Երկու Տեսակ Աղքատութիւն

Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան
Աւետարան Ըստ Ղուկասու 16րդ գլխուն 19-էն՝ 31 համարներուն մէջ կը կարդանք Յիսուսի պատմած «Մեծահարուստին եւ Աղքատ Ղազարոսին Առակը»: Առակին մէջ նկարագրուած հարուստ մարդը կեանքը ապրեցաւ եւ վայելեց փարթամ ու շքեղ մթնոլորտի մէջ: Իսկ Ղազարոս ապրեցաւ աղքատ, անօթի եւ հիւանդկախ կեանք մը:
Ժամանակ մը յետոյ, երկուքն ալ մեռան: Առակը կը պատմէ թէ աղքատիկ Ղազարոսը երբ մեռաւ «հրեշտակները զինք Աբրահամի գոգը տարին»: Իսկ հարուստ մարդը իր աչքերը դժոխքի մէջ բացաւ: Ան դժոխքէն երկու խնդրանք ըրաւ: Առաջին խնդրանքը որ Հայր Աբրահամ՝ Ղազարոսը դժոխք ղրկէ, «որպէս զի մատին ծայրը ջուրին թաթխէ եւ զովացնէ իր լեզուն»: Խնդրանքը մերժուեցաւ, քանի որ անկարելի էր: Աբրահամ ըսաւ մեծահարուստին. «Գիտցի’ր որ մեծ անդունդ մը կայ մեր եւ ձեր միջեւ: Եթէ ուզեն այստեղէն ձեր մօտ անցնիլ՝ չեն կրնար»:

