Լրահոս

ԼՈՒՐԵՐ ՊՐԻՒՔՍԷԼԷՆ.- Հ.Յ.Դ. ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ

 Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի Պրիւքսէլի գրասենեակին մէջ, Շաբաթ, Դեկտեմբեր 10, 2011-ին, տեղի ունեցաւ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբերու խորհրդաժողով-սեմինար մը, որուն ընթացքին արծարծուեցան եւ քննարկուեցան Հայ Դատի աշխատանքներու ոլորտն ու գալիք երկու տարիներու ծրագիրները: Իրենց մասնակցութիւնը բերին Ֆրանսայի, Հոլանտայի, Պելճիքայի, Անգլիոյ, Սպանիոյ, Պուլկարիոյ, Յունաստանի եւ Կիպրոսի Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի ներկայացուցիչներ, անդամներ եւ աշխատակիցներ:

Զեկուցաբերն էր Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի տնօրէն Կիրոյ Մանոյեան, Երեւանէն, եւ յատուկ հրաւէրով` Արցախի Հանրապետութեան Գերմանիոյ մէջ ներկայացուցիչ, Յարութիւն Գրիգորեան, որ ներկայացուց Գարմանիոյ մէջ իր աշխատանքը եւ ծրագիրները:

Արծարծուած եւ քննարկուած նիւթերն էին` Արցախի հակամարտութիւնը եւ Հանրապետութեան ճանաչման համար տարուելիք աշխատանքները, Հայաստան- Վրաստան յարաբերութիւնները եւ Ջաւախքահայութեան իրաւունքները, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններն ու արձանագրութիւններէն Հայաստանին վերջնականապէս դուրս գալու անհրաժեշտութիւնը: Յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձաւ Ցեղասպանութեան ճանաչումէն անդին անցնելով` աշխատանքը իրաւական հիմքերու վրայ դնելն ու հայ ժողովուրդի հատուցման հաւաքական հարցը հետապնդելը:

ԿԵՆԹ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՊՐԻՒՔՍԷԼԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԷՆ ՆԵՐՍ ԱՐՑԱԽԻ ՄԱՍԻՆ ԶՐՈՅՑ

Արցախի հիմնախնդրին նուիրուած “Պետութեան տարածքային ամբողջականութիւն եւ ազգի ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունք“ նիւթով կլոր սեղանի զրոյց մը իրականացաւ, դեկտեմբեր 9, 2011-ին, որուն յատուկ հրաւէրով մասնակցեցաւ Արցախի Հանրապետութեան Գերմանիոյ մէջ ներկայացուցիչ` Յարութիւն Գրիգորեան:

Միջազգային գիտութեանց դասախօս Մարաթ Թերթերով բացումը կատարեց, եւ նշեց զրոյցին կարեւորութիւնը, մատնանշելով նման ձեռնարկի մը աննախթաց ըլլալն ու կարեւորութիւնը: Ապա խօսքը տրուեցաւ Յարութիւն Գրիգորեանի, որ ներկայացուց Արցախի անկախութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի հիմունքները: Ան մանրամասն ձեւով ներկայացուց արցախահայութեան տարած պայքարը միջազգային ճանաչում ստանալու, ժողովրդավար պետութիւն մը կերտելու մէջ, եւ բանակցութեանց ներկայ գործընթացին մասին: Յաջորդեց հարց ու պատասխան եւ կարծիքներու փոխանակում ուսանողներուն եւ Արցախի ներկայացուցիչին միջեւ:

 

Նշենք, որ Յարութիւն Գրիգորեան ներկայիս Գերմանիոյ Փոցտամ համալսարանի իրաւաբանական բաժանմունքին աւարտաճառի դասընթացքներուն կը հետեւի` պաշտպանելով “ժողովուրդներու ինքնորոշումը ընդդէմ պետութեան հողային ամբողջականութեան“ նիւթը:

ԿԼՈՐ ՍԵՂԱՆ.- “ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ԱՆԼՈՅԾ ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ“

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2011-ին “Եւրոպական աշխարհաքաղաքական ֆորում“ի կազմակերպութեամբ, Քենթ համալսարանի Պրիւքսելի մասնաճիւղին մէջ տեղի ունեցաւ կլոր սեղանի քննարկում մը` “Հհարաւային Կովկասի անլոյծ հակամարտութիւններ. Եւրոպական եւ Եւրասիոյ համարկումի խնդիրներ“ նիւթով: Կլոր սեղանի քննարկումը տեղի ունեցաւ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակին հետ գործակցաբար:

Ներկայ էին Պելճիքայի մէջ Հ.Հ. դեսպան Աւետ Ատոնց, Ատրպէյճանի դեսպանատան աշխատակիցներ, Հայաստանէն, Վրաստանէն, Թուրքիայէն, եւրոպական միութեան հաստատութիւններէն, Պելճիքայէն, Ֆրանսայէն, Ռումանիայէն եւ Եւրոպայի այլ երկիրներէ, միջազգային կազմակերպութիւններէ, հաստատութիւններէ փորձագէտներ, մասնագէտներ եւ երեսփոխաններ: Հայ Դատի գրասենեակի աշխատակիցներուն կողքին, ներկայ էին նաեւ Իտալիոյ Թրիէսթէ համալսարանէն եւ “Հայաստանի եւրոպացի բարեկամներ“ու խորհրդատու` դոկտ. Սարգիս Ղազարեան եւ Հայաստանէն յատուկ հրաւէրով` Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի տնօրէն` Կիրօ Մանոյեան:

“Եւրոպական աշխարհաքաղաքական ֆորում“ի տնօրէն Մարաթ Թերթերով զրոյցներուն բացումը կատարեց եւ ըսաւ` թէ Կովկասի անլոյծ խնդիրները, հարաւային Օսեթիա, Աբխազիա եւ Լեռնային Ղարաբաղ իրենց ազդեցութիւնը կը ձգեն տարածաշրջանին վրայ եւ կը սպառնան Եւրոպական միութեան ուժանիւթային քաղաքականութեան անվտանգութեան եւ շրջանային ծրագիրներու իրագործման, եւ այս խնդիրներուն այլընտրանքային լուծում տալու, նոր ձեւեր եւ առաջարկներ գտնելու կը միտի սոյն հանդիպումը:

Ապա ողջոյնի խօսք առաւ Պելճիքայի մէջ Հ.Հ. դեսպան, Եւրոպական միութեան ՀՀ մշտական ներկայացուցիչ պրն. Աւետ Ատոնց, ներկայացնելով Հայաստանի պաշտօնական դիրքաւորումը: Ան նշեց, թէ հայերս խաղաղութիւն կ’ուզենք, սակայն Ատրպէյճանի դիրքաւորումները կը խոչընդոտեն զայն: Դեսպանը, ըստ նախատեսուածին, մեկնեցաւ եւ չմասնակցեցաւ քննարկումին:

Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի տնօրէն Կիրօ Մանոյեան իր խօսքին մէջ ի միջի այլոց նշեց, թէ հայկական կողմը հողերը ետ դարձնելով` “հատուցած“ պիտի ըլլայ Ատրպէյճանը պատերազմի մը համար, որ ան սկսած եւ պարտուած է: Մանոյեան նաեւ նշեց, թէ Արցախի Հանրապետութիւնը հիմա պէտք է մասնակցի բանակցութիւններուն եւ թէ, իսկական հասարակական երխօսութիւն պէտք է տեղի ունենայ:

Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի փոխ ատենապետ Գասպար Կարապետեան ըսաւ.- “թէ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներէն ոչինչ աւելի կը սպասուէր, քան նախորդ օրը իրենց արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութիւնները կրկնել: Նոր ձեւեր եւ լուծումներ չենք կրնար գտնել, եթէ հայկական հասարակութեան հետ Ատրպէյճանի պետութիւնն է, որ մշտապէս կը ներկայացուի, զանց առնելով երկրի հասարակութիւնը: Այս անգամ ալ ակնկալիքը այն էր, որ Ատրպէյճանէն փորձագէտ մը մասնակցի, բայց վերջին պահու խոչընդոտներ պատճառաբանելով, դարձեալ Ատրպէյճանի պետութեան ներկայացուցիչը փոխարինեց անոր“:

 

 

 

 

 

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button