Ամերիկահայ
ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ՝ «ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ՏԱԹԵՒԱՑԻ» ԼՍԱՐԱՆԻ

ՆԻՒ ԵՈՐՔ․- Յունուար 11-12-ին, Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքը հովանաւորեց «Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի» ամառնային լսարանի հանդիպումը Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։ Հանդիպումին ներկայ էին լսարանի վերջին երեք տարիներու 28 աշակերտներ հետեւեալ ծուխերէն՝ Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցի (Նիւ Եորք), Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի (Ֆիլատելֆիա – Փենսիլվանիա), Սուրբ Վարդանանց եկեղեցի (Ռիճֆիլտ – Նիւ Ճըրզի), Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցի (Ուաթըրթաուն – Մասաչուսէց) եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի (Նորթ Անտովըր – Մասաչուսէց)։

