ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Շաբաթ, Փետրուար 28-ին, Հ․Ե․Դ․-ի «Անի» մասնաճիւղը կազմակերպեց բողոքի հաւաք մը, Ատրպէյճանի դեսպանատան առջեւ՝ նշելով Սումկայիթի, Պաքուի, Կիրովապատի եւ Մարաղայի փոկրոմները:
Երիտասարդները պահանջեցին արդարութիւն՝ 1988-ի ջարդերուն, արցախահայութեան վերադարձն ու հայ գերիներու անմիջական ազատ արձակումը։
Խօսք առնողները շեշտեցին Ատրպէյճանի շարունակական բռնութեան եւ ժխտողականութեան ձեւաչափը՝ հայ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումէն մինչեւ գրաւուած տարածքներ:
Կալի Չաքմաքճեան կատարեց բացումը, անդրադառնալով Իրանի ճգնաժամին եւ Ատրպէյճանի վտանգին։ Արենի Համբարեան փոխանցեց օրուան պատգամը (կարդալ ամբողջութեամբ․- https://hairenikweekly.com/%d5%a9%d5%b8%d5%b2-%d5%b4%d5%a5%d6%80-%d5%b7%d5%b8%d6%82%d5%b6%d5%b9%d5%a8-%d5%a1%d6%80%d5%b1%d5%a1%d5%a3%d5%a1%d5%b6%d5%a3%d5%a7-%d5%af%d5%a8-%d5%b5%d5%ab%d5%b7%d5%a5%d5%b6%d6%84-%d5%a5/)։
Ալեք Թէքեան դատապարտեց Ատրպէյճանի շարունակական բռնութիւնն ու ժխտողականութիւնը: Արփա Շահնազարեան շեշտեց արդարութեան պահանջի անհրաժեշտութիւնը՝ Արցախէն բռնագաղթուածներուն համար:
Թերեզա Երիմեան (Հայ Դատ) կոչ յղեց գործի լծուիլ եւ բողոքել, արդարութիւն պահանջել եւ ըստ այնմ քուէարկել:
Ցուցարարները անգամ մը եւս, պահանջեցին հայ գերիներու ազատ արձակումը, արցախահայութեան վերադարձն ու մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման աւարտը:
Աւարտին, աղօթեց շրջանի հովիւ՝ արժ․ Տ․ Սարգիս Ա․ քհն․ Ագթաւուգեան
Մանրամասներու համար այցելել՝ anca.org/action

