Ցաւակցագիր

Հ.Յ.Դ. Բիւրոն խոր վիշտով կը գուժէ սիրելի ընկեր Մասիս Ալեքսանտրեանի մահը։ Մեր խորին վշտակցութիւնը կը յայտնենք հանգուցեալի հարազատներուն, ընկերներուն եւ մտերիմներուն՝ կիսելով անոնց կորուստի ծանր ցաւը։
Արժեւորելով սիրելի ընկերոջ անցած ուղին եւ ունեցած վաստակը՝ կը նշենք, որ Մասիս Ալեքսանտրեան 1962 թուականէն միացած է Հ․Յ․Դ․ շարքերը։ Համալսարանական կրթութիւն ստանալով Անգլիոյ մէջ, ան Լիբանանի մէջ պաշտօնավարած է «Ernst & Young» միջազգային ընկերութեան մէջ։ Տարիներ շարունակ ծառայած է Լիբանանի պետական իշխանութեան մարմիններուն մէջ եւ գործունէութիւն ծաւալած է Լիբանանի Հ․Յ․Դ․ Կեդրոնական Կոմիտէին կից մարմիններուն մէջ։
Երկար տարիներ մաս կազմած է ԱՌԻ (Արցախ ռուց ինվեսթմընթ) վարչութեան՝ մասնաւորապէս իր ջանքերը ներդնելով Բերձորի մէջ 50 բնակելի տուներու կառուցման գործին։ Ընկ. Մասիս Ալեքսանտրեան եղած է նաեւ Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի Տնտեսական Յանձնախումբի, ինչպէս նաեւ «Համազգային»-ի Հիմնադրամներու մարմինի անդամ։
Մասիս Ալեքսանտրեան ընկերոջ եւ ազգային-կուսակցական նուիրեալ գործչի անունն ու գործը պիտի մնան մեր յիշողութեան մէջ՝ երախտագիտութեան, ցաւի եւ սիրոյ անմոռանալի զգացումով։
Յիշատակը վառ մնայ, եւ թող Աստուած լուսաւորէ մեր գաղափարական ընկերոջ հոգին։
ՀՅԴ Բիւրօ
26 Դեկտեմբեր 2025

