Ե-«ՀԱՅՐԵՆԻՔ»-ԷՆ՝ ՑՏԵՍՈՒԹԻՒՆ ԹՈՒՂԹԻՆ…
«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական
«Ժամանակին հետ կը մեկնի, ամէն բան կը մեկնի
Կը մոռնանք դէմքը եւ կը մոռնանք ձայնը»
Լէօ Ֆեռէ (1916 – 1993, ֆրանսացի հանրածանօթ երգիչ-բանաստեղծ)
Այո՛. Ժամանակի թաւալումին հետ, «արդի»-ի հասկացութեան նորովի մեկնաբանութեամբ եւ պարտադրանքով՝ պիտի մոռնանք նա՛եւ տպագիր թերթը՝ իր դարաւոր նկարագիրով: Կարծէք թէ մեր յիշատակած երգիչին բառերը այսպիսի նորարարութիւններու մասին ալ է:
Դժուար եւ յիշատակելի պիտի ըլլայ մեր այս սիւնակը, որ ուղղուած է մեր ընթերցողներուն՝ առ ի տեղեկութիւն, յայտարարութիւն, եթէ կ’ուզէք՝ ձեւով մը մխիթարանք: Աւելի յստակ բառերով՝ ասիկա մեր վերջին խմբագրականն է, որ թուղթին վրայ տեղադրուած, ապա տպարան առաքուած, հրատարակուած եւ բաժանորդներուն հասցէագրուած է:
Այլ խօսքով, ասիկա «Հայրենիք»-ի վերջին տպագիր համարն է, որ թուղթի վրայ լոյս կ՛ընծայենք: Յուլիսէն սկսեալ, մեր թերթը պիտի գործէ առցանց դրութեամբ, իր կայքէջով եւ ե-նամակային առաքումներով։ Այսինքն՝ «Հայրենիք»-ն ալ ցտեսութիւն կ’ըսէ տպագիր տարբերակին:
Դրդապատճառները շատ են։ Անշուշտ, կարեւորագոյններէն է թուղթի, մելանի եւ տպարանային ծախսերու հետեւողական եւ աներերեւակայելի բարձրացումը։ Մեր «նոր աշխարհ»-ին մէջ, բոլոր սակերը միայն դէպի վեր կը շարժին ու կը ճնշեն անհատներու եւ հաւաքականութեանց պիւտճէներուն վրայ: Կարելի չէ անտեսել այլ պատճառ մը՝ կարդացողները հետզհետէ աւելի «առատօրէն» կ՛օգտագործեն իրենց համակարգիչը, կը նախընտրեն չթերթատել իսկ իրենց տան նամակատուփին հասած տպագիր (hard copy) «Հայրենիք»-ը – եւ անշուշտ «Արմինիըն Ուիքլի»-ն, որոնց հետ կը վերաբերին այնպէս՝ իբրեւ թէ ըլլային նոյն նամակատուփը խճողած՝ առեւտրական ծանուցագիրները։
Կայ աւելին. շաբթուան իւրաքանչիւր օրուան ու ժամուն, փոխադրակառքերու մէջ քիթ-քիթի նստած, կամ ոտքի, նաեւ աշխատատեղիներու մէջ, նախաճաշի-ճաշի-ընթրիքի պահուն կամ որեւէ «ազատ ժամու»՝ ընթերցողները, իրենց ափին մէջ ունենալով բջիջային մը, բթամատով վար ու վեր կ’ընեն պաստառը: Այս «դասակարգի» ընթերցողներուն թիւն ալ արագ մագլցում արձանագրած է։ Տասնեակ մը տարիներ առաջ, անոնք ընդհանրապէս երիտասարդներ էին, այժմ մեծ է թիւը ալեհերներու, որոնց կիզակէտը բջիջայինն է։ Սակաւաթիւ են լայնածաւալ թերթի մը էջերուն ետին պահուըտած՝ ոտքի կամ նստած ընթերցողներ, որոնք կը դիտուին իբրեւ… յետամնացներ։
Հապա արդի արհեստագիտութեան միւս պտուղնե՞րը: Շատեր իրենց ինքնաշարժի ղեկին առջեւ նստած, դասաւորում կատարած են, որպէսզի արհեստագիտութեան բարիքներուն միջոցով՝ իրենց համար կարդացուին օրուան լուրերը։ Ահաւասիկ կատարելագործուած լսատեսողական սարքերով օժտուած փոխադրամիջոց մը, որ ժամանակի կորուստէ կը փրկէ նոր ժամանակներու գերզբաղ սերունդը։
Այսուամէնայնիւ, տարբեր է տպարանէն «տաք-տաք» դուրս եկած թերթին հոտն ու համը, այսինքն էջադրուած լուրերուն տեղադրումն ու ներդաշնակութիւնը։ Այս իրականութիւնը աւելի՛ զգալի է օրաթերթերու պարագային: Սակայն ստիպուած ենք ընդունիլ, որ այս սովորութիւնն ալ սկսած է մաս կազմել «ժամանակին կար ու չկար» կամ «էր երբեմն» բառերով սկսող պատումներուն։ Մխիթարա՞նք պէտք է նկատել, որ նման վիճակ կը պարտադրուի քիչ մը ամէն տեղ:
Օրին տեղեկացուցած էինք եւ այդ գծով ալ հաստատ կը մնանք, որ Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան շրջանի Հ․Յ․Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթը ըլլալով, 1899-ի ծնունդ առած «Հայրենիք»-ը վերանորոգ յանձնառութիւն ու նպատակ ունի ընդլայնելու, արդիականացնելու եւ հասանելի դառնալու բազում հարթակներու վրայ, ապահովելով դիւրահաս, փոխազդեցիկ եւ բարձրորակ լրատուութիւն եւ վերլուծում, ինչպէս նաեւ՝ խմբագրական հայեացք: Ու մենք գիտենք, որ մեր ընթերցողները միայն Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի շրջանին մէջ չեն, այլ կը հասնինք աշխարհով մէկ տարածուած, նա՛եւ հայրենի հայութեան: Եղած ենք ու պիտի մնանք Դաշնակցութեան խօսքն ու տեսակէտները տարածող բեմ մը:
Ծանօթ է, որ աւելի քան տարիէ մը ի վեր, կը գործէ երկլեզու «Հայրենիք մետիա»-ն, որ արդիւնք է վերանորոգման տեսլականին, նոր ժամանակներու հարկադրանքներուն։
Այս բոլորով հանդերձ, ունինք նաեւ աւետիսի իմաստով տեղեկութիւն մը. թուղթն ու մելանը վերջնականապէս պիտի չմոռնանք, այլ եռամսեայ դրութեամբ լոյս պիտի ընծայենք գունազարդ բացառիկ թիւեր, որոնք ցարդ լոյս կ’ընծայէինք փոքրաթիւ պարբերականութեամբ (ամանոր կամ ազգային տօներ…)
Ֆեռէի յիշեալ տպաւորիչ երգ-բանաստեղծութիւնը (այլ երգերու նման), որքան ալ որ ՍՔԱՆՉԵԼԻ Է ու ձեւով մը կը համապատասխանէ նոր օրերու հարկադրած՝ «մոռացութիւններուն», մենք մանր փոփոխութեամբ մը պիտի վերարտադրենք զայն, ըսելով՝ «ժամանակին հետ պիտի չմոռնանք թերթը՝ ՀԱՅՐԵՆԻՔ-ը», իր տպագիր ու առցանց տարբերակներով։ Չէ՞ որ աւելի քան մէկ դարու փառաւոր պատմութիւն մը եւ բազում վաստակաւորներ կան այս անունին ետին, չէ՞ որ հայրենիքի գոյութենէն առաջ իսկ ծնունդ առած «Հայրենիք»-ը, ճիգ չէ խնայած ըլլալու ՀԱՅՐԵՆԻՔ-ին (իր հայրենի եւ սփիւռքեան տարածքներով) արձագանգն ու հայելին…