Լրահոս

ՈՒՍՏԸՐԻ ՄԷՋ` ՍԱՐԿԱՒԱԳԱՑ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ

2-3 Մայիսին, Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեանի հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ, Արեւելեան Թեմի Կրօնական Ժողովը սարկաւագաց հսմագումար մը կազմակերպեց, Ուստըրի (Մասաչուսէց) Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ , որ մեծ յաջողութեամբ պսակուեցաւ։

Իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան 45 սարկաւագներ։ Իր բացման ու փակման խօսքերով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ընդգծեց սարկաւագին դերը եկեղեցւոյ կեանքին մէջ։

Սարկաւագները տեսական եւ գործնական նիւթերով օժտուած ծրագրի մը հետեւեցան, որ նաեւ ունեցաւ աղօթքի պահեր ու ընկերային յարաբերութեան բաժին մը։ Դասախօսներն էին՝ Հոգշ. Տ. Վաչէ Վրդ. Պալըքճեան (գործնական ծիսագիտութիւն, Ա. մաս), Արժպ. Տ. Ստեփան Քհն. Պալճեան (գործնական ծիսագիտութիւն, Բ. մաս), Արժպ. Տ. Անդրանիկ Ա. Քհն. Պալճեան («Սարկաւագը պատմութեան մէջ») եւ Արժպ. Տ. Գաբրիէլ Քհն. Նազարեան («Սարկաւագի դերն ու պատկերը եկեղեցւոյ կեանքին մէջ»)։ Արժպ. Տ. Հրանդ Քհն. Գէորգեան նաեւ մասնակցեցաւ սեմինարին եւ հոգեւոր խորհրդածութիւններ հրամցուց աղօթքի պահերուն ընթացքին։

Այս համագումարին նման ձեռնարկներ հիմնական նշանակութիւն ունին մեր եկեղեցւոյ հոգեւոր ու ծիսական կեանքը կենսաւորելու համար։ Անոնք ո՛չ միայն կը ծառայեն սարկաւագներու հասկացողութիւնը խորացնելու իրենց սրբազան պարտաւորութիւններուն հանդէպ, այլ նաեւ կը զարգացնեն հոգեւորականներու կապերը։

Դասախօսութեանց մաս կազմեցին նաեւ ժամերգութիւններ։ Այս առթիւ, Ազգային Առաջնորդարանի Ազգային Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական Ժողովի անդամները, որոնք Ուստըր կը գտնուէին հերթական ժողովի, մասնակցեցան Կիրակմուտքի արարողութեան։ Բոլոր ներկաները իրենց խորին գնահատանքը յայտնեցին Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ համայնքի եւ հոգաբարձութեան ջերմ հիւրասիրութեան համար։

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button