Լրահոս

ՀԱԼԷՊԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՆՇԵՑ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 110-ԱՄԵԱԿԸ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 24-ի երեկոյեան, իր բոլոր կազմակերպութիւններուն եւ միութիւններուն գործակցութեամբ եւ մասնակցութեամբ, հալէպահայութիւնը կազմակերպեց Հայոց Ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցին նուիրուած Կեդրոնական հանդիսութիւն, հովանաւորութեամբ հայ երեք համայնքապետներուն:

Հանդիսութեան ներկայ էին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ Մակար Սրբ. Արք Եպս. Աշգարեան, Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհ. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեան, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, Հ․Հ․ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Արա Աւետիսեան, խորհրդական Դաւիթ Թադեւոսեան, Ազգային Երեսփոխանական ժողովի եւ Ազգ. Վարչութեան անդամներ, հոգեշնորհ հայր սուրբեր, արժանապատիւ քահանայ հայրեր, առաքինազարդ քոյրեր, հալէպահայ կազմակերպութիւններու, բարեսիրական, մարզական, մշակութային, հայրենակցական միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հոծ բազմութիւն:

Հալէպահայ կազմակերպութիւններու խօսքը ներկայացուց Ս․Դ․Հ․Կ․-ի ներկայացուցիչ բժշկ․ Յովիկ Աթոգեան։

Ան յայտնեց, որ 24 Ապրիլը հայ ժողովուրդի օրացոյցին վրայ սեւով ներկուած օր մըն է, սակայն նաեւ համախմբման, յիշատակի եւ պայքարի օր է։ Մեծ Եղեռնը (1894–1923), իր ծրագրուած սպանդներով, մշակութային ջարդով եւ ժխտումներով, հայութեան զրկեց հայրենիքէն, բայց չկրցաւ ոչնչացնել անոր կենարար կամքը։ Սերունդներ անդադար փոխանցեցին ցեղասպանութեան յիշողութիւնը՝ որպէս ազգային գոյութեան պահպանման ու արդարութեան վերահաստատման հիմք։ Բանախօսը երախտագիտութեամբ յիշեց Սուրիոյ տարածքին արաբ ժողովուրդին մարդասիրական ու եղբայրական մօտեցումը՝ աւելցնելով, որ հայը առաջին օրէն գտաւ այն պայմանները, որոնցմով կրցաւ ստեղծել իր տունը, վարժարանները, մշակութային օճախները եւ պահեց իր ինքնութիւնը՝ ձախողեցնելով այդ ամբողջ չար ծրագիրը, որ ծրագրուած էր իրեն դէմ:

Ան լուսարձակի տակ առաւ Արցախի հարցը եւ միջազգային հանրութեան լռութիւնը ըսելով «Թշնամին կարծեց թէ լուծեց հարցը, բայց հայրենի Արցախ վերադառնալու արցախցիին իրաւունքը կը մնայ անսասան»: Եզրափակելով Աթոգեան ըսաւ․ «Նահատակներուն կտակը անսակարկելի է, անկապտելի է եւ անժամանցելի»:

Հանդիսութեան ընթացքին ներկայացուեցան տեսերիզներ, որոնք պատմական տեղեկութիւններ կը փոխանցէին ցեղասպանութեան եւ անոր յաջորդող իրադարձութիւններուն շուրջ, ինչպէս նաեւ աշխարհի չորս կողմ տարածուած յուշակոթողներուն եւ ցեղասպանութիւնը ճանչցած ու դատապարտած երկիրներուն մասին:

Յայտագիրի աւարտին հանդիսավարը հրաւիրեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Մակար Սրբ․ Արք․ Աշգարեանը, օրուան պատգամը ուղղելու։ Սրբազան հայրը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց ցեղասպանութեան ոգեկոչման կեդրոնական հանդիսութեան յանձնախումբին եւ բանախօսին, բարձր գնահատեց հանդիսութիւնն ու ժողովուրդի յարգարժան ներկայութիւնը։ Մակար սրբազան անդրադարձաւ օրուան խորհուրդին, ըսելով որ հայ ժողովուրդը դարեր շարունակ յարութիւն առնող ժողովուրդ եղաւ, անտեսելով տարաբնոյթ դժուարութիւններ եւ խոչընդոտներ։

Սրբազան հայրը յանդիմանեց ժողովուրդի այն զաւակները, որոնք այս սուրբ օրը անտեսելով իրենց ազգային ու մարդկային պարտաւորութիւնը չկատարեցին, ո՛չ եկեղեցի ներկայացան, ոչ ալ ոգեկոչական արարողութիւններու, այլ օրը արձակուրդի օր համարելով ժամանցի տրամադրեցին։ Մակար սրբազան յատկապէս կրթական մշակները եւ դաստիարակները յորդորեց դպրոցական տարիներէն բարձրացնել աշակերտներուն գիտակցութիւնը, ուղղել զիրենք եկեղեցի եւ սեփական ընթացքով օրինակ դառնալ անոնց, որպէսզի ազգային գիտակցութիւնն ու պատասխանատուութեան զգացումը խարսխուին իրենց մէջ վաղ տարիքէն։

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Պահպանիչ» աղօթքով։

Նոյն օրը, Հալէպի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցին նուիրուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ իր հայրական պատգամը ժողովուրդին ուղղեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդը, որ յայտնեց, թէ այսօր անգերեզման մնացած մեր 1.5 միլիոն սրբազան նահատակները կը յիշենք, յիշատակ մը, որ ոչ թէ սոսկ անցեալին կատարուած իրողութիւն է, այլ ամէնօրեայ դրութեամբ մեր սրտերուն, հոգիներուն, էութեան եւ երակներուն մէջ անոնց ձայնը կ՚արձագանգէ եւ 110 տարիներ բոլորելով հանդերձ, որպէս քրիստոնեայ ժողովուրդ, կը շարունակենք արդարութեան ձայնին դէմ վարագոյր քաշած անտարբեր աշխարհին դէմ մեր ձայնը բարձրացնել եւ մեր արդար իրաւունքը պահանջել։

Սրբազան Հայրը հրաւիրեց ժողովուրդը, 110 տարիներ անցնելով հանդերձ, նոյն հաւատքով եւ նոյն ոգիով շարունակելու պայքարը, ըսելով. «Այսօր, մեր ուսերուն դրուած է պարտաւորութիւնը՝ յիշելու, պահանջելու եւ առանց տկարութեան արդար դատը ձեռք բերելու պայքարը շարունակելու՝ միասնաբար ճիգ ու ջանք թափելով, հաւատքով եւ յոյսով աշխատանք տանելով եւ Աստուծոյ առաջնորդութիւնը խնդրելով»:

Եզրափակելով, Սրբազան Հայրը հրաւիրեց ժողովուրդի զաւակները, Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներուն բարեխօսութիւնը խնդրելով, միասնաբար աւելի զօրացած եւ կազմակերպուած շարունակելու մեր պահանջատիրական երթը եւ մաղթեց, որ Ամենակալը օրհնէ եւ իր առատ ողորմութիւնը հեղու ողջ հայութեան վրայ, ի Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 23-ին, Հալէպի «Աղաճանեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Պիտի Յիշենք Եւ Պահանջենք» խորագիրը կրող միջյարանուական յուշահանդէսը, հովանաւորութեամբ հայ երեք համայնքապետներուն, կազմակերպութեամբ ՍուրբԵրրորդութիւն եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան։

Յուշահանդէսին հայ երեք համայնքապետներուն կողքին ներկայ էին՝Հ․Հ․ Հալէպի գլխաւոր Հիւպատոսը, Հիւպատոսութեան խորհրդականը, հալէպահայ կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցներ։

Յուշահանդէսի առաջին պատգամը ուղղեց Հայ Աւետարանական Համայնքի պետ Վեր․ Դոկտ․ Յարութիւն Սելիմեան։ Վերապատուելին շեշտեց, որ արդարութեան հասնելու համար համբերատար պէտք է ըլլալ ու նպատակասլաց գործել, իսկ յիշողութիւնը պէտք չէ ծրարուի ու դառնայ սովորական աքտ, այլ դառնայ այժմէական օրակարգ։ Վերապատուելին կարեւորութեամբ շեշտեց արդարութեան հասնելու համար համահայկական ռազմավարութիւն մշակելու եւ Սփիւռքի տարբեր տարածքներու վրայ մեր ներկայութիւնը թէ՛ որպէս հայեր եւ թէ՛ որպէս տուեալ երկրի քաղաքացիներ արժանավայել ներգործութեամբ իմաստաւորելու մարտահրաւէրները։

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տէր Մակար Արք․ Աշգարեան իր ուղղած պատգամին մէջ ըսաւ, որ եթէ կը հաւատանք մեր արդար դատին եւ եթէ իսկապէս ժառանգորդներն ենք անցեալի մեր սրբազան նահատակներուն, մեզմէ իւրանքանչիւրը կոչում մը ունի, պարտականութիւն մը ունի, պարտաւորութիւն մը ունի արեան կանչին դիմաց։

Օրուան եզրափակիչ պատգամը ուղղեց Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի․ Տէր Պետրոս Արք․ Միրիաթեան։

Ան շեշտելով Հռոմի նորօք վախճանեալ սրբազան քահանայապետ Փրանկիսկոս Պապին հայասէր ըլլալու հանգամանքը, դիտել տուաւ, որ տասը տարի առաջ, քահանայապետը Վատիկանի Ս․ Պետրոս մայր տաճարին մէջ Ս․ Գրիգոր Նարեկացին տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ հռչակելու արարողութեան ընթացքին, օտար հիւրերու եւ մեր կաթողիկոսներու ներկայութեան վերյիշեց Հայ ժողովուրդի ապրած տառապանքը 1915-ին եւ յստակօրէն ըսաւ, որ կատարուածը ցեղասպանութիւն էր։ Այսպիսով եղաւ առաջին քահանայապետը որ Վատիկանի մէջ պաշտօնապէս օգտագործեց «Ցեղասպանութիւն» եզրոյթը։

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button