«Նեմեսիս» Գործողութեան 104-ամեակի Նշում
ԵՐԵՒԱՆ․- Մարտ 15-ին, Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի երիտասարդական միութեան եւ Հ․Յ․Դ․ Աջափնեակի կոմիտէին նախաձեռնութեամբ, Աջափնեակ համայնքին մէջ գտնուող Սողոմոն Թեհլիրեանի կիսանդրիին մօտ տեղի ունեցաւ յիշատակի ձեռնարկ մը` նուիրուած «Նեմեսիս» գործողութեան 104-ամեակին:
Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան, կարեւոր նկատելով օրուան խորհուրդը՝ ըսաւ. «Հիմա շատ աւելի խորհրդանշական են այս հաւաքները, նրանով են խորհրդանշական, քանի որ վերջին տարիներին մեզանից, հայութիւնից գողացան պատիւը, արժանապատուութիւնը, մեր մէջքը ծռուած է»:
Բեմադրիչ Սամուէլ Թադեւոսեան յայտնեց, որ ներկայ իշխանութիւնը ամէն ինչ կ՛ընէ, որ մենք մոռնանք մեր հերոսները, բայց, հակառակ այդ բոլորին, տակաւին կը նշուի «Նեմեսիս»-ի գործողութեան թուականը եւ կը յարգուի Թեհլիրեանի յիշատակը։
Արցախեան պատերազմին մասնակցած «Ֆետայիներ» կազմակերպութեան նախագահ Սէյրան Չիլինգարեան լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ թէ. «Այն ինչ յայտարարւում է կիսատ է: Մենք փաստացի այսօր չունենք Արցախ, փոխարէնն ունենք վտանգուած սահմաններ, ունենք բարձունքներ, որ գտնւում է թշնամու տիրապետութեան տակ»: