Յօդուածներ

Նախորոշուած «Վիլայէթ»-ացում. Փաշինեանի Յարձակումները Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Դէմ Եւ Ինքնիշխանութեան Կանխամտածուած Փլուզումը

 

Դոկտ. Արա Նազարեան – Պոսթըն 

(Յապաւումով՝ անգլերէնէ թարգմանուած)

Այս պահուն արդէն յստակ է, թէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վերջին յարձակումները Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ դէմ ո՛չ պատահական են, ո՛չ ալ պարզապէս քաղաքական։ Անոնք կանխամտածուած են, թիրախաւորուած եւ ռազմավարական կերպով յարմարեցուած՝ օտար ուժերու օրակարգին, որոնք նպատակ ունին քայքայել Հայաստանի ազգային ինքնութիւնը։ Հայկական շարունակականութեան ամէնէն ճանաչուած խորհրդանիշը՝ Եկեղեցին, այս պահուն պաշարման տակ է ո՛չ միայն Ատրպէյճանի հոգեւոր եւ քաղաքական ղեկավարութեան կողմէ, այլ՝ աւելի մտահոգիչ ձեւով՝ Հայաստանի վարչապետին եւ անոր մտերիմ շրջանակին կողմէ։

Այս արշաւը սկսաւ Մայիս ամսուան վերջաւորութեան, երբ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսն ու Արամ Ա. Կաթողիկոսը մասնակցեցան Պերնի մէջ կայացած Աշխարհի Եկեղեցիներու Խորհուրդի բարձր մակարդակի համաժողովի մը, ուր անոնք բացայայտօրէն դատապարտեցին Ատրպէյճանի կողմէ արցախահայութեան ցեղային զտումը եւ ուշադրութիւն հրաւիրեցին հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման վրայ։ Այս համաժողովէն անմիջապէս ետք, Ատրպէյճանի շիի հոգեւոր առաջնորդը՝ շէյխ-ուլ-Իսլամ Ալլահշուքիւր Փաշազատէ՝ որ Իլհամ Ալիեւի մօտաւոր դաշնակիցն է, դատապարտեց Հայ Եկեղեցին եւ մեղադրեց զայն՝ «հրահրիչ եւ վրէժխնդիր քարոզչութեան» մէջ, որ իբր վտանգ կը ներկայացնէ շրջանային խաղաղութեան։

Ճակատագրականօրէն, Փաշինեան միացաւ այս երգչախումբին՝ քանի մը օր ետք։ Մեղադրելով Եկեղեցու ղեկավարութիւնը կաշառակերութեան եւ բարոյական թուլութեան մէջ, ան սկսաւ երկու շաբաթ տեւող զրպարտիչ արշաւ մը Կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի դէմ՝ յայտարարելով թէ ան զաւակ ունեցած է՝ իբր խախտելով կղերական կանոնները։ Ընկերային ցանցերու վրայ, Փաշինեան առարկեց եւ հարց տուաւ. «Ի՞նչ պիտի պատահի, եթէ յայտնուի, որ ամուլ կրօնաւոր մը զաւակ ունեցած է»։

Advertisement Subscribe Today

Բայց ամէնէն խայտառակ դէպքը պատահեցաւ դիմատետրի մը, ուր Փաշինեան կրօնաւորի մը ըսաւ. «Գնա՛, քու հօրքուրիդ հետ յարաբերի՛ր»— գռոհիկ բառապաշարով մը, որուն արդիւնք  համատարած դատապարտուեցաւ հայ հասարակութեան կողմէ, իբրու անպատիւ եւ անարժան վարչապետ։

Նոյնքան մտահոգիչ է Աննա Յակոբեանի աշխոյժ մասնակցութիւնը այս արշաւին։ Ան ո՛չ միայն կրկնեց այդ մեղադրանքները, այլ՝ ինքն իր վրայ կեդրոնացուց բոլորին ուշադրութիւնը՝ բարոյական գերազանցութեան շղարշով, աւելի քաղաքականցնելով արդէն իսկ գարշելի եւ վտանգաւոր այս ոխը։ Ընդդիմադիրները որոշ պարագաներու մէջ զինք անարգօրէն կոչած են վարչապետի «առաջին պարոնուհի»-ն, նկատի ունենալով իր քաղաքական անզուսպ եւ անքաղաքավարի վարքագիծը։

Ճակատագրական հակասութիւն մը կայ նաեւ այն իրականութեան մէջ, որ հասարակութեան մօտ երբեմն յուշուող հարցադրումներն ալ՝ Փաշինեանի իսկական հայրութեան շուրջ, լիովին անտեսուեցան այս զոյգին կողմէ։

Նշելի է, որ Յակոբեան ղեկավար դիրք ունի «Կենդանի Խօսք» աղանդին մէջ՝ շարժում մը, որ սկիզբ առած է Շուէտէն 1983-ին եւ կապուած է ամերիկեան «Հաւատքի շարժում»-ին։ Իր ազդեցութեամբ, բազմաթիւ հայ քաղաքական գործիչներ, հասարակական գործիչներ ու գործարարներ ներգրաւուած են այդ աղանդին մէջ։ 2024-ի լայնածաւալ բողոքներու յաջորդող օրերուն, երբ վարչախումբը փորձեց ձեւաւորել «պետականամէտ քաղաքական ճակատ մը» ընդդէմ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ հօգուտ Թուրքիոյ հետ հաշտութեան, Յակոբեանի աղանդակիցներ՝ Նաթալի Ալեքսանեանն ու Ռոման Նազարեանը, առաջ քշուեցան՝ այդ գործին ղեկը վերցնելու։ Եկեղեցւոյ գաղափարներուն հակառակորդ մը եղած Յակոբեան նպատակադրած է քանդել ազգային ինքնութիւնը՝ վերատեսութեան ենթարկելով Հայաստանի կրթական համակարգը։ Ան նախաձեռնած է Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւնը դպրոցական ծրագրերէն հանելու, ռազմահայրենասիրական դաստիարակութիւնը եւ պաշտպանական ուսուցումը վերացնելու, ինչպէս նաեւ հայերէնի ուսումնական ժամերը կրճատելու նախաձեռնութիւններ։ Իր արհամարհանքը աւանդութիւններու հանդէպ յայտնուած էր արդէն 2019-ին, երբ ան անպատշաճ հագուստով ներկայ եղաւ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հետ հանդիպման, որ հասարակութեան մօտ լայնօրէն քննադատուեցաւ։

Այլապէս ալ վտանգաւոր է, որ Փաշինեան կը փորձէ կրկնել Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի մօտեցումը՝ կրօնական հաստատութիւններու նկատմամբ պետութեան վերահսկողութիւնը ամրապնդելով։ Ինչպէս Թուրքիոյ մէջ քրիստոնէական պատրիարքներու ընտրութիւնը կը վերահսկուի պետութեան կողմէ, եւ թեկնածուները պէտք է ունենան թուրք քաղաքացինութեան կարգավիճակ, նոյնպէս ալ Փաշինեանի յարձակումները Կաթողիկոսի եւ Եկեղեցւոյ դէմ կը յայտնեն պետական վերահսկողութեամբ ենթարկուող հոգեւոր ղեկավարութիւն ստեղծելու միտքը՝ Անգարայի մօտեցումին հետեւելով։

Այս արշաւին ժամանակաւորումը եւս անպատահական չէ։ Փաշինեան պէտք է հանդիպի Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի հետ, Յունիս 20-ին՝ շարունակելու իր կոչած «խաղաղութեան գործընթացը»։ Սակայն շատ հայեր կը հաւատան, որ այս «խաղաղութիւնը» իրականութեան մէջ փորձ մըն է՝ Հայաստանի միացումը թուրք-ատրպէյճանական տարածաշրջանային դաշինքի մը՝ վերածելով Հայաստանը՝ թրքական վիլայէթի մը, ենթակայ Անգարայի եւ Պաքուի։ Փոխանակ պաշտպանելու հայկական հաստատութիւնները՝ ինչպէս Եկեղեցին, Փաշինեան կը ջանայ զայն ներսէն վարկաբեկել՝ կրկնելով ատրպէյճանական քարոզչական տեսակէտերը եւ հոգեւորապէս զինաթափ ձգելով ազգը։

Այս արշաւը յստակ կերպով կը ծառայէ որպէս շեղող գործիք՝ ժողովուրդին ուշադրութիւնը հեռացնելու համար արտաքին քաղաքական զիջումներէն, Արցախի կորուստէն, աւելի քան 100 հազար տեղահանուած հայերէն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի սահմաններու եւ ինքնիշխանութեան ձախող պաշտպանութենէն։

Այս ամէնը կը ներառէ նաեւ սահմանագծման գործընթացի շարունակութիւնը, որ իրականութեան մէջ կը նշանակէ հողային նոր զիջումներ Ատրպէյճանին՝ ըստ Արմէն Գրիգորեանի։

Հայաստանի Սահմանադրութեան 17-րդ յօդուածը երաշխաւորած է եկեղեցւոյ եւ պետութեան բաժանումը, իսկ 18-րդ յօդուածը կը ճանչնայ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ բացառիկ դերը ազգային կեանքին մէջ։ Փաշինեանի հրահանգը՝ պետական կառոյցները օգտագործել կղերական ամուլութեան ենթադրեալ խախտումները քննելու համար, բացայայտ խախտում մըն է։ Ինչպէս Ռաֆֆի Արտալճեան կը գրէ. «Պետական կառոյցներու միջամտութիւնը եկեղեցւոյ ներքին հարցերուն մէջ կը խախտէ եկեղեցի-պետութիւն բաժանման սահմանադրական սկզբունքը… Ինչպէս Եկեղեցին իրաւունք չունի քննելու պետական պաշտօնեաներու անձնական կեանքը, նոյնպէս ալ պետութիւնը չունի իրաւասութիւն միջամտելու հոգեւորականներու անձնական վարքին»։

Ամէնէն մտահոգիչը այն է, որ երբ ատրպէյճանցի ղեկավարները կը յայտարարեն, թէ Էջմիածինը իրենցն է եւ Հայ եկեղեցիները՝ «տարածաշրջանային անվտանգութեան սպառնալիք», Հայաստանի կառավարութիւնը կը վերարտադրէ անոնց իսկ հռետորաբանութիւնը։ Այս ներքին ու արտաքին յարձակումները Եկեղեցւոյ դէմ պատահական համընկնում չեն, այլ՝ համակարգուած քայլեր են՝ ուղղուած ազգային ինքնութեան վերջին բարոյական ողնաշարը խորտակելու։

Այս անողոք արշաւին ի պատասախան, հարիւրաւոր հաւատացեալներ հաւաքուեցան Զուարթնոց օդակայանին՝ դիմաւորելու արտերկրէն վերադարձած Ամէնայն Կաթողիկոսը։ Զանգուածին դիմելով, Գարեգին Բ. ըսաւ. «Մենք կը գիտակցինք, որ վարչապետին արտայայտութիւնները զայրոյթ յառաջացուցած են։ Կը հաւատամ, որ ձեր հետ միասին պիտի կարենանք յաղթահարել այս դժուար ժամանակները իմաստութեամբ։ Ամուր մնացէ՛ք ձեր հաւատքին մէջ»։

Այսպէս, Եկեղեցին եղած է հայ ժողովուրդի գոյատեւման անկիւնաքարը՝ ցեղասպանութեան, աքսորի եւ գրաւման մէջ։ Այժմ զայն թիրախաւորելը անպատուաբեր լեզուով, համախմբուելով թշնամական ձայներու հետ՝ կոչելով զայն ապակայունացնող ուժ մը, միայն քաղաքական սխալ չէ՝ ան հոգեւոր դաւաճանութիւն մըն է։

Վերջապէս, Փաշինեանի վաճառած «խաղաղութիւնը» իրականութեան մէջ «վիլայէթ»-ացում է եւ հպատակութիւն։ Հայկական հողերը գռնագրաւուած, ինքնիշխանութիւնը փլած եւ ազգի հոգեւոր ժառանգութիւնը ոտնահարուած՝ վարչապետին յարձակումները Եկեղեցւոյ դէմ պէտք է դիտել ոչ որպէս առանձին սադրանքներ, այլ որպէս ռազմավարական ծրագիր մը՝ հայկական ինքնութիւնը քանդելու եւ երկիրը ներգրաւելու աւելի լայն թրքական գերիշխանութեան։

Հայ ժողովուրդը հիմա կանգնած է վճռական խաչմերուկի դիմաց. մնալ լո՞ւռ եւ ընդունի՞լ, որ իրենց հաստատութիւնները ներսէն կը քանդուին, թէ՞ պաշտպանել բարոյական ու մշակութային այն հիմքը, որ իրենց դարեր շարունակ պահպանած է։ Եկեղեցին, ինչպէս միշտ, պատրաստ է։ Հարցը այն է՝ ժողովուրդը պատրաստ է՞։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button