ՆՇՄԱՐ․- ԹՐԱՄՓ «ՄԱՐԳԱՐԷ»-ԻՆ ՊԱՏՄՈՒՃԱՆԸ…
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
6 Մարտ 2025
Ուքրայինայի զօրակցութիւն յայտնելու տենդով` մօտաւորապէս մէկ շաբաթէ ի վեր տարօրինակ մրցակցութիւն մը բացուած է Եւրոպայի մէջ: Թրամփ-Զելենսքի ուաշինկթընեան աղմկայարոյց հանդիպումէն ետք, նախ արքայական Բրիտանիոյ վարչապետը փորձեց իր «մական»-ին շուրջ բոլորել եւրոպացի դաշնակիցները, որոնք զինական պատկառելի օժանդակութիւն մը ծրարեցին Ուքրայինայի համար: Յետոյ, մրցադաշտին մէջ յառաջ անցաւ Ֆրանսայի նախագահին ձին. նախագահը հրապարակ եկաւ Եւրոպան ֆրանսական կորիզային պաշտպանական հովանոցով մը օժտելու (այսինքն՝ ֆրանսական գերակայութեան մը ստեղծումի) գաղափարով: Ան նաեւ ջատագով է Ուքրայինայի զինուորական օժանդակութիւն տրամադրելու: Զելենսքի հրճուանքով եւ երախտագիտական արտայայտութիւններով ողջունեց եւրոպացիներուն պատրաստակամութիւնն ու առատաձեռնութիւնը՝ իր զինական կարիքները ապահովելու իմաստով, պաչպչեց Ֆոն Տէր Լայuնի երեսները: Հա՛, չմոռնանք, որ Թուրքիա եւս ախորժակը սրած է՝ պատրաստուող կարկանդակէն բաժին ստանալու յոյսով, ու կ’ըսէ, թէ կրնայ զինուոր ղրկել Ուքրայինա:
Փակագիծ մը բանանք եւ արձանագրենք, որ Ուքրայինայի օգնութիւն հասցնելու վազքին մէջ, եւրոպացիք միակամ չեն, իսկ զօրակիցներուն խանդավառութիւնը աւելի եւս կը շեշտէ խաղաղասիրութիւն քարոզող Ուաշինկթընի եւ անոր եւրոպացի դաշնակիցներուն միջեւ տարակարծութեանց խորացումը (գոնէ այժմու երեւոյթները այդ ցոյց կու տան. իսկ եթէ վաղը խաղին օրէնքները վերափոխուին` պիտի ըսուի. «Քաղաքական կեանքի մէջ ամէն բան հաւանական է. այսօր դաշնակից, վաղը թշնամի…»): Փակենք փակագիծը:
***
Նորագոյն այս դիպաշարն ու վաղը-միւս օր ծագելիք հաւանականութիւնները եթէ պահ մը դիտենք քիչ մը տարբեր անկիւնէ, դժուար պիտի չըլլայ տեսնել, որ ստեղծուած կացութիւնը կը յիշեցնէ… Հին Կտակարանի մէկ դրուագը: Կը պատմուի, որ Եղիա մարգարէն իր երկրաւոր կեանքը մահով չէ փակած, այլ Աստուած զինք հրեղէն կառքով մը երկինք տարած է: Յորդանան գետի ափէն թռիչք առնելու պահուն՝ իր պատմուճանը ձգած է հաւատարիմ աշակերտներէն՝ Եղիսէին, որ այսպէսով ժառանգած է Եղիային առաքելութիւնը:
Ընթրեցողս իրաւունք ունի հարց տալու. Քրիստոսէ աւելի քան 900 տարի առաջ ապրած Եղիան ու Եղիսէն ի՞նչ կապ ունին մեր այսօրուան անցուդարձերուն հետ: Փորձենք գտնել կապը:
Զելենսքիի հետ իր հանդիպումէն ետք, Թրամփ որոշեց դադրեցնել (առայժմ) Ուքրայինայի զինական եւ տեղեկատուական-լրտեսական աջակցութիւնները, յայտարարեց, որ Զելենսքի պէտք է ընդունի Ուքրայինայի բնական հարստութիւններով փոխհատուցել ամերիկեան օժանդակութիւնները: (Պահ մը մէկդի ձգենք, որ Թրամփ պատրաստ է վերատեսութեան ենթարկելու իր այս «բիրտ» կեցուածքը, Զելենսքին ալ պատրաստ է «բարի տղայ» ձեւանալ եւ ընդառաջել այս պահանջին): Ասդին, Քիեւի օգնութիւն տրամադրելու մրցավազքին մէջ զիրար գերազանցելու ելած եւրոպացիք խորքին մէջ մտած են նաեւ այլ մրցավազքի մը մէջ, որ թափանցիկ շղարշով մը ծածկուած է եւ ո՛չ ոք կը խօսի այդ մասին: Կարծէք թէ Ուքրայինայէն աւելի՝ անոնց անմիջական հետաքրքրութիւնն ու մտահոգութիւնը ուրիշ տեղ է, այսինքն՝ անմիջական մտասեւեռումներէն մէկը այն է, թէ Եւրոպայի մէջ ո՞վ պիտի գրաւէ Ամերիկայի ձգած (հաւանական կամ շինծու) բացը, այսինքն՝ ո՞վ պիտի խլէ Թրամփ «մարգարէ»-ին պատմուճանը:
Պատկերը շատ տարբեր չէ ովկիանոսին արեւմտեան կողմը: Թրամփ յայտնապէս աւելի՛ մտահոգ է դեմոկրատները գետնէ-գետին զարնելով, քան թէ Ուքրայինայի օժանդակել-չօժանդակելու ընտրանքներով կամ եւրոպացիներու եւ այլ դաշնակիցներու հետ խզուիլ-չխզուիլ, տուրքեր հաստատել-յետաձգել խաղալով (առանձին հարց է, թէ այդ խաղերուն դիմաց սուղ վճարողները որո՞նք են):
Ֆրանսա յառաջ ինկած է եւ կ’ուզէ պատմուճանին առաջին յաւակնորդը ըլլալ: Զինական օժանդակութիւններու կողքին՝ Ուքրայինայի կը խոստանայ լրտեսական աջակցութիւն: Եւրոպացի մամլոյ դէտ մը նշեց, որ Ֆրանսա Եւրոպական միութեան միակ անդամն է, որ կորիզային զէնք ունի: Բրիտանիա այդ արժանիքը չունի հիմա, «Պրեքզիթ»ին պատճառով: Գերմանիա այլապէս ինկած է իր ներքին քաղաքական փոթորիկներուն գիրկը, առայժմ լուրջ յաւակնորդ մը չ’երեւիր Ֆրանսայի դիմաց, թէեւ զինապաշտութեան մէջ չ’ուզեր անկէ ետ մնալ: Սակայն, կրկնենք, Եւրոպայի տարածքին, թէ՛ ՆԱԹՕ-ի եւ թէ եւրոմիութեան շրջագիծերուն մէջ հակադրութիւնները լուսարձակի տակ են: Մինչ այդ, սղութեան ալիքներէ հալածական քաղաքացիները կը սպասեն, որ իրենց կառավարութիւնները քիչ մըն ալ ձեռք զարնեն ներքին դժուարութիւնները դարմանելու գործին…:
Կորիզային ուժի տէր միւս հսկան՝ Չինաստանը, գրաւած է ձեւով մը հեռուէն դիտողի եւ խրատողի աթոռը, կը տեսնէ, որ Ուաշինկթըն կը փորձէ հարուած տալ Մոսկուայի հետ իր կապերուն, մանաւանդ որ հոն կայ… «ՊՐԻՔՍ»-ը:
«Վերաձեւաւորուող աշխարհ»-ը հետամտողներ այս փուլին իրաւունք չունին կարգ մը իրականութիւններ արհամարհելու եւ տարուելու չափազանցեալ յոյսերով: Ճանչցուած դաշնակիցներ պատրաստ են զիրար կռնակէն դաշունահարելու, եւ հարցերուն հարցը այն է, թէ ո՞ր դաշնակիցին կարելի է վստահիլ, ապաւինիլ, որո՞ւն յոյս կապել-չկապել: Այսպէ՛ս է, որովհետեւ զինարշաւը շահած է գործակցական փոխընտրանքին դէմ մրցումը (գործակցութի՞ւն… հա՞… սա ի՞նչ պտուղ է):
***
Վաղը ի՞նչ կրնայ պատահիլ-ը նետուած է նախատեսութիւններու սակարանին մէջ: Ուաշինկթըն չի կրնար մտահան ընել իր շահերը եւ մոռնալ ՆԱԹՕ-ի մէջ տիրապետողի իր դիրքը (անկախ փոփոխամիտ Թրամփի լաւ-վատ տրամադրութիւններէն): Եւրոպան ալ չի կրնար արհամարհել այս իրականութիւնը, որովհետեւ չէ մոռցած, որ Բ. Աշխարհամարտին, ամերիկեան օժանդակութեամբ էր որ նահանջի մատնեց նացի Գերմանիան, եւ թէ՝ այդ օրերուն, Ռուսիոյ «նախահայր» Խորհրդային միութիւնը իրենց հետ նոյն խրամատին մէջ էր. աւելին, «Մարշըլ ծրագիր»ը չինական արտադրութիւն չէր, հիմա, անոր տարբերակը կը թխսուի Ուքրայինայի համար եւ կը գրգռէ նոր ախորժակներ, մրցակցութիւններ: Եւրոպացիք կը խոստովանին, որ առանց Ուաշինկթընի յենարանին՝ իրենք առանձինն շատ բան չեն կրնար ընել, բացի… «պատմուճան»-ը խլելու տարօրինակ մրցումէն:
Այլ հարց, թէ Ուաշինկթըն-Մոսկուա գիծին վրայ նշմարուող մեղմացումի մթնոլորտը որքա՞ն իրական է, որքա՞ն խաբուսիկ: Պերլինի Պատին փլուզումէն ետք, անցած է աւելի քան 35 տարի, աշխարհը ականատես եղած է տաք-պաղ փուլերու, հիմա, տաք-ին կը խոստանայ յաջորդել գաղջ մը, որուն հորիզոնը կը մնայ անորոշ, որովհետեւ Արեւմուտքը չի ցուցաբերեր այն միասնականութիւնը, որ կար «աշխարհի նոր համակարգ»ի ստեղծման այդ օրերուն:
Այլ խօսքով, հարցը միայն «մարգարէին պատմուճանը» ժառանգելու պատմութիւն չէ, այլ կան բաւական յստակ… բարդութիւններ: Եւ այդ բարդութիւնները կրնան միաժամանակ բարիք կամ պատուհաս բերել խաղին առնչակից փոքրերու գլխուն, նայած՝ թէ անոնք որքա՞ն վարպետ են նման խաղի մէջ մտնելու: