Լրահոս

«ՄԻՒԶԻՔԸԼ ԱՐՄԻՆԻԱ»-Ի 40-ՐԴ ՅԻՇԱՏԱԿԵԼԻ ՀԱՄԵՐԳԸ 

Կիրակի, 9 Մարտին, Ազգային Առաջնորդարանի «Միւզիքըլ Արմինիա» տարեկան յայտագրի 40-րդ համերգը, «Քարնըկի Հոլ»-ի «Ուէյլ» համերգասրահին մէջ, ներկայացուց երկու խոստնալից երիտասարդներ՝ 16-ամեայ դաշնակահար Վարդան Առաքելեանը եւ 21-ամեայ դաշնակահար եւ երգահան Առնօ Մելքոնեանը։ Լեցուն սրահի մը առջեւ տեղի ունեցած համերգը մեծ յաջողութեամբ պսակուեցաւ։

Վարդան Առաքելեան ներկաներուն հրամցուց Պախի, Պէթհովէնի, Շոփէնի եւ Շումանի գործեր, իր յայտագիրը ամբողջացնելով Առնօ Բաբաջանեանի «Դաշնակի վեց պատկերներ» գործի մէկ հատուածով։

Դադարէն ետք, Առնօ Մելքոնեան նուագեց Բաբաջանեանի «Նախերգանք»-ը, որմէ ետք, երիտասարդ երաժիշտներ Անալունա Շահինի, Ալիսա Շինի (ջութակ), Մինճուն Սէօ (ջութ), Քերալթ Ժիրալթ (թաւջութակ) եւ Ալի Ռեզա Խոտայարիի (թառ) ընկերակցութեամբ, ներկայացուց իր սեփական ստեղծագործութիւննրէն մէկ քանին, ինչպէս «Հարսանեկան երգ», «Հայրենասիրական ռափսոտի», «Լարային թիւ 1 քառեակ» եւ, առաջին անգամ ըլլալով, «Ի յիշատակ Արցախին» երեք շարժումներով գործը դաշնակի համար։

Յայատագրէն ետք, Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան, հիւրընկալեց երիտասարդ երաժիշտները Առաջնորդարանին մէջ, ջերմ գնահատանքով արտայայտուելով անոնց մասին։ Ան գնահատեց արուեստի մէջ բարձր մակարդակով ձեռք բերած անոնց հմտութիւնը եւ մաղթեց  յաջողութիւն։

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button