ԳլխաւորՅօդուածներ

Ո՞Վ Է ՏԻՐԱԿԱՆ ՈՒԺԸ Ա.Մ.Ն. – ԻՐԱՆ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

 

Կարօ Արմենեան

Մայիս 12, 2025

 

Թրամփեան վերջնագրի պայմանաժամը կ՚աւարտի այսօր, Մարտի 12-ին։

Յիշեցնենք, որ Ա․Մ․Ն․-ի նախագահը պաշտօնապէս կը սպառնար ռազմական գործողութիւններու ձեռնարկել Իրանի միջուկային կառոյցներուն դէմ, եթէ Իրան մինչեւ այս թուականը համաձայնագիր ստորագրած չըլլար հաւանութիւն տալով  Ա․Մ․Ն․-ի նախապայմաններուն։ Փաստը այն է, որ այդ մէկը տեղի չունեցաւ։ Եւ բանակցութիւնները կը մնան իրենց ընթացքին մէջ։ Իրան շատ հեռու է ամբողջական համաձայնութիւն տուած ըլլալէ Ա․Մ․Ն․-ի նախապայմաններուն, իսկ Ա․Մ․Ն․, իր կարգին, շատ հեռու է նման պատերազմական գործողութիւններու ձեռնարկելէ։

Ընդհակառակն, երէկ, Մասքաթի խօսակցութիւններու աւարտին, թէ՛ Իրանեան եւ թէ՛ ամերիկեան կողմերու ներկայացուցիչները լաւատեսութեամբ եզրափակեցին աշխատանքային գործընթացը զայն պահելով դիւանագիտական խօսոյթի սահմաններուն մէջ։

Բոլոր երեւոյթները ցոյց կու տան, որ կողմերէն իւրաքանչիւրը իրական եւ շատ սուր ակնկալութիւններ կապած է բանակցութիւններու յաջորդ փուլին։ Անոնք արդէն շատ կը «սիրեն» դիւանագիտական այս գործընթացը եւ անոնցմէ ամէն մէկը համոզուած կը թուի ըլլալ, թէ գործընթացը ներկայիս կը գործէ ի նպաստ իրեն…Յամենայն դէպս պէտք է արձանագրել, որ Թրամփի նախաձեռնած բանակցային այլընտրանքը կը շարունակէ իր «յաղթարշաւ»-ը գետնի վրայ յստակ առաւելութիւն մը ապահովելով Ա․Մ․Ն․-ի դիւանագիտութեան։

Զուգադիպաբար այսօր իսկ կը սկսի Նախ. Թրամփի առաքելութիւնը դէպի Արաբական Թերակղզիի երկիրներ։ Թրամփ պիտի այցելէ Սէուտական Արաբիա, Քաթար եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ։ Առայժմ չի խօսուիր Իսրայէլ հանդիպելու հաւանականութեան մը մասին։

Մինչ այդ կողմերու դիւանագիտական թիմերը պէտք է պատրաստուին բանակցութիւններու յաջորդ փուլին։ Բանակցութիւնները աւարտեցան մեծ հարցականի մը վրայ։ Իրան պիտի կրնա՞յ պահել ուրանիումի վերամշակման իր իրաւունքը եւ, եթէ այո՝ ի՞նչ չափանշային արտօնութիւններով։ Իրան կը շարունակէ պնդել NPT միջազգային դաշնագրով ապահովոուած իր սկզբունքային իրաւունքին վրայ, իսկ Ա․Մ․Ն․ կը պահանջէ նման իրաւունքի ամբողջական լուծարումը։ Հարցո՛ւմ. արդեօ՞ք կողմերը մտած են փակուղի եւ հետեւաբար Թրամփի նոր սպառնալիքը ռազմական գործողութիւններու դիմելու՝ արդեօ՞ք կրնայ շուտով իրականութիւն դառնալ։ Մեծագոյն հաւանականութեամբ՝ ո՛չ։

Նախ անոր համար, որ Իրան յստակօրէն տրամադրութիւն յայտնած է բանակցութեան նստելու վերամշակման կարողականութեան իր նորմերը վերանայելու։ Միւս կողմէ Ա․Մ․Ն․-ի բանագնացը՝ Վիտկոֆ տրամադրութիւն ցոյց կու տայ ճկունութեամբ քննելու Իրանի առաջարկը, թէեւ առանց առայժմ զիջելու Ա․Մ․Ն․-ի կարմիր գիծերէն։

Ի՞նչ է հարցը եւ ո՞ւր պէտք է փնտռել «շան գլուխը»։

Իրականութեան մէջ, Ա․Մ․Ն․-ի դիւանագէտները մեծ հարցի մը առջեւ կը գտնուին։ Հա՛րց՝ որուն համար պատասխանատու է նաեւ Նախ. Թրամփի նախորդ շրջանի կառավարութիւնը։ Պէտք չէ մոռնալ, որ դեռ 2015-ին Իրան համաձայնագիր ստորագրած էր Արեւմուտքի երկիրներուն հետ (ներառեա՛լ Ա․Մ․Ն․-ի) ընդունելով վերամշակման շատ խիստ մէկ կանոնակարգ (ուրանիումի վերամշակման ոչ աւելի քան 3.79% զտութեան եւ ոչ աւելի քան 300 քիլոկրամի պահեստաւորման իրաւունքով)։ Կանոնակա՛րգ՝ որ հակառակ Իսրայէլի ժխտական վերաբերմունքին, Արեւմուտքի աչքին, կ՚ապահովէր Իրանեան ծրագրի ապառազմական բնոյթը։ 2018-ին, սակայն, Թրամփի որոշումով Ա․Մ․Ն․ դուրս եկաւ այս դաշնագրէն, որմէ ետք դաշնագիրը արագօրէն լուծարուեցաւ Իրանին տալով ոսկեայ պատեհութիւն մը ազատօրէն հետապնդելու ուրանիումի վերամշակման իր գործունէութիւնը…

Այսօր, կը խօսուի այն մասին, որ դաշնագրի լուծարումէն ետք Իրան մեծ թափով ձեռնարկեց վերամշակման ծաւալուն ծրագրի մը իրագործման ամբարելով մեծ պահեստ մը վերամշակուած ուրանիումի (ըստ ոմանց) 60 %-ի զտութեան որակներով։ Մե՜ծ ոստիւն մը իրաւամբ, Իրանի միջուկային ծրագրի կենսագործաման համար։ IAEA-ի մասնագէտները այսօր համոզուած են, որ Իրանի այժմու շտեմարանը կրնայ դիւրաւ հնարաւոր դարձնել Իրանի միջուկային ծրագրի շուտափոյթ ռազմականացումը, նոյնիսկ եթէ այսօր Իրան նման դիտաւորութիւն չունի…

Այս պայմաններով, կարելի է պատկերացնել, թէ ինչպիսի՞ խաղաքարտեր կը գործեն ներկայիս բանակցութիւններու սեղանին վրայ եւ թէ որքա՞ն մեծ է ճնշումը կողմերուն վրայ Ա․Մ․Ն․-ի հաստատած պայմանաժամերու դիրքերէն։

Աւելի՛ն։ Ա․Մ․Ն․-ի գործադիր իշխանութեան ներքին ոլորտի տարակարծութիւնները երբեք չեն դիւրացներ Ա․Մ․Ն․-ի դիւանագիտութեան յառաջընթացը Օմանի մէջ։ Բանակցային գործընթացը փաստօրէն քաղաքականացած է իսրայէլամէտ լապիի բանեցուցած ուժեղ ճնշումներով։ Նեթանիահուի համակրական շրջանակը շատ լայն է։ Իրանեան հարցը արդէն վերածուած է երկրէն ներս Թրամփեան ճակատի վարկազրկման գործիքի։ Իրականութեան մէջ, Թրամփ եւ Նեթանիահու կը գտնուին շատ բարդ յարաբերութեան մը մէջ։ Անոնք միաժամանակ սերտ գործակիցներ եւ բուռն — թէկուզ խուլ — հակառակորդներ են իրարու (love-hate relationship)։ Նեթանիահու չի կրնար ընդունիլ ստորադաս դիրքերէ գործելու կարգավիճակը, երբ հարցը կը վերաբերի Իրանի։ Իսկ Թրամփ չի կրնար ընդունիլ Նեթանիահուի յաւակնութիւնները Իրանի նկատմամբ։ Ոչ ալ՝ Նեթանիահուի գերիշխող դիրքը տարածաշրջանի քաղաքականութեան ռազմաբեմերուն վրայ։ Ասոնք անհամատեղելի առաջադրութիւններ են։ Այս ռազմաբեմին վրայ՝ երկու ախոյեանի տեղ չկայ եւ չի կրնար ըլլալ։

Թրամփի վերջին ելոյթներէն մէկը կը շեշտէր, թէ Ա․Մ․Ն․ կը շարունակէր սպառնալիքի տակ պահել Իրանը եւ բանակցութիւններու ձախողութեան պարագային պատրաստ էր ռազմական գործողութիւններու դիմելու իր կողքին ունենալով…Իսրայէլը։ Երեւութապէս իսրայէլամէտ այս արտայայտութիւնը արագ հակադարձութեան տեղի տուաւ Իսրայէլի մէջ։ Նեթանիահու աճապարեց ըսելու, որ Իսրայէլ պատրաստ է անկախաբար դիմելու ռազմական գործողութիւններու…Շեշտելով որ ան կախուած չէ ոչ ոքէ նման քայլի դիմելու համար։

Այս բոլորէն կը հետեւի այն պարզ իրողութիւնը, որ Ա․Մ․Ն․-Իրան բանակցային գործընթացը այժմ ենթակայ է բուռն «յարձակման» եւ առեւանգման…Թէ՛ Ուաշինկթընի ներքին ոլորտի կտրուածքով եւ թէ տարածաշրջանային քաղաքականութեան խաղատախտակին վրայ, Նեթանիահու կը գործածէ ուժեղ խաղաքարտեր ինքզինք դնելու տիրապետող դիրքերուն վրայ։ Եւ ինքնաբերաբար վարկաբեկել փորձելով Թրամփի ղեկավար հանգամանքն ու հեղինակութիւնը Իրանի բանակցութիւններու բեմին եւ տարածաշրջանի թէժ կէտերուն վրայ։

ԵՒ ԽԻՍՏ ԿԱՐԵՒՈ՛Ր։ ԱՅՍ ՃԱԿԱՏԻՆ ՎՐԱՅ, ԲԱՆԱԼԻ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՅԱՆԿԱՐԾ ՎԻՃԱԿՈՒԱԾ Է ԻՐԱՆԻՆ…ՀԱՐՑՈ՛ՒՄ. ԻՐԱՆԻ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐԸ ՈՐՈ՞ՒՆ ՁԵՌՔՆ Է, ՈՐ Կ՚ՈՒԶԵՆ ԶՕՐԱՑՆԵԼ ԱՅՍՕՐ։ Ո՞Վ Է ԻՐԱՆԻ ԴԻՐՔԵՐԷՆ ՍՈՂՈՄՈՆ ԻՄԱՍՏՈՒՆԻ ԱՌԱԿԻՆ ՀԱՐԱԶԱՏ ՄԱՅՐԸ…Ո՞Վ Է ԻՐԱՆԻ ԲՆԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿԻՑԸ ԱՅՍ ԲԱՐԴ ԱՂԻՒՍԱԿԻՆ ՄԷՋ։

Չմոռնանք, որ Նեթանիահուի ետին կը գործէ նաեւ Ալիեւ եւ իր համաշխարհային մեքենան։ Կը գործեն նաեւ այլ ուժեր այլեւայլ լծակներու օգտագործումով։  Թրամփ եւ իր թիմը պիտի կրնա՞ն հետեւողականօրէն պահպանել իրենց թաթը այս ճակատագրական գործընթացներուն վրայ։

Իսկ ո՞ւր կրնան յանգիլ Փաշինեանական համակարգն ու իր «խաղաղութեան օրակարգ»-ը…

 

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button