ԱզգայինԳլխաւորԼրահոս

Ֆիլատելֆիոյ Մէջ «Համազգային» Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի  Երաժշտական Փառատօն

 

«Համազգային»ի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Շրջանային վարչութեան կազմակերպած աննախընթաց հայ երաժշտական Փառատօնը տեղի ունեցաւ Յունիս 19-21-ին Ֆիլատելֆիոյ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ մասնակցութեամբ վաստակաշատ երաժիշտներ` Զաքար Քէշիշեանի, Սեւակ Աւանեսեանի, Հրաչեայ Աւանեսեանի եւ Սերուժ Գրաճեանի, ինչպէս նաեւ 20 մասնակից երեխաներու եւ պատանիներու։

Փառատօնին նպատակն էր հայ երաժշտութիւնն ու երաժշտական գործիքները ծանօթացնել կրտսեր երաժիշտ – մասնակիցներուն, անոնց առիթ տալ հայ երաժշտութիւն նուագելու վաստակաշատ արուեստագէտներու կողքին այսպիսով ներշնչուելով եւ կապուելով Հայ երաժշտութեան ու մշակոյթին։  Նպատակն էր նաեւ գաղութը համախմբել «Համազգային»-ի եւ հայ մշակոյթին շուրջ։

«Համազգային»-ի առաքելութիւնն է պահպանել, զարգացնել ու տարածել հայ մշակոյթը եւ կրթութիւնը՝ Հայաստանի ու համայն հայութեան գոյատեւման համար, ։

Այսօր երբ Հայաստանն ու Հայ ազգը աւելի քան երբեք կը գտնուին ճգնաժամային վիճակի մէջ, արմատներու կառչիլն ու խորքային դաստիարակութիւնը առիթ կու տան գօտեպնդուելու, ամրանալու ու պատրաստ ըլլալու յառաջիկայ պատեհ առիթէն օգտուելու։

Երեք օրերու ընթացքին, խանդավառ հայ երաժշտութեան թրթռացումով լեցուն էին Սուրբ Գրիգոր լուսաւորիչ եկեղեցւոյ սրահներն ու կիրակնօրեայ դպրոցի դասարանները։

Եօթը տարեկանէն մինչեւ 15 տարեկան, ամբողջովին հայերէն լեզուին տիրապետող թէ ոչ, սկսնակ թէ աւելի յառաջացած երաժշտական փորձով, մեր կրտսեր երաժիշտները շաղկապուեցան հայ երաժշտութեան կշռոյթով։

Իսկ բանալին՝ մեր վաստակաւոր երաժիշտներն էին, որոնք այլ յանձնառութիւններ մէկ կողմ դրած, հաւատալով մեր առաքելութեան, ընդառաջեցին մեր հրաւէրին եւ ուս ուսի դրած մեր երեխաներուն հետ բաժնեցին իրենց տաղանդն ու փորձառութիւնը։ Օժտեցին զանոնք յոյսով ու ներշնչումով թէ ամէն բան կարելի է հաւատքով, նուիրումով ու աշխատանքով։

Փառատօնի աշխատանոցներու աւարտին հայ երգն ու հայ հոգին թափանցեցին մեր երեխաներու էութեան մէջ:

Շուիի ձայնը տիրապետեց մթնոլորտին։ Հայաստանի մէջ ծիրանենիի տախտակէ, այս առիթին համար յատուկ պատրաստուած գործիքներուն խառնուած մեր երեխաներուն շունչը վկայ է, որ Հայ մշակոյթը անբաժան է Հայ կեանքէն եւ Հայը, հայրենիքէն։

Համերգապատում

Ուրբաթ Յունիս 20-ի   համերգապատումի ընթացքին, Զաքար Քէշիշեան ( շուի ու տուտուկ), Սեւակ Աւանեսեան (թաւջութակ), Հրաչեայ Աւանեսեան (ջութակ) եւ Սերուժ Գրաճեան (դաշնամուր)  ներկաներուն հրամցուցին փունջ մը ստեղծագործութիւններ, որոնք յուզումով ու սքանչութեամբ լեցուցին հանդիսատեսներուն հոգիները։ Երաժշտական կտորները, այս առիթով յատուկ մշակուած էին Արմէնուհի Կարապետեանի կողմէ։

Շուին ու տուտուկը, դաշնամուրին, ջութակին եւ թաւջութակին հետ միասին կարծէք կը ներկայացնէին հայութեան համայնապատկերը։ Արեւելքի եւ արեւմուտքի միջեւ, արուեստի ու մշակոյթի օրրան։

Կոմիտասեան մեղեդիներուն ընկերացան Էտուարդ Պաղտասարեանի Նոքթիւրնը, Կատարողութեամբ Սերուժ Գրաճեանի(դաշնակ)  եւ Հրաչեայ Աւանեսեանի (ջութակ) որուն յաջորդեց Եորկ Ֆիլիփ Հէնտըլի «Փասաքալիա»-ն, կատարողութեամբ Հրաչեայ Աւանեսեանի եւ Սեւակ Աւանեսեանի։

Յայտագրին մաս կազմեցին նաեւ Արմէնուհի Կարապետեանի Մախմուր աղջիկ (Շուի, ջութակ, թաւջութակ եւ դաշնամուր), Գրիգոր Հախինեանի «Ինթերմեցօ»-ն եւ Խաչատուր Աւետեսեանի «Տաղ Յայտնութեան» կատարումները շուիով եւ դաշնակով։

Ազնաւուրեան երգաշարը, Սերուժի մշակումով ու կատարողութեամբ մեծ խանդավառութեամբ ու ծափերով ընդունուեցաւ ներկաներու կողմէ։

Իսկ վերջին կտորը, Խաչատուր Աւետիսեանի «Յուշեր»-ը, համերգի վերջինը չեղաւ։ Բոլորը ծարաւ աւելին խնդրեցին եւ ծափերուն միացաւ Արամ Խաչատուրեանի Սուրերու Պարի կշռոյթը։

Ընդհանուր Համերգ եւ Բակում

Շաբաթ 21 Յունիս Կէսօրէ ետք համերգին բացումը կատարեցին մասնակից երեխաները որոնք երկու կարճ օրերու ընթացքին սորված էին Շուի նուագել, երեք նոր երգեր եւ խմբային նուագ, շնորհիւ խմբավար Զաքար Քէշիշեանի եւ երաժիշտներու հանճարեղ կարողութիւններուն եւ ճիգերուն։

Այս երկրորդ Համերգին Առաջին երգը, Ժառանգներն ենք Արցախի երգն էր խօսք՝ Ս. Մուրատեանի եւ երաժշտութիւն Գ. Չթճեանի. «Մեր պապերին նմանուենք, նրանց պէս արի լինենք, Արցախը մեր հայրենի նախշուն ու դալար դարձնենք։ Մեսրոպեան հայոց տառը պահպանենք, սերունդէ սերունդ դարէ դար տանենք…»

Արցախը մեր հոգիներուն մէջ համերգը ընթացք առաւ։ Փոքր երաժշտական խմբակներով ջութակներ, դաշնամուր, թաւջութակ, վաստակաշատ երաժիշտները համեստաբար նուագեցին մեր ամենակրտսեր ու անփորձ  երաժիշտներու կողքին ու պարգեւեցին  մեզի համերգ, որ հանդիսատես մը դասեց «Նիւ Եորքի հանրածանօթ Քարնըկի սրահի համերգի համարժէք համերգ»։

Շատ տպաւորիչ եւ բացառիկ էր Առնօ Պապաճանեանի «Եռեակ»-ը կատարողութեամբ Սերուժի, Սեւակի եւ Հրաչեայի։Իսկ աւարտին, բոլոր մասնակիցներն ու երաժիշտները միասին ներկայացուցին Հայ Հոգի երգը խօսք՝ Մ. Իշխանի, Երաժշտութիւն Ա. Կարապետեանի։

Երգչախումբը, նուագախումբն ու ամբողջ սրահը միասին երգեցին՝

 

Հայու հոգին հայու հոգին

Պիտի ապրի միշտ դարէ դար

Հայու հոգին հայու հոգին

Պիտի ճախրէ միշտ դարէ դար

Հայու հոգին հայու հոգին

Պիտի երգէ միշտ դարէ դար

Հայու հոգին պիտի սփռէ

Օրհնութիւն եւ Սէր

Աւարտին մասնակիցները ստացան «Համազգային»-ի կրծքանշան եւ մասնակցութեան յուշանուէր, որմէ ետք բաժնուեցան արդէն հարց տալով թէ յաջորդ տարին ո՞ւր տեղի պիտի ունենայ այս փառատօնը։

«Համազգային»-ի Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան շրջանային վարչութիւնը սրտագին շնորհակալութիւն կը յայտնէ կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներուն, «Համազգային»ի Ֆիլատէլֆիոյ մասնաճիւղի վարչութեան, վաստակաշատ երաժիշտներուն, մասնակիցներու ծնողներուն, մասնակիցներուն ու բոլոր անոնց որոնք նիւթապէս թէ բարոյապէս այս ձեռնարկի յաջողութեամբ պսակուելուն մասնակից դարձան։

Համերգներու տեսերիզները կարելի է տեսնել “Համազգային»ի Youtube ի ալիքին վրայ @hamazkayincentral  եւ դիմատետրի վրայ https://www.facebook.com/hamazkayineasternusa

Մօտ օրէն պիտի յայտարարուի 2026-ի Հայ Երաժշտական Փառատօնի թուականը։

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button