաց ըլլանք մեր ընկերներուն ու հակառակորդներուն հետ: Վերջապէս որպէսզի փոխլրացման քաղաքականութիւնը գործէ, մենք պէտք է մեկնէինք այն համոզումէն, որ ազգային շահը անքակտելի է եւ պէտք է դիտարկուի միջնաժամկէտ կամ հեռանկարային տեսանկիւնէն: Այլ խօսքով, աւելի լայն պատկերը պէտք է հաշուի առնել: Հայաստան պէտք է կարենայ այս նոր ստեղծուած իրավիճակին մէջ մէկ աստիճան աւելի բարձր, ես պիտի ըսէի՝ կատարելագործուած փոխլրացման քաղաքականութիւն վարել, որովհետեւ այդ հակասութիւնը՝ Միացեալ Նահանգներ – Ռուսիա, ոչ թէ այդ երկիրներուն մակարդակով կը դրսեւորուի, այլ՝ Վրաստանի միջոցով:
«Անկախացումից ի վեր մենք խօսել ենք Թուրքիայի հետ բնականոն երկկողմ յարաբերութիւններ հաստատելու մասին, առանց նախապայմանների եւ փոխզիջման ոգով: Անցեալը միասին յաղթահարելու մեր ցանկութեանը Թուրքիան տարիներ շարունակ արձագանգել է ձգձգմամբ, տարատեսակ խոչընդոտներով եւ երկակի խօսակցութեամբ, իսկ վերջերս էլ՝ ժեսթերով: Անզիջող հարեւանի հետ սահմանը բացելու պատրաստակամութիւնը՝ զիջում է: Իրենց նախնիների գործած Ցեղասպանութեան մերժումը հովանաւորող կառավարութեանը համագործակցութեան տեսանկիւնից հնարաւոր հետեւանքներ ունեցող փոխզիջում է: Մենք ակնկալում ենք, որ աշխարհը հասկանայ չճանաչուած, չդատապարտուած Ցեղասպանութեան թողած իրական հետեւանքները: Մենք ակնկալում ենք, որ կառավարութիւնները հասկանան, որ պատմական իր մեղքը չընդունող, պատմական եւ քաղաքական ճշմարտութիւնը շարունակ հերքող հզօր հարեւանի հետ ապրելը անվտանգութեան հետ կապուած մտահոգութիւնների առիթ է»: ըսաւ ան:
Օսկանեանի համաձայն, Թուրքիոյ նպատակն է խնդրայարոյց հարցերու ճամբով Թուրքիոյ յարմարող եզրակացումի մը հասնիլ եւ ետքը Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները վերականգնել ու սահմանը բանալ: Իր խօսքին մէջ Օսկանեան պարզաբանեց թէ, կարելի չէ գտնել երկու դրացի երկիրներ, որոնք հարցեր չունին, սակայն անոնցմէ ոչ մէկը սահմանը փակելու միջոցին կը դիմէ.
«Պէտք չէ մոռանալ այն պատմական իրողութիւնը, որ հայերը ապրել են այդ տարածքներում հազարաւոր տարիներ, եւ Հայաստանի սահմանները հազարամեակի ընթացքում հսկայական փոփոխութիւնների է ենթարկուել: Ոչ ոք պէտք է զարմանայ, որ Արարատը պատկերուած է մեր երկրի զինանշանի վրայ: Հայկական թագաւորութիւնը ժամանակին ձգւում էր ծովից ծով: Մեր սահմանների վերջին փոփոխութիւնը տեղի ունեցաւ 20-րդ դարի սկզբին: Սեւրի պայմանագրի դրոյթների համաձայն, Հայաստանի տարածքն այսօրուայ Հայաստանից 10 անգամ աւելի մեծ պէտք է լինէր: Թուրքիան մերժեց պայմանագիրը, որ ստորագրուել էր իր իսկ կառավարութեան կողմից, եւ ուժի կիրառմամբ ստեղծեց նոր տը ֆաքթօ իրավիճակ, որը հանգեցրեց Լօզանի պայմանագրի ստորագրմանը, որը սահմանեց մեր երկրի այսօրուայ սահմանները: Դարձեալ ուզում եմ կրկնել, ես խնդիր չեմ տեսնում սահմանների ճանաչման մէջ, առանց հրաժարուելու մեր պատմութիւնից, կամ ապագայի հանդէպ մեր յոյսերից: Վերջապէս, Թուրքիան ակնկալում է ղարաբաղեան հարցի կարգաւորում: Խնդիրն այն է, որ նրանց կողմից ակնկալուող լուծումը լիովին տարբեր է մեր ակնկալիքներից: Այս հարցում համընկնող շահեր չկան: Աւելի°ն, քանի որ Թուրքիան հասկանում է, որ ղարաբաղեան հարցում համապարփակ լուծումը մօտ ապագայի խնդիր չէ, նրանք պնդում են, որ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ հայկական վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքները վերադարձուեն Ատրպէյճանին: Եթէ նախորդ երկու նախապայմանների դէպքում որոշ դիւանագիտական ձեւակերպումներով փոխհամաձայնութեան հասնելու հնարաւորութիւն կայ, ապա այս դէպքում դա բոլորովին անհնար է: Թուրքիան ուզում է, որ մենք սահմանի բացման դիմաց հրաժարուենք հէնց այն տարածքներից, որ մեզ պաշտպանում են 2015-ին 1915-ի հնաւոր կրկնութիւնից»: աւելցուց Օսկանեան:
Օսկանեան Թուրքիոյ դրած երեք նախապայմանները նշելով՝ յայտնեց, թէ մինչեւ 1998 թուական Թուրքիա միայն Արցախի տագնապի լուծման նախապայմանին վրայ կը կեդրոնանար, սակայն 1998էն ետք, երբ Հայաստանի իշխանութիւնները փոխուեցան, Թուրքիոյ համար կացութիւնը բոլորովին փոխուեցաւ, եւ ան սկսաւ երեք նախապայմաններու վրայ շեշտել հաւասարապէս:
Օսկանեան երեք նախապայմաններու ակնարկելով՝ ըսաւ, որ Արցախի վերաբերող նախապայմանը բոլորովին անհիմն է, նկատի ունենալով, որ այդ հարցը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ է:
Երկրորդ նախապայմանին առնչութեամբ, Հայաստան պէտք է ճանչնայ Թուրքիոյ սահմանները, Օսկանեան նշեց, թէ այդ մէկուն համար անհրաժեշտ է դիւանագիտական կապեր հաստատել, որպէսզի երկու կողմերը համաձայնին սահմանագիծերուն վրայ ու դադրին իրարու ներքին հարցերուն մէջ միջամուխ ըլլալէ:
Անդրադառնալով երրորդ նախապայմանին, որուն հիման վրայ Հայաստան պէտք է դադրի Թուրքիոյ կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջելէ եւ պէտք է առիթ տայ, որ պատմագէտներ որոշում կայացնեն այդ ուղղութեամբ, Օսկանեան նշեց, թէ ոչ թէ միայն հայ պատմագէտներ, այլ նաեւ մեծ թիւով օտար մասնագէտներ արդէն իսկ հաստատ նշած են իրենց դիրքորոշումը Հայկական Ցեղասպանութեան վերաբերեալ եւ գլխաւոր հարցը կը մնայ թուրք պատմագէտներու պարագան, նկատի ունենալով, որ թրքական քրէական օրէնսգիրքի թիւ 301 յօդուածի ներկայութեան կարելի չէ Հայկական Ցեղասպանութեան գծով արդար ու անաչառ ուսումնասիրութիւն կատարել Թուրքիոյ մէջ:
Օսկանեան հայեւթրքական յարաբերութիւններուն ակնարկելով՝ յայտարարեց, թէ Թուրքիա կը մերժէ Հայաստանի դիրքորոշումը ընդունիլ եւ կամ կը փորձէ սխալ մեկնաբանել այդ դիրքորոշումը:
«Մենք չենք նոյնացնում այսօրուայ Թուրքիո կառավարութիւնը եւ ժողովրդին Ցեղասպանութիւն գործած Օսմանեան կայսրութեան հետ: Եկէք մի պահ վերյիշենք անկախութիւնից ի վեր եւ այսօր դեռեւս առկայ մեր առաջ դրուած նրանց պահանջները:Առաջինը Ցեղասպանութեան ճանաչման խնդրից Հայաստանի եւ հայերի հրաժարուելն է: Վերջերս այս պահանջը ձեւակերպուել է համատեղ պատմական յանձնաժողով ստեղծելու առաջարկի տեսքով: Դրա նպատակն ակնյայտօրէն Ցեղասպանութեան փաստը կասկածի տակ դնելն է եւ գործընթացը անվերջ քննարկումների վերածելը: Ի°նչ պատմական յանձնաժողովի մասին է խօսքը: Ակնյայտ է՝ Թուրքիայից դուրս սա բոլորովին պատմական հարց չէ: Միայն Թուրքիայում է, որ պատմութիւնը կասկածի տակ է դրւում: Եթէ դեռեւս կան երկիրներ, որոնք պատրաստ չեն ճանաչելու Հայոց ցեղասպանութիւնը, դրա պատճառները քաղաքական եւ տնտեսական հետեւանքների մասին մտահոգութիւնն է, այլ ոչ թէ այն, որ նրանք կասկածի տակ են դնում Ցեղասպանութեան փաստը: Ես խնդիր չեմ տեսնում միջկառավարական յանձնաժողով ստեղծելու մէջ, որը կþաշխատի բաց սահմանները հատելով, բնականոն պայմաններում հանդիպելով եւ տարբեր, այդ թւում եւ պատմական խնդիրները քննարկելով: Բայց ոչ թէ Ցեղասպանութեան փաստը եւ պատմութիւնը կասկածի տակ դնելու, այլ պատմական խնդիրները միասին յաղթահարելու ուղիներ փնտռելու համար: Բայց այնպիսի յանձնաժողովի կամ ենթայանձնաժողովի ստեղծումը, որը պէտք է հետազօտի Ցեղասպանութեան խնդիրը, որպէսզի եզրակացնի, արդեօք տեղի ունեցածն իրօք Ցեղասպանութիւն էր թէ ոչ, պարզապէս անընդունելի է: Նրանց երկրորդ պահանջն է, որ Հայաստանն ու հայերը հրաժարուեն Թուրքիայից որեւէ տարածքային պահանջից: Սա ի վերջոյ կարող է դրսեւորել սահմանների փոխադարձ ճանաչման ձեւով, դիւանագիտական յարաբերութիւնների հաստատման արդիւնքում: Այս հանգամանքը ճշգրիտ գնահատելու համար, մենք պէտք է տարանջատենք պատմական եւ քաղաքական իրողութիւնները: Աշխարհն ընդունում է մեզ՝ Թուրքիոյ եւ Հայաստանին մեր այսօրուայ սահմաններով եւ դա քաղաքական իրողութիւն է: Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններ հաստատելու համար մենք պէտք է ճանաչենք Թուրքիոյ ներկայիս սահմաննեհո: Ի լրումն սեփական պատմութիւնը եւ պատասխանատուութիւնը հերքելուն, Թուրքիան հիմա էլ չարաշահում է Հայաստանի կառավարութեան բարի կամքի դրսեւորումը: Ես չեմ ուզում, որ մենք կասկածենք, որ Հայաստանի կառավարութիւնը անկեղծ էր Թուրքիայի յարաբերութիւնները կարգաւորելու ցանկութեան մէջ: Բայց այդ կամքի դրսեւորումից մինչեւ օրս իրավիճակն այնքան է փոխուել, այնքան շատ նախապայմաններ են առաջ քաշուել, որ ամբողջ գործընթացը անորոշութեան մէջ է»: աւելցուց Օսկանեան, որ իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարար, իր տասնամեայ ծառայութեան ընթացքին աւելի քան 150 միջազգային ակադեմական եւ խորհրդաժողովներու մէջ հանդէս եկած է, որպէս մարդկային ցեղի պատմութեան ակունքներուն մէջ արմատ ձգած հայ ժողովուրդի ներկայացուցիչ: Ան, իր այդ գործին մէջ նորաստեղծ պետականութեան այն գործօն օրկանը հանդիսացած է, որ հայոց պատմութիւնը իր հանգրուանային վերլուծութիւններով ու զարգացումներով, տեղադրած է համաշխարհային պատմութեան ընդհանուր պարունակին մէջ:
«Անաւարտ տասնամեակ» գիրքի ելոյթներուն ընդմէջէն յստակ կþերեւնայ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան զարգացումը, մօտեցումներու փոփոխութիւնը՝ այդ տասը տարիներու ընթացքին: Երկու ձեռնարկներուն ալ առիթ տրուեցաւ հարց-պատասխաններու եւ ապա տեղի ունեցաւ մակագրութիւն:
ԹՂԹԱԿԻՑ
Read Time:6 Minute, 3 Second