Յօդուածներ

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑՆՈՂ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԻՒՆ

(«Լարք»-«Դիլիջան»ի Այս Տարուան Համերգաշարին Փակման Առիթով)

 

Screenshot

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

9 Մայիս 2025

«…Այսօրուանից յանձնում եմ քեզ Հայոց լեզո՜ւն հազարագանձ»:

 Ս. ԿԱՊՈՒՏԻԿԵԱՆ

 

«Ասպարէզ»-ի կայքէջին վրայ կարդացի «Լարք»-ի «Դիլիջան» համերգաշարի այս տարուան եզրափակիչ հանդէսին՝ Կարինէ Տէր Գէորգեանի թղթակցութիւնը, ուր արուեստագէտի աչքով ամփոփ բայց հարազատ գոյներով պատկերուած էին Կիրակի, 4 Մայիսի «համադամները»:

Ուշադրութիւնս գրաւեց յօդուածագիրին մէկ նկատողութիւնը. «Զարմանալի է, թէ որքա՜ն երկար կեանք ունեն դասական երաժշտութեան հաստատուած գործերը, որ այսքան տարիներ յետոյ, 2025 թուականին, դեռ կարելի է հրամցնել ունկնդրին»: Ակնարկութիւնը անմիջականօրէն կ’երթար Չայքովսքիի մէկ գործին, որ համակած էր երաժշտասէր ունկնդիրները, իսկ Չայքովսքի կեանքէն հեռացած է աւելի քան 130 տարի առաջ: Վստահ եմ, որ յօդուածագիրը ի մտի ունէր նաեւ յայտագիրին վրայ տեղ ունեցող միւս երգահանները՝ Պապաճանեանը, Պրամզը, եւ բոլոր անոնք, որոնք հնչած են «Լարք»ի համերգաշարին ու այլ բեմերէ:

Նմանօրինակ նշումներ նորութիւն չեն, եւ չեն սահմանափակուիր միայն երաժշտութեան կալուածին: Նոյնը կրնանք ըսել ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՈՐԵՒԷ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԹԵԱՆ մասին, որ ԱՐԺԷՔ է, մնայուն, անժամանցելի արժէք, կարողութիւնը ունի – ինչպէս գիտաերեւակայական վէպերու կամ ժապաւէննէեու հերոսները – խորտակելու ժամանակի պատուարները եւ ինքզինք պարտադրելու, զանգուածներ հմայելու տասնամեակներ, հարիւրամեակներ, բազմաթիւ դարեր ետք: Սա կը յաջողի անկասկած, որովհետեւ կարծէք թէ Կապուտիկեանի վերոյիշեալ խօսքը, որ ըստ էութեան մեր լեզուին մասին է, ԼԵԶՈ՛Ւ-ԱՐԺԷՔին, կը տարածուի արուեստի եւ այլ մնայուն ու անժամանցելի արժէքներուն վրայ, եւ անոնք կը փոխանցուին սերունդէ սերունդ, կը վերաթարմացնեն Արժէքը, կը վերակենսաւորեն երիտասարդական կազդոյրը:

Օրինակներու թուումը, կը կարծենք, ժամավաճառութիւն պիտի ըլլայ:

Այսուամենայնիւ, լուռ հարցադրումը միտքս զբաղեցուց, եւ փորձեցի ընկալեալներէն տարբեր բացատրութիւն մը գտնել: Եւ… գտայ: Նման արժէքներու անժամանցելիութիւնը, բեմերու վրայ մնայուն ներկայութիւնը ունի նաեւ այլ պատճառ, այն՝ որ մի՛շտ նորեր, ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ կու գան շարունակելու դարերէն եկող դրօշարշաւը, իւրաքանչիւր արուեստագէտ կ’աշխատի կտորին ծնունդ տուած հանճարին «մորթին մէջ մտել», վերապրիլ զայն, ու աւելի՛ կարեւորը՝ իր ներաշխարհը անոր միախառնելով՝ նոր կնիք մը դնել մատուցուող կտորին վրայ: Ուրեմն, մտածեցի, բանալի տարր մըն է ԵՐԻՏԱՍԱՐԴը:

Այս մտածումիս վկայութիւնները գտայ նոյնինքն նշեալ համերգին մէջ: Արձանագրեմ մէկ քանին: Սրահ հասնող հանդիսականները դիմաւորուեցան երաժշտանոցին պատանի եւ երիտասարդ սաներու կողմէ, որոնք ցոյց կու տային հիւերուն նստարանները: Բեմին վերադասաւորումները կը կատարէին երիտասարդներ: Երաժշտական կտորները մատուցուեցան մեծ մասամբ երիտասարդ արուեստագէտներու կողմէ՝ ջութակ, թաւ ջութակ եւ այլն: Նուագողներուն շարքին կար նաեւ սպիտակահեր արուեստագէտ մը, որ կարծէք թէ հոն էր յուշելու՝ որ արուեստի մատուցումը անվերջանալի դրօշարշաւ մըն է, տարեցը իր կողքին կ’ունենայ երիտասարդն ու պատանին, որոնք վաղը, ապագային, իրենց կարգին պիտի դառնան տարեց-երիտասարդներ, եւ իրենց կողքին պիտի ունենան նորահաս պատանիներ եւ երիտասարդներ, ու երթը պիտի շարունակուի անվերջանալի կերպով:

Եթէ փորձեմ նոյն մտածումը տանիլ սկզբնաղբիւր, պէտք է յիշեմ, որ նոյնինքն երգահանները, տասնամեակներ կամ դարեր առաջ յօրինողները՝ իրենց ստեղծագործութիւններուն մեծ մասը երկնած են իրե՛նց երիտասարդութեան տարիներուն: Եւ ճի՛շդ հոս ալ կարելի է գտնել պատասախանը այլ հարցումի մը, թէ երաժշտութեամբ համակուողը, երաժշտութիւն դասաւանդողը եւ մատուցողը մի՛շտ ալ երիտասարդական պատառ մը կը պահէ իր էութեան մէջ, անկախ, թէ քանի՞ տասնամեան ետին նետած է իր կեանքէն: Ասո՛ր ալ վկայութիւնը կրնանք գտնել նոյնինքն «Լարք»ի յարկին տակ (նաեւ այլուր), որովհետեւ դասատուները միշտ ալ երիտասարդական հրայրքով կը կատարեն իրենց առաքելութիւնը, աւելի՛ն, պատրաստ են բեմ բանալու իրենց խնամքին արժանացած տաղանդաւորներ, որոնք շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, կը բանան իրենց թեւերը եւ թռիչք կը կատարեն աշխարհի տարբեր քաղաքներու երկինքներուն, կը փայլատակեն համբաւաւոր բեմերէ, նոյնքան համբաւաւոր խումբերու հետ: Եւ ահա ա՛յս կէտին մէջ ալ կը մարմնաւորուի «Լարք»ի առաքելութեան ակներեւ մէկ – բայց ոչ միակ – գիծը: Եւ ահա ա՛յս գիծն է որ երիտասարդ կը պահէ այս երաժշտանոցը՝ իր անձնակազմով եւ ունկնդիր հանդիսականներով:

Սպասելով երիտասարդացնող նոր գարուններու…

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button