Յօդուածներ

Ցեղասպանութեան Ճանաչման Շարունակութիւնը Երանելի՝ Իգնատիոս Մալոյեանի Սրբադասումով

 

Փրոֆ Արա Սայեղ

Վատիկանի մէջ,  հոկտեմբերեան արեւոտ կիրակի մըն էր՝ 19 հոկտեմբեր 2025-ը: Հռոմի սուրբ Պետրոս տաճարին հրապարակի մայր մուտքին վերեւ մեր դիմաց կը ցցուէին սրբադասուող եօթը երանելիներուն նկարները՝ «Մարտին» քաղաքի հայ կաթողիկէ Առաջնորդ եւ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակ զոհերէն Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի (8 ապրիլ 1869 – 11 յունիս 1915) նկարը գրաւած էր կեդրոնական դիրքը։ Սրբադասումի վեհապանծ պատարագի արարողութեան ներկայ էին հաւատացեալներու ծովածաւալ բազմութիւն մը։ Ուղիղ եթերով որպէս «Յոյսի ուխտաւորներ» միասնաբար վկաները դարձանք Մալոյեանի սրբադասման պատմական արարողութեան, հաղորդակից եղանք այդ սուրբերուն նուիրուած համաքրիստոնէական ստուար ընտանիքի շրջադարձային երախտաշատ հոգեւոր տօնահաւաքին։

Երանելի Իգնատիոս Արք. Մալոյեան՝ քրիստոնէական իր հաւատքին զոհաբերութեամբ, դարձաւ խօսուն խորհրդանիշը, ցեղասպանուած ազգին միջազգային սրբադասուած աշտանակը՝ միլիոնաւոր հայերու գոյութենական սպանդին եւ մահախուճապ տեղահանութեան, հայ ժո­ղո­վուրդի համակարգուած բնաջնջման մե­ծա­գոյն ո­ճի­րին:

Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի սրբադասումի պատմութիւնը սկսած էր քառորդ դար առաջ, երբ  հայասէր Յովհաննէս-Պօղոս Բ․ Լեհ Պապը (18.05.1920 – 2.04.2005), Իգնատիոս Մալոյեանը ցեղասպանութեան «երանելի նահատակ» հռչակած էր 7 հոկտեմբեր 2001-ին, Հայաստանի քրիստոնէացման 1700-ամեակին առիթով, ապա գործընթացը անցնելով ծիրանաւորներու օրինակարգուած քննարկումներու ընթացակարգէն, Հռոմի ընդհանրական եկեղեցւոյ կողմէ 31 մարտ 2025 թուին սրբադասման վճռորոշ հաստատումի հրովարտակը վաւերացուցած էր երջանկայիշատակ Ֆրանչիսկոս Պապը (17.12.1936 – 31.04.2025), իսկ պաշտօնական  սրբադասումը իրականացաւ Լեւոն ԺԴ Պապի ձեռամբ կիրակի 19.10.2025 թուին, ՀՀ վարչապետի, զանազան երկիրներու կրօնական թէ աշխարհիկ ղեկավարներու, բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու եւ հազարաւոր օտարազգի թէ հայ հիւրերու  մասնակցութեամբ։ Հռոմի ընդհանրական եկեղեցւոյ երեք պապերու երախտիքը վայելող սրբադասման այս իրադարձութիւնը առանձնայատուկ իմաստ ստացաւ իր ժամանակացոյցով, որ զուգադիպեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակին։ Միթէ՞ Հռոմի երեք պապերու անմիջական հովանաւորութիւնը վայելող Իգնատիոս Մալոյեանի սրբադասումը Հայոց ցեղասպանութեան կրկնակի ճանաչումի շարունակութիւնը չէ:

Միջազգային եւ համահայկական հնչեղութեամբ հայանպաստ այս իրադարձութիւնը մեծ շուքով, ակնածանքով ու հետաքրքրութեամբ ընկալուեցաւ։  Նահատակ հայ հոգեւորականի մը սրբադասումը ամէն բանէ առաջ կարողացած էր համատեղել հայ ԲՈԼՈՐ շրջանակները անկախ անոնց գաղափարախօսական, ընկերային, դաւանական եւ այլ ընկալումներու զանազանութիւններէն՝ Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ։   Ստուգապէս ողջունելի էր օտար եւ հայ ԲՈԼՈՐ շրջանակներու կողմէ, մանաւանդ որ միատեղուած են ազգային, ինքնութեան ու քրիստոնէական հաւատքի առանցքային ցուցանիշներու պարունակութիւնը։

Երանելի Մալոյեանի սրբադասումով, միջազգային հաւաքական գիտակցութիւնը կրկին անգամ հարկադրաբար հրաւիրուեցաւ թարմացնելու Հայոց ցեղասպանութեան անժխտելի իրականութիւնը, ի հարկին  անդրադառնալու հայ ազգի գողգոթայի հաւաքական նահատակութեան, պատմական ծալքերու վկայակոչումին,  յականէ յանուանէ յիշատակումին, դարաններէն դուրս հանուեցան երբեմնի մոռցուած բազմալեզու արխիւներ, վաղեմի վկայագրումներ, օրագրութիւններ եւ այլ պատմական հաւաքածոներ։

Վաւերական մասունքներ լոյս աշխարհ բերելու եւ թարգմանելու ջանքերը կը շարունակուին՝ Հայոց ցեղասպանութեան մոռցուած թուացող յուշերու փշրանքները յայտնաբերելու, նոր պատառիկներ պեղելու, այլազան պրպտումներ եւ քննարկումներ կատարելու, որոնք Հայոց ցեղասպանագիտութեան համար պեղումի նոր բարունակ մը կը խոստանան։ Երանելի Մալոյեանի սրբադասումը այդ բոլորի հաւաստիքն է, արժանահաւատ ապացոյցը։

Ոչ ոք կ՛անգիտանայ թէ հայ կաթողիկէ հասարակութիւնը, ինչպէս ամբողջ հայ ազգը տասանորդուած էր, իր արիւնի տուրքը վճարած էր Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով։ Ըստ բռնակալ թուրքին՝ 1915 թուի ցեղասպանական քաղաքականութիւնը անխտիր էր՝ սպիտակ թէ ցորենագոյն հայու հանդէպ, զանազանութենէ հեռու էր՝ առաքելական, աւետարանական թէ կաթողիկէ դաւանական տարբերութիւնը։ Ի շարս Երանելի Մալոյեանի, նախածրագրուած սարսռազդեցիկ ոճիրին զոհը դարձած են հայ կաթողիկէ նուիրապետութեան 187 նահատակներ` 11 արքեպիսկոպոսներ եւ եպիսկոպոսներ, 108 ծայրագոյն վարդապետներ եւ վարդապետներ, 7 Մխիթարեան, 2 Յիսուսեան, 1 Անտոնեան միաբանութեանց հայրեր եւ 58 միանձնուհիներ եւ տասնեակ մը նորընծաներ, որոնք իրենց կեանքով՝ հաւատքի եւ Հայ ժողովուրդի պատկանելիութեան համար ուխտեալ մարտիրոսներ հանդիսացան անմարդկային սրտաճմլիկ ոճիրներուն, Հայոց մեծագոյն ցեղասպանութեան։ Երկնային նախախնամութիւն էր, որ մարտիրոսացած բոլոր հայ սուրբ հոգեւորականներուն ներկայացուցիչ սուրբը եւ միջազգային դրօշակիրը  դառնայ այսօր երանելի Մալոյեան։

Պարտք է ակնարկել, որ վերջին ամիսներուն օտար մամուլը ընդհանրապէս եւ հայ մամուլը մասնաւորապէս բազմաշերտ բովանդակութիւններով՝ պատմական, հոգեշունչ յօդուածներով, կրօնաբարոյական սեւեռումներով առատ մելան հոսեցուցին։ Բովանդակութիւնները կարելի է ամփոփել՝ սուրբի կենսագրական մանրամասնութիւնները ծանօթացնող, բարեպաշտութիւնը բարձրաբանող, հաւատահաստատութիւնը պանծացնող, վարքագրական եւ կրօնա-ընկերային ծառայութիւնները օրհնաբանող, նամակագրութիւններ յայտնաբերող եւ այլ բնոյթի գրութիւններով։ Կային նաեւ փաստավաւերագրական պեղումներ, չէին պակսեր նոյնիսկ  հարցադրումներ՝ ո՞վ է սուրբը, ի՞նչ է սրբութիւնը եւ ինչո՞ւ յատկապէս Մալոյեան սրբութեան արժանացաւ, պարտադի՞ր է սուրբին հրաշք գործելը, որ իր բարեխօսութիւնը հայցենք եւ այլն։

Հնարաւոր է, Երանելի Մալոյեանի մասին կուտակուած նիւթեր գտնուին հայ թէ օտար մամուլի անցեալի պահեստանոցներուն մէջ, որոնք կարիք ունին յայտնաբերուելու եւ լոյս աշխարհ տարածելու: Բայց ցայսօր, որքան որ ծանօթ ենք, մշակուած չէ կամ չէ համալրուած Մալոյեանական ամբողջական մատենագիտութիւնը։ Կանխատեսելի է, որ այդ հրատարակութիւններու շարքը ընդարձակուի, համալրուի նորայայտ շերտերով՝ լուսարձակի տակ բերելով ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին, յիշուած վայրերու, անձնաւորութիւններու պատմական մանրամասնութիւնները եւ այլն։

«Կանչ Հրեշտակապետին» տարեգիրքը

Լիբանանի Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան տարեգրութեան մէջ 2025 թուականը աննախադէպ էր, ճիշդ է Մալոյեանի սրբադասման տարին էր։ Մալոյեանի հետ սրբադասման զուգահեռ՝ եռահիւս խորհուրդ մը կը պարունակէ, ագուցուած հոգեմտաւոր մտերմութիւններ ունի՝

– 2025 թուականը Զմմառու ազգաշահ պատմական կրթօճախին 275-ամեակն է։ 1750 թուականին հիմնադրուած Զմմառու հոգեւոր թարփնոցին մէջ թրծուած էր հոգեւորական Մալոյեանը, Զմմառու կրթօճախին մէջ պատրաստուած եւ կոփուած է անձուրաց սուրբին մտածողութիւնը, Զմմառու սրբասնունդ ծոցէն սաղմնաւորուած է հոգեմտաւոր պաշարի տէր Մալոյեանի անհատականութիւնը։

– 2025 տարին Զմմառու Ցաւագին Տիրամօր մատրան հիմնադրութեան 85-ամեակն է։ Հրաշագործ Տիրամայրը՝ խստասրտութիւնները կակուղցնող, Աստուածամերձ իր հոգածու հովանիին տակ գործող սուրբ Միքայէլ նորընծայարանը կը պարսպէ։

– Զմմառու սուրբ Միքայէլ նորընծայարանի մէջ կը պատրաստուին ապագայի հայ կաթողիկէ հոգեւորականները, ազգի առաջնորդները, մշակոյթի նուիրեալները։

– Զմմառու Ցաւագին Տիրամօր վանքը, հայ մարդուն համար անդորրաւէտ ովասիս մըն է, հրաշագործ ուխտավայր մը, հարուստ պատմարժէք ձեռագրերով, հազարաւոր հատորներով մատենադարան մը, հնութեան թանգարան մը, հնագեղ ճարտարապետութեան օրինակ մը լիբանանահայութեան դարաւոր ներկայութեան վկայարան մը:

– 2025 թուականին Զմմառու հոգեմտաւոր կրթօճախի, ազգային եւ մշակութային այս կառոյցէն հրատարակուող ու դպրեվանքի դիմագիծը հանդիսացող Զմմառեան միաբանութեան սուրբ Միքայէլ ընծայարանի «Կանչ Հրեշտակապետին» տարեգիրքը կը բոլորէր իր 45-ամեակը՝ հրատարակելով 26 տարեգիրք։ Հակառակ ժամանակակից սփիւռքահայ մամուլին սպառնացող իրավիճակին, 8 նոյեմբեր 1980-էն ի վեր «Կանչ Հրեշտակապետին» աշխատակազմը կը փորձէ իր կոչումին հաւատարիմ մնալ․ ընդհատումներով հանդերձ կը շարունակէ իր հրատարակչական առաքելութիւնը։ Արժանի է, որ սրբադասման նշանակալից այս պատմական առիթով կրթօճախի տեսչութիւնը 2025 տարուայ թիւ 26 տարեգիրքը ձօնած է՝ ժառանգաւորաց պաշտպան, նորահռչակ սուրբ Ի․ Մալոյեանին։

Բայց ուշադի՜ր, կարելի չէ այս բոլոր իրադարձութիւններուն դիմաց աննկատ մնալ։ Այսօր համակարգիչիս մէջ կը կարդամ «Կանչ Հրեշտակապետին» տարեգիրքին թիւ 26-ի բովանդակութեան թուայնացած տարբերակը, հրապարակուած 8 նոյեմբեր 2025-ին, որ նուիրուած է Մալոյեան սուրբին։ Շահեկան խորհուրդ ունին հոն տեղ գտած ընծայարանի մատղաշ հոգեւորականներու գրութիւնները, պարտաւորեցնող այս առիթին դիմաց կարելի չէր վերապահ մնալ ու չարձագանգել։ Մալոյեանի նուիրուած տարեգիրքը յանձնառութիւն մը դրդեց, համառօտ ակնարկ մը նետելու, սեղմ հայեացք մը ընծայելու սփիւռքահայ մամուլի մէկ վերնագիրը հանդիսացող «Կանչ Հրեշտակապետին»։ Տարիներու ընթացքին անոր խմբագրութիւնը ստանձնած են` Յովսէփ վրդ․ Քէլէկեան (1980-1989), Գէորգ վրդ․ Խազումեան 1997, Նարեկ վրդ․ Լուիսեան (1999-2000), Սարգիս Նաճարեան (2002-2005)։ Հրատարակուած 26 թիւերուն 13-ը լոյս տեսած են ներկայի խմբագիր՝ հալէպահայ Սօսէ Խորէնի Փիլաւճեանի նուիրական հետեւողութեամբ, որ խմբագրի սպառիչ գործը ստանձնած է 2006-էն։

Սօսէ Փիլաւճեան բարձագոյն կրթութիւնը աւարտած է Երեւանի Խաչատուր Աբովեանի անուան պետական մանկավարժական համալսարանի ժուռնալիստկական բաժանմունքէն 2000-թուին,  դառնալով միջազգային լրագրող։ Հայ մամուլի մէջ իր ստորագրած բազմատասնեակ յօդուածներուն կողքին, 2008-էն ցարդ` Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան` Ս. Միքայէլ ընծայարանի եւ Ս. Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի Հայոց լեզուի եւ գրականութեան դասատուն է, համանուն կրթօճախի տեղեկատուական գրասենեակի խմբագիրը։ Ան խմբագրած է նաեւ դպրեվանքի 50-ամեայ յոբելեանի նուիրուած Յուշամատեանը՝ հրատարակուած 2013 թուին։ 3 Մարտ 2014-ին, ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ իրեն շնորհուած է «Մայրենիի Դեսպան» մետալը։ Սօսէի դաստիարակչական առաքելութիւնը, սկսած էր Հալէպի Ազգային Սահակեանէն, անցած էր Քարէն Եփփէ ճեմարանէն հասնելու Հալէպի Զմմառեան միաբանութեան դպրեվանքի մասնաճիւղը։ Սօսէ Փիլաւճեանի կրթական ու խմբագրական փորձառութեան արգասիքը այսօր կը կատարելագործուի Զմմառի մէջ։ Երկու տասնամեակներէ ի վեր դպրեվանքի «Կանչ Հրեշտակապետին» տարեգիրքին խմ­բագ­րա­կան գոր­ծի սպա­ռիչ հոգատարութիւնը Սօսէն կը շարունակէ տանիլ համբերատարութեամբ, առկայծ պահելով եւ գօտեպնդելով նորընծաները՝ հայ գիր ու գրականութեան հանդէպ, ազգային մշակութային ծիլեր սերմանելով նորահասակներու դալար հոգիներուն ակօսներուն մէջ։

Յատկանշական եւ ուսուցանող խորհուրդ մը ունի «Կանչ Հրեշտակապետին»-ի վերջին տարիներու Ս․ Փիլաւճեանի խմբագրած իւրաքանչիւր թիւի բովանդակութիւնը։ Խմբագիրը այդ թիւերը ձօնած է յիշատակի մը, անունի մը, երեւոյթի մը, ինչպէս՝ ծիրանաւոր Գրիգոր Պետրոս ԺԵ Աղաճանեան, Փոխման սուրբ կոյսին, մայրավանքի հիմնադրութեան 275-ամեակին եւ այլն։

Նշանակալից խորհուրդ մը ունի 2018 թուի տարեգիրքը, որ նուիրուած է 18-րդ դարու երկրորդ կիսուն հնդկաստանի Մատրասէն մինչեւ Զմմառու վանքը կամարող հայազգի պատուաբեր բարերարին՝ Միքայէլ աղա Յովհան Բաբումեանի ազգաշէն նուիրատւութեան, որ դոյզն անգամ չէ վարանած իր ունեցուածքին վիթխարի բաժինը նուիրելու Զմմառու դպրեվանքի վերելքին եւ բարգավաճման։ Առ ի երախտագիտութիւն անձնուրաց՝ Միքայէլին հայորդի բարերարին անունով կոչուած է Զմմառու դպրեվանքը, զայն յանձնելով սուրբ Միքայէլ հրեշտակապետի բարեխօսութեան։

Սուրբ Մալոյեանի խնկելի մասունքներէն հոգեւոր ճրագի լոյսը մը կը բոցավառի Զմմառէն, անմար յոյսերու կանչ մը վեր կը սլանայ։ Միքայէլ աղա Յովհան Բաբումեաններու գորովալից ու հայրախնամ նուիրատւութեամբ,  հայակերտման հեռանկարներով իրականացուող հոգեմտաւոր ջանքերը, անձնուէր զոհողութիւնները անպայմանօրէն Զմմառու ամրոցէն նոր խորհուրդով ազգաշէն էջեր պիտի կենսաւորուին, հոգեղէն ուղեւորութեան փառահեղ երթ մը խոստանալով։

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button