ՀԱՄԵՍՏ ՃՈՐՃ ՄԸ` ՈՉ ՀԱՄԵՍՏ ՎԱՍՏԱԿՈՎ
…Եւ հիմա ստիպուած ենք Ճորճ-Գէորգ Աբէլեան մարդուն, գրողին, ուսուցիչին եւ պրպտող-ուսումնասիրողին մասին գրել այն տրամաբանութեամբ ու մօտեցումով, որ ան արդէն հեռացած է “անցաւոր“էն, ետին թողած բազմաճիւղ ու բազմայարկանի վաստակ մը, որ ստեղծուեցաւ շուրջ կէս դարու ընթացքին, օրէ օր, ամիսէ ամիս ու տարուէ տարի. իր մասին ալ հարկադրուած ենք մտածելու, ինչպէս ուրիշ շատ վաստակաւորներու` թէ մեկնումը անհաւատալի է, թէ` անոր կրնաս Այնճարի կամ Պէյրութի մէջ դարձեալ հանդիպիլ, զրուցել, բաժնեկից ըլլալ իր մեղմ ժպիտին, որոնումներէն ծնած վիշտերուն ու կարեւոր իրագործումներ կատարողի չծանուցուած հպարտանքին:
Ինք ալ, ուրիշներու պէս, հաւանաբար չանդրադարձաւ, անդրադառնալու ժամանակ իսկ չունեցաւ թէ տարիները ինչպէ՜ս սահեցան եւ տեղ մը կուտակուեցան իրարու վրայ անաղմուկ, համեստօրէն, յաճախ` զուգորդուած ժպիտով, ինչպէս էին “Ձիւնական“ին սիւնակները, նաեւ վիշտով ու դառնութեամբ, կսկիծով ու զայրոյթով, ինչպէս են ու պիտի մնան “Ցկեանս Նահատակութիւն“ զոյգ հատորներուն դրուագները:
Կեանքին ու գործին պարտադրած վազքը, հեւքը, ինչո՞ւ չէ` նաեւ լիբանանեան դառնացնող տասնամեակներուն “աւանդները“ եղան գլխաւոր պատճառները չանդրադառնալու այդ թաւալումներուն ու կուտակումներուն, որոնք իւրայատուկ չէին իրեն, ունեցած են եւ պիտի ունենան շա՜տ ճակատագրակիցներ. հեւքոտ աշխատանք` որ զինք կը պահէր մարաթոն վազողի թափին մէջ. եւ իրաւունք ունէր ինքնավստահօրէն ըսելու ինքն իրեն ու բարեկամներու, թէ ինքնակոչ առաքելութիւնը դեռ երկար պիտի շարունակէ, ունի կամքն ու կորովը սկսած երթը աւելի՛ արագ թափով շարունակելու, լոյս աշխարհ վերադարձնելու Ցեղասպանութեան հետեւանքով հայութեան վիճակուած այնպիսի ողբերգութիւններ (ու զանոնք բաշխելու նա՛եւ մեր ածուէն անդին), որոնք կ՛անցնին սպանդէն ու կողոպուտէն անդին, անոնց պէս ու թերեւս ալ աւելի՛ ահաւոր ոճիրներ են, կը կազմէն թուրք ցեղասպանէն հայութեան մնացող` լեռնացող մուրհակներուն շարքին:
Եւ հոգեկան ի՜նչ բաւարարութեամբ, նահատակներուն կտակին հաւատարմութեան ինչպիսի՛ կիրքով կլանուած էր այդ աշխատանքին մէջ, որ հաւանաբար բաժին ունեցաւ քանի մը ամիս առաջ արձանագրուած` առողջական վիճակին անակնկալ անկումին, զինք ի վերջոյ տարաւ այս կեանքէն անդին…
***
Ճորճ-Գէորգ Աբէլեանին հետ ծանօթութիւնս կու գայ 70ական տարիներէն, երբ ունէինք հասարակաց գիծ մը` ուսուցչութիւնը, ինչպէս նաեւ “հայկազեանական“ի կոչում: Քեսապցի երիտասարդը, որ “որդեգրուած“ էր այնճարցիներուն կողմէ ու դադրած էր “եապանճօ“ ըլլալէ, կեանքի ասպարէզին սկզբնական տարիները արդէն կերտած էր իբրեւ դաստիարակ, հայութիւն ներարկող ուսուցիչ: Մեր առաջին հանդիպումները առաւելաբար ձեւական էին, “բարեւ-Աստծու բարին“ մը, քանի մը նախադասութիւն` ուսուցչական իր փորձառութիւններէն, խանդավառող ու դառնացնող երեւոյթներու մասին, եւ` այդքան: Անոնք` որ ծանօթ են Ճորճին, վստահաբար զգացած են, որ անծանօթէն դէպի ծանօթութիւն փոխադրուելու համար, աներեւոյթ պատնէշը քիչ մը դժուար վար առնողներէն է, կարծէք թէ քիչ մը ամչկոտ, երկար չխօսող ու խօսքէն աւելի արարքին հետամտող: Տարիներ ետք, երբ արդէն աւելի մօտիկ կը զգայինք, նախկին “վերապահութենէն“ քող մը մնաց միշտ ալ, ու արտայայտութիւն գտաւ խօսակցական իր հանդարտ ոճով:
Մեզ իրարու մօտեցնողը` “Ազդակ“ն էր. 70ականներու վերջերո՞ւն, թէ՞ 80ականներու սկիզբը, “Ազդակի նկուղ“ին մէջ աշխատանքի օրերուս, Այնճարէն եկած ընկեր մը գիրուկ պահարան մը դրաւ սեղանիս վրայ: Մեքենագրեալ երկու կամ երեք յօդուածներ էին, վրան տեղ-տեղ գրիչով մանր յաւելումներով: Ձեռագիր երկտող մը կ՛ընկերանար գրութիւններուն (իր սակաւախօսութեան համապատասխանող քանի մը տող միայն). գրած էր, թէ կ՛ուզէ երգիծախառն գրութիւններ ղրկել “Ազդակ“ին, պիտի օգտագործէր “Ձիւնական“ ծածկանուն-գրչանունը, ներփակեալները` առաջին “նմոյշներ“ն էին:
Գործս ընդհատեցի ու կարդացի. քիչ մը երկարապատում թուեցան (երգիծանքին կարճ-կտրուկ ըլլալը կարեւոր արժանիք է), սակայն հաճելի էր ընթերցումը: Գրութիւնները փոխանցեցի յօդուածներու բաժինին պատասխանատուութիւնը վարող խմբագիր ընկերոջս, ներքնապէս ուրախ զգալով, որ Ճորճը զիս մարդու տեղ դրած էր ու գրութիւնը ինծի ղրկած (բանալով էջ մը, որ կը կոչուի մտերմութիւն), նաեւ վստահ ըլլալով, որ գրութիւնները շուտով լոյս պիտի տեսնէին: Եւ իսկապէս, “Ձիւնական“ը քանի մը օր ետք ճամբայ ելաւ, ու առաւելաբար քաղաքական երգիծանքի կալուածին մէջ մնալով, լիբանանեան, ազգային թէ միջազգային իրադարձութիններու, դէմքերու եւ երեւոյթներու մասին ժպիտ բաշխող հայելի մը մնաց աւելի քան 30 տարի, դարձաւ “Ազդակ“ի ընթերցողներուն փնտռուած սիւնակներէն, այլ փնտռուած հեղինակներու եւ յօդուածագիրներու շարքին:
“Ձիւնական“ը ուշագրաւ յաւելում մը եղաւ հեղինակի գրիչի վաստակին վրայ, որ նախապէս ի սպաս դրուած էր (յետոյ ալ ծառայեց) մեր այլ պարբերականներուն, եւ ուր այլապէս տեղ ունեցան յուշագրողը, վիպագիրը, պատմուածագիրը, թումանեանական զուարթախոհութիւն յիշեցնող գիծ մը արտայայտող մանկագիրը, իսկ վերջին տարիներուն` Ցեղասպանութեան լուսանցքայնացուած երեսները, շարունակուող լուռ ողբերգութիւններ գիտակցական կալուածի էջին մէջտեղը տեղադրող իր երախտարժան հատորները:
Վերջին աւելի քան տասը տարիներուն, Պէյրութ մէկ քանի այցելութիւններուս ընթացքին, պատահմունքը բարերար դեր ունեցաւ Ճորճին հետ հանդիպումներու իրականացման մէջ, բոլորն ալ “Ազդակ“ի յարկին տակ կամ “Շաղզոյեան“ շէնքի մուտքին: Եթէ այլ ընկերներու եւ բարեկամներու հետ հանդիպումները կ՛ըլլային բնական աղմուկով ու խանդավառ գիրկընդխառնումով, Ճորճին պարագային` կ՛ըլլային մտերմիկ քաղաքավարութեամբ, առանց անակնկալ հանդիպումէն բնականաբար բխելիք բացագանչութիւններուն: Այդ հանդիպումներուն թէ այլապէս` արդի միջոցներով նամակագրութեան ճամբով, համեստ հպարտութեամբ կը պատմէր, թէ ինչպիսի՛ նոր բաւիղներ սկսած է ոտնատակ ընել, կորուսեալ հայեր, կրօնափոխ դարձած վերապրողներ գտնելու եւ զանոնք հասարակութեան հասանելի դարձնելու համար: Անմար կիրքով կը հետապնդէր այդ հատորներուն այլ լեզուներու թարգմանութեան գործը, անոնց մէջ տեսնելով մեր Դատին ծառայութեան կաթիլներ, որոնք պէտք էր իրարու վրայ գումարուէին ու դառնային նաեը յառաջ տանող գետ-հոսանք: Ինքնակոչ բայց երախտարժան այդ առաքելութիւնն էր որ կլանեց իր վերջին աւելի քան տասը տարիներու կեանքն ու աշխատաքները, երբ ուսուցչութեան վաղուց հրաժեշտ տուած` գրենական պիտոյքներու եւ դպրոցական իրերու վաճառատուն մը կը բանեցնէր Այնճարի մուտքին, միաժամանակ իր ժամերէն ու օրերէն արդար բաժին հանելով աւանի հասարակական կեանքին` դաշնակցականի իր երդումին հաւատարմութեամբ, մեր մշակոյթին համազգայնականի աննիւթական տարազով:
***
Կարելի՞ է քանի մը սիւնակի մէջ ամփոփելի տասնամեակներու ստուար վաստակ մը: Պատասխանը միշտ ալ ոչ է:
Կարելի է Թէքէեանի մէկ խորհրդածութիւնը փոխ առնելով` հարց տալ. “Ի՞նչ մնաց, Ճորճին կեանքէն մեզի ի՞նչ մնաց“: Պատասխանը միայն այն չէ, թէ “ինչ որ տուի ուրիշին, տարօրինակ, այն միայն“: Ատիկա կայ, եւ անոր լաւագոյն վկաները հաւանաբար իրեն աշակերտած տղաքն ու աղջիկներն են, իր հարազատներն ու գործի եւ գաղափարի ընկերները: Ճորճէն` Ընկեր Ճորճէն իրեն բան չմնաց դժբախտաբար, սակայն իրմէ մեզի` ծանօթներուն, հարազատներուն ու մեր գիրի կալուածին կը մնայ ստուար ժառանգութիւն մը, որ իրեն պէս համեստ չէ: Քեսապի, Այնճարի կեանքը, ֆոլքլորը յաւերժացնող էջերուն կողքին, ու անոնցմէ անդին, Ճորճէն կը մնայ մեր Դատի մէկ առանձնակի կալուածին մէջ իր արձանագրած նուաճումին, ընդարձակած ճամբուն ժառանգութիւնը, որ նաեւ պերճախօս պատգամ է հայահաւաքումի ու ոճրային անցեալի բացայայտումի առումով:
Անշուշտ կը մնայ նաեւ բարի յիշատակը, փոքր ժպիտը եւ մեր ժողովուրդէն քաղուած ու աշակերտներուն, գործի ընկերներուն վերադարձուած շունչն ու ոգին, որոնք գերադիրներու պէտք չունին, ինչպէս որ գերադիրներու պէտք չունի իր վաստակին արժեւորումը:
Ս. ՄԱՀՍԵՐԷՃԵԱՆ