ԳլխաւորԼրահոս

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Անդամ Խաժակ Մկրտիչեան Ընդունեց Քիւրտիստանի Ազգային Միութիւն Կուսակցութեան Բանբեր Հէմըն Մամրաշին

 

Շաբաթ, Ապրիլ 26-ին, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի «Քրիստափոր Միքայէլեան» կեդրոնին մէջ, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Խաժակ Մկրտիչեան ընդունեց Քիւրտիստանի Ազգային Միութիւն կուսակցութեան բանբեր Հէմըն Մամրաշին, որ Հայաստան ժամանած էր գլխաւորելով Իրաքի Քիւրտիստան ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, մասնակցելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան 110-ամեակին նուիրուած ոգեկոչումին:

Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները շեշտեցին հայ-քրտական յարաբերութիւններուն կարեւորութիւնը, քննարկեցին տարածաշրջանին մէջ տիրող աշխարհաքաղաքական կացութիւնը եւ անոր անդրադարձը երկու ժողովուրդներուն վրայ:

Իբրեւ Միջազգային Ընկերվարականի անդամ կուսակցութիւններ, զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ երկու կուսակցութիւններու փոխյարաբերութեան եւ զանոնք ընդարձակելու կարելիութեան:

Խաժակ Մկրտիչեան շնորհակալութիւն յայտնեց հիւր քաղաքական գործիչին, որ յատուկ Ցեղասպանութեան ոգեկոչման առիթով պատուիրակութեամբ Երեւան ժամանելու համար, որ ինքնին երկու ժողովուրդներու բարեկամութեան ապացոյց է: Փոխադարձաբար, Մամրաշ ընդգծեց, որ քիւրտ ժողովուրդը մեծ սէր ու յարգանք կը տածէ հայ ժողովուրդին հանդէպ, կ’ուրախանայ անոր յաջողութիւններով եւ կը ցաւի անոր կորուստին համար:

Անդրադարձ եղաւ նաեւ շփումները շարունակելու եւ յարաբերութիւնները խորացնելու յառաջիկայ ճիգերուն ուղղութեամբ:

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button