ՈՒԽՏԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ
ԱՐՄԷՆ ԱԲՂ. ԳԱԼԱՃԵԱՆ
«Ո՛ւխտս դիք եւ կատարեցէ՛ք Տեառն Աստուծոյ մերոյ ամենեքեան, որ շուրջ էք զնովաւ» (Սաղմոս 75.12):
Անսալով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, 2025 տարին Աւանդութիւններու վերակենսաւորման տարի հռչակելու պատգամին, այսօր, անգամ մը եւս մեր աւանդութիւնները իբրեւ կենսաձեւ եւ կողմնացոյց ընդունելով՝ լուսարձակի տակ կ՚առնենք հայ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ դարերէ ի վեր մեր հայրերէն ժառանգ մնացած աւանդութիւնները, զանոնք կենդանի պահելու եւ վերարժեւորելու նպատակով:
Այդ աւանդութիւններէն մին է Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի Մուտն Ի Վիրապ տօնը, որ միաժամանակ Անթիլիասի Ուխտի օրն է:
Ուխտը քրիստոէնական եւ ի մասնաւորի հայ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ, ունի իր իւրայատուկ եւ խորհրդաւոր տեղը: Ուխտ կը նշանակէ կնիք, դաշինք, համաձայնութիւն եւ կամ խոստում: Ուխտի գաղափարը իր էութեան մէջ քրիստոնէական է, թէեւ Հին Կտակարանին մէջ է, որ առաջին անգամ կը հանդիպինք ուխտ հասկացողութեան: Դարեր շարունակ, հայ եկեղեցին, հիմնուելով Հին եւ Նոր ուխտերու ուսմունքներուն վրայ, ուխտի գաղափարը տակաւին վառ կը պահէ իր եկեղեցական ու ազգային կեանքին մէջ: Ուխտագնացութեան սրբազան աւանդութիւնը միշտ ալ կապուած է աղօթքի, մաքրագործման եւ Աստուծոյ հետ հաղորդակցելու ցանկութեան հետ։
Հայ ժողովուրդը իր կրած բոլոր արհաւիրքներով, տանջանքներով, ցաւերով ու վիշտերով, կառչած մնաց իր աւանդութիւններուն, ի մասնաւորի հաւատք ընծայեց հայ եկեղեցւոյ մեծ սուրբին, բազմաչարչար մեր հայրապետին՝ Սուրբ Գրիգոր Հայաստան աշխարհի երկրորդ լուսաւորիչին: Որո՞ւն միտքէն կ՚անցնէր այսպիսի հրաշքի մը իրագործումը. անձ մը, որ Խոր Վիրապի մութ անկիւններէն՝ գուբէն, երեւան գալով, պիտի ծաղկեցնէր Հայաստան աշխարհը Քրիստոսի վարդերով ու բուրմունքով, որ յետագային Լուսաւոր Սուրբ կոչուելով, հայ եկեղեցին հաւատքի՛ լոյսով պիտի լուսաւորէր:
Հայ ժողովուրդը միշտ ալ հաւատք ունեցած է իր սուրբերուն հանդէպ: Այդ հաւատքի զօրութիւնն է, որ վերածուեցաւ օրհնութեան. եւ այդ օրհնութեան ականատես կ՚ըլլանք, երբ դարեր ետք, Անթիլիասի Մայրավանքին անլռելի զանգերը կը ղօղանջեն, աւետելով Սուրբ Լուսաւորիչին Աջին դուրս գալը: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Հայրապետը իր ձեռքերուն մէջ ունենալով սուրբին հրաշագործ Աջը, Անթիլիասի ամէն մէկ անկիւնը կ՚օրհնէ, հաւատացեալները իրենց շղարշներով կամ թաշկինակներով սրբազան Աջին հպելով՝ անոր օրհնութիւնը կը փութան առնել, իսկ մանուկները՝ Վեհափառին մօտենալով, ժպտուն դէմքերով կը խնդրեն, որ ան սուրբին Աջը դնէ իրենց գլխուն վերեւ, ստանալու համար անոր անտեսանելի, սակայն ազդու, խորհրդաւոր, սփոփիչ եւ փարատիչ օրհնութիւնը:
Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետին նման, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բազմաչարչար հայրապետներէն՝ Բաբգէն Կիւլէսէրեան կաթողիկոս կ՚ըսէ. «հիանալի է հայ ժողովուրդին սիրտը հանդէպ իր հայրենի աւանդութիւններուն եւ սրբութեանց. եւ իրապէս գնահատանքի ու գովքի արժանի է մեր սիրելի ժողովուրդին խանդակաթ զգացումը հանդէպ՝ հոգեւոր իշխանութեան կեդրոնին»:
Եւ ահաւասիկ, նոյն պատկերը՝ ուխտագնացութեան աւանդութիւնը պահպանելու, աղօթքով զօրանալու եւ ազգային պատմութիւնն ու քրիստոնէական ինքնութիւնը ամրապնդելու միտումով, այսօր եւս կը տեսնենք Անթիլիասի սրբազան կամարներուն ներքեւ, խուռներամ բազմութիւն, հարիւրաւոր լուսաւորչեան զաւակներ, եկած են ստանալու Լուսաւորիչ հայրապետին օրհնութիւնը, տեսնելու անոր կրած չարչարանքները սրբազան Աջին ընդմէջէն։ Հայորդիներ Սփիւռքի հոգեւոր կեդրոն ժամանած են այն հաւատքով ու համոզումով, որ իրենց իղձերուն, խնդրանքներուն եւ աղաչանքներուն պատասխանը պիտի ստանան. այլ խօսքով՝ Աստուած պիտի ներգործէ ընտրեալ սուրբին Աջին ընդմէջէն:
Ա՛յս եղաւ հաւատքը մեր ժողովուրդին եւ պիտի մնայ նո՛յն զօրութեամբ, նո՛յն ուժականութեամբ եւ նո՛յն հաւատքով, միշտ նայելով այն լուսաւոր Աջին, որ դարեր շարունակ հրաշքներ գործեց, հայոց խաւարած երկինքը լուսաւորեց:
Ուխտի օրուան ընթացքին, ի մտի ունենանք Սուրբ Գրիգոր լուսաւորիչ հայրապետին կեանքը, անոր կրած չարչարանքները, վիրապային խաւար կեանքի ընթացքին անոր ունեցած հաւատքը, յոյսը, ժուժկալութիւնը, երկիւղածութիւնն ու վստահութիւնը առ երկնաւոր Հայրը, եւ մենք, իբրեւ Լուսաւորիչի կանթեղի ջահակիրներ, առաքելահիմն Աթոռին եւ լուսաւորչեան լոյսով շողացող հայ եկեղեցւոյ հարազատ ժառանգորդները, պէտք է գիտակից մնանք Անթիլիասի ուխտի օրուան խորհուրդին, պահպանելու այդ օրուան պատմական ժառանգը եւ զայն փոխանցելու անկէ եկող Աստուածային ու երկնաւոր առաքումով լոյսը՝ յետագայ սերունդներուն:
Մերազն ժողովուրդի զաւակներուն ուխտը կատար ըլլայ: