ԼրահոսՀայրենի Աշխարհ

Գիրքի Շնորհահանդէս` Նուիրուած Յովհաննէս Քաջազնունիի

«Համազգային»-ի Երեւանի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ եւ Հայաստանի Ճարտարապետներու պալատի համագործակցութեամբ, 15 Հոկտեմբեր 2024-ին կայացած էր «Յովհաննէս Քաջազնունին` ճարտարապետ» խորագրով գիտաժողովը, որ կը նպատակադրէր ներկայացնելու Յովհաննէս Քաջազնունիի ճարտարապետական ժառանգութիւնը եւ անոր դերն ու նշանակութիւնը հայ մշակոյթի պատմութեան մէջ:

Մայիս 16-ին ճարտարապետութեան եւ շինարարութեան Հայաստանի ազգային համալսարանի նիստերու դահլիճին մէջ կայացաւ գիտաժողովի զեկոյցներու ժողովածուի շնորհահանդէսը, որուն ներկայ էին` Հայաստանի ճարտարապետութեան, մշակոյթի եւ պատմութեան ոլորտի մասնագէտներ, դասախօսներ, արուեստագէտներ եւ ուսանողներ:

«Համազգային»-ի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ ներկայ էին` Արտաշէս Շահբազեանը (Հայաստան), Արա Գէորգեանը (Լիբանան) եւ Տիգրան Պապիկեանը (Միացեալ Նահանգներ):

Կեդրոնական վարչութեան անդամները ողջունեցին եւ կարեւոր նկատեցին օրուան նիւթը եւ գիրքին ծնունդը` իբրեւ մեծ հայ մը մշակոյթի ճանապարհով նորովի ճանչնալու եւ բացայայտելու կարելիութիւն:

«Համազգային»-ի Երեւանի գրասենեակին կողմէ ողջոյնի խօսք արտասանեց եւ ձեռնարկը վարեց Ռուզան Առաքելեանը: Ան նշեց, որ ներկայ սերունդը պէտք է ճանչնայ ո՛չ միայն Քաջազնունի ազգային գործիչը, այլեւ` արուեստի մարդը: Մարդ, որ իր ապրած կեանքով հայրենի երկրին հանդէպ նուիրումի ու հայրենասիրութեան վառ խորհրդանիշն է:

Ներկաները առիթ ունեցան իրենց սրտի խօսքերը արտասանելու գիրքի լոյս ընծայման առիթով` շեշտելով Համազգայինի կատարած նշանակալից աշխատանքը:

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button