Լրահոս

ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՆ ՇԱԲԱԹԸ

 

Ազգային Ժողովին այս տարուան նստաշրջանը ընթացք առաւ Հայաստանի քարտէսին թեմայով, որ անգամ մը եւս ընդդիմութեան եւ իշխանութեան միջեւ ստեղծեց սուր բանավէճ։

Ընդդիմութիւնը որոշեց սրբագրել խորհրդարանի նիստերու դահլիճին մէջ գտնուող քարտէսը, որմէ կը բացակայի Արցախը։ Պատգամաւոր Աննա Մկրտչեան՝ ներկայացնելով Հայաստանի եւ Արցախի միացեալ քարտէսը, յաջողեցաւ փակցնել Ազգային Ժողովի նախագահութեան ամպիոնին։ Այս քայլէն ետք խորհրդարանի ապահովութեան աշխատակիցներէն մին մտաւ դահլիճ եւ հեռացուց ամպիոնին փակցուած քարտէսը։

Մինչ այդ Մկրտչեան յիշեցուց, որ քանի մը տարի առաջ հայրենիքը այս տեսքը ունէր՝ նշելով, որ ներկայ իշխանութիւնները դաւաճանաբար կորսնցուցած են Արցախը։ Քարտէսին շուրջ ծաւալեցաւ սուր բանավէճ՝ իշխանամէտ եւ ընդդիմադիր պատգամաւորներու միջեւ։

*

Հայաստանի Ապահովութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան յայտարարեց, որ մտահոգիչ կը համարէ Ատրպէյճանի նախագահին եւ այլ պաշտօնատարներու կատարած յայտարարութիւնները՝ շեշտելով,որ Հայաստան խաղաղութիւն չի խնդրեր, այլ խաղաղ լուծումներ կ՛առաջարկէ։

Գրիգորեան նաեւ նշեց ռազմափորձերը, որոնց շարքը կ՛երկարի Ատրպէյճանի մէջ։ Ան նաեւ յիշեցուց, տարբեր երկիրներէ դէպի Ատրպէյճան օդանաւային բեռնատար թռիչքները, որոնց միջոցով շատ հաւանաբար զէնք եւ զինամթերք կը փոխադրուի Ատրպէյճան։

Մինչդեռ Հայաստանի Արտաքին հետախուզութեան ծառայութիւնը, հրապարակեց տարեկան զեկոյցը, որուն մէջ նշեց, որ բարձր չէ հաւանականութիւնը Ատրպէյճանի բանակին կողմէ Հայաստանի վրայ յարձակման մը։ Հակասական այս գնահատականները եկան առաւել շեշտելու այն անորոշ վիճակը, որուն մէջ կը գտնուին Երեւանի իշխանութիւնները։

*

   Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Մոսկուայի մէջ տեսակցութիւն մը ունեցաւ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։

Հանդիպումէն ետք կայացած մամլոյ միացեալ ասուլիսին ընթացքին Միրզոյեան յայտարարեց, որ Հայաստան շահագրգռուած է Ռուսիոյ հետ արդիւնաւէտ քաղաքական երկխօսութեամբ, աւելցնելով,որ Հայաստան միշտ հաւատարիմ եղած է բաց եւ շինիչ երկխօսութեան սկզբունքին։

Խորհրդակցութիւններու նիւթ դարձաւ նաեւ Հայաստանի Սիւնիքի մարզին մէջ ռուսական հիւպատոսարան բանալու հարցը։ Լաւրով նշեց, որ Սիւնիքը ռազմավարական մեծ նշանակութիւն ունեցող շրջան է եւ ռուսական հիւպատոսարանի բացումը կը բխի Հայաստանի եւ Ռուսիոյ շահերէն։

*

Հայաստանի կառավարութիւնը Ազգային Ժողով ուղարկեց փոփոխութիւններու փաթէթ մը, ըստ որուն կ՛առաջարկուէր քաղաքացիութիւն ստանալու տուրքը հազար դրամէն բարձրացնել յիսուն հազար դրամի , իսկ հրաժարելու համար՝ 25 հազարէն դարձնել 150 հազար դրամի։ Այս ձեւով Հայաստանի քաղաքականութենէն հրաժարելու տուրքը վեց անգամ կը բարձրանայ։ Տուրքերէն զերծ կը մնան փախստականները եւ քաղաքացիութիւն չունեցողները։

Խնդիրը այն է, որ, ըստ իրաւաբան Զարուհի Յովհաննիսեանի, այս հարցը կը վերաբերի նաեւ պաշտպանական մարզին, որովհետեւ քաղաքացիութենէն հրաժարումը կապ ունի պարտադիր զինուորութեան ծառայութեան հետ, որմէ կը ջանան խուսափիլ բազմաթիւ երիտասարդներ։ Ասոնց թիւը թէեւ չի հրապարակուիր, սակայն հաւաստի աղբիւրներու համաձայն, շատ մեծ է թիւը այն երիտասարդներուն, որոնք պարտադիր զինուորական ծառայութենէ զերծ մնալու համար, կը դիմեն հայաստանեան քաղաքացիութենէ հրաժարելու միջոցին։ Հոլովոյթը կը սկսի, երբ ենթական տասնչորս կամ տասնհինգ տարեկան է։

Մինչ կ՛առաջարկուի մինչեւ 24 տարեկան երիտասարդներու հայաստանեան քաղաքացիութենէն հրաժարելու տուրքը բարձրացնել մինչեւ 15 միլիոն դրամի, Յովհաննիսեան կարեւոր համարեց, որ  պէտք է վերացնել ոչ թէ հետեւանքը, այլ պարզել յառաջացած խնդրին պատճառը, որ բանակին ոչ ժամանակակից վիճակն է, ինչ որ իրավիճակը կը բարդացնէ։

*

Հրապարակուած տեղեկութիւններու եւ վարկանիշերու համաձայն, Հարաւային Կովկասի մէջ աշխատող օտարազգիներու համար, Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանը ամէնէն սուղ քաղաքն է

Երեւան կը գտնուի 115-րդ դիրքի վրայ, մինչ Պաքու եւ Թիֆլիս յաջորդաբար կը գտնուին՝ 171-րդ եւ 188-րդ հորիզոնականներու վրայ։ Կը նշուի, որ քաղաքական անորոշութիւնները, շրջանային տագնապները, եւ արտակարգ իրավիճակները կը բարձրացնեն ծախսերը եւ սակերը բնակարաններու, սպասարկութիւններու եւ այլ մարզերու մէջ։ Օտարազգի աշխատաւորներու եկամուտներուն վրայ կ՛ազդեն նաեւ գնաճը եւ արժութային տատանումները։

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button