Լրահոս

Պաքուի Ապօրինի Դատավարութեան՝ Դաւիթ Իշխանեան Հաստատեց Իր Մասնակցութիւնը Արցախեան Ազատագրական Պայքարին

Պաքուի մէջ պատանդ պահուող Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ապօրինի դատավարութիւնը կը շարունակուի: Ապրիլ 4-ին Նիստի ընթացքին հարցաքննուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Դաւիթ Իշխանեան, որ հաստատեց, թէ եղած է Հ.Յ.Դ.-ի աշխուժ անդամ, ղեկավարած է Արցախի Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութիւնը եւ 1992-ին միացած է Արցախեան պատերազմին` իբրեւ գումարտակի հրամանատար:

Պատասխանելով «Հայաստանի ռազմական յարձակման նպատակի» (Արցախի ազատագրական պայքարի) մասին հարցումին` Իշխանեան նշեց, որ ռազմավարական նպատակն էր Արցախի միաւորումը Հայաստանին:

Իշխանեան յայտնեց, որ երկրորդ պատերազմի ժամանակ այցելած է Մարտունիի զօրամաս` իր ծառայող որդին տեսնելու եւ իբրեւ պատգամաւոր իր պարտքը կատարելու նպատակով: Ան պարգեւատրուած է «Մարտական խաչ» շքանշանով: Դատախազը յիշեցուց 2023-ի յայտարարութիւնը, ըստ որուն, Իշխանեան բաց նամակներ ուղարկած է շարք մը երկիրներու խորհրդարաններու նախագահներուն` Ազրպէյճանին ճնշելու կոչով: Իշխանեան ըսաւ, որ տեղեակ չէ, եթէ նամակները հասած են իրենց հասցէատէրերուն:

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button