Քոկրէսին Մէջ Նշում Հայոց Ցեղասպանութեան
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Ապրիլի 2-ին, Քոնկրէսին մէջ նշուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 110-ամեակը։ Հանրապետական եւ Դեմոկրատական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ պահանջեցին
Պաքուի մէջ բանտարկուած հայ ռազմագերիներու անյապաղ ազատ արձակումը, տեղահանուած արցախահայերու վերադարձի իրաւունքի ապահովում, ինչպէս նաեւ պատժամիջոցներ, պատերազմական յանցագործութիւններ եւ ցեղային զտումներ կատարած՝ Ալիեւի եւ Էրտողանի վարչակարգերու նկատմամբ։
Օրուան հաւաքի խորագիրն էր․- «Յետադարձ հայեացք 2023-ի Արցախի ցեղասպանութեան․ Հայոց Ցեղասպանութեան (1915-1923) յիշատակում», որ կը ներառէր ազդեցիկ վկայութիւններ եւ քաղաքական պահանջներ։
Հաւաքը կազմակերպուած Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ Հայկական Համագումարին գործակցութեամբ: Ապրիլի 1–2ին Հայ Դատի հարիւրաւոր գործիչներ հանդիպեցան ծերակուտականներու եւ քոնկրէսականներու հետ` քննարկելու հայանպաստ օրէնսդրական նախագիծերը:
Ելոյթ ունեցան Ծերակոյտի եւ Ներկայացուցիչների պալատի 12 անդամներ, որոնց կարգին ծերակուտականներ՝ Քորի Պուքըր (Նիւ Ճըրզի), Էնտի Քիմ (Նիւ Ճըրզի), Էտ Մարքի (Մասաչուսէց) եւ Ատամ Շիֆ (Քալիֆորնիա), Ֆրանք Փալոն (Նիւ Ճըրզի) եւ Պրէտ Շըրմըն (Քալիֆորնիա): Անոնց կողքին, խօսք առին, նաեւ ներկայացուցիչներ՝ Կէյպ Ամօ (Ռոտ Այլընտ), Հըրպ Քանըուէյ (Նիւ Ճըրզի), Ճիմ Քոսթա (Քալիֆորնիա), Լաուրայ Ֆրիտմըն (Քալիֆորնիա), ճՈՐՃ Լաթիմերը (Նիւ եորք) եւ Ճիմ ՄըքԿաւըրն (Մասաչուսէց):
Հայ Դատի յանձնախումբը ներկայացուց հետեւեալ առաջնահերթութիւնները․-
– Կասեցնել ամերիկեան ռազմական օգնութիւնը Ատրպէյճանին։
– Կիրառել պատժամիջոցներ ազերի ռազմական յանցագործներու նկատմամբ։
– Ապահովել հայ ռազմագերիներու ազատ արձակումը։
– Միջազգային պաշտպանութեան ներքոյ, ապահովել Արցախի տեղահանուած հայերու վերադարձի իրաւունքը։
– Պաշտպանել արդար եւ կայուն խաղաղութիւնը, որ կը մերժէ ուժի սպառնալիքները եւ կ՛երաշխաւորէ Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը: