ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՆ ՇԱԲԱԹԸ
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակը գործարկեց երկլեզու կայքէջ՝ Պաքուի մէջ ապօրինի կերպով արգելափակուած գերիներու ձեւական դատավարութեան նախօրեակին։ Հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով կայքէջերը կ՛իրազեկեն Պաքուի բանտերուն մէջ պահուող հայ գերիներուն թղթածրարներուն մասին՝ լուսարձակներու տակ բերելով շինծու դատավարութիւնները, որոնք բեմականացուած են Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ։
Կը նշուի, որ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու միջազգային ցանցը տարբեր ուղղութիւններով կը շարունակէ աշխատանքը հայ գերիներուն թղթածրարը միջազգային ուշադրութեան առարկայ դարձնելու եւ անոնց տունդարձին նպաստելու նպատակով։
*
Հայաստան եւ Միացեալ Նահանգներ ստորագրեցին ռազմավարական գործընկերութեան կանոնադրութիւնը։ Փաստաթուղթը գործակցութեան քանի մը բաժիններ կը ներառէ՝ պաշտպանութիւն, ապահովութիւն, ժողովրդավարութիւն, արդարադատութիւն, տնտեսական, փոխադրութեան եւ ուժանիւթի մարզեր։ Անոր մէջ ընդգծուած է ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան պաշտպանութիւնը։Հայաստան, որ ի զօրու է պաշտպանել իր միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններուն անխախտելիութիւնը։
Տեղին է նշել , որ Միացեալ Նահանգներ կ՛աջակցի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման եւ սահմանազատման հոլովոյթին, հիմնուելով Ալմա- Աթայի հռչակագրին վրայ։ Փոխադրութեան եւ հաղորդակցութեան միջոցներու ապաշրջափակման հարցին վերաբերեալ կը շեշտուի երկիրներու ինքնիշխանութիւնն ու իրաւազօրութիւնը։
Փաստաթուղթին մէջ նաեւ արձանագրուած է, որ Հայաստան դէպի ծով ելք չունի եւ կը բախի մարտահրաւէրներու՝ համաշխարհային առեւտրային շուկաներուն սահմանափակ հասանելիութեան պատճառով, հետեւաբար Ուաշինկթըն կ՛աջակցի Երեւանի համարկման՝ աւելի լայն շրջանային փոխադրութեան ցանցերուն, Երեւանի իշխանութիւններուն առաջարկած Խաղաղութեան Խաչմերուկ նախագիծի խթանման միջոցով։
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներ կ՛աշխատին Հայաստանի հետ՝ անկախութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը հաստատելու համար սեփական տարածքներու վրայ։Առանց յստակացնելու եւ մանրամասնելու այս կէտը՝ Պլինքըն յայտարարեց, որ յառաջիկային ամերիկացի դէտերու խումբ մը Հայաստան պիտի գործուղուի։
*
Իլհամ Ալիեւի ընտանիքին հետ սերտ կապեր ունեցող՝ ատրպէյճանական «Սիլք Ուէյ» օդանաւային ընկերութիւնը դիմած է ամերիկեան արտածման եւ ներածման պետական դրամատան, որպէսզի հարիւր միլիոն տոլարի վարկ ստանայ՝ Պոյինկ տիպի բեռնատար օդանաւեր գնելու համար։
Խնդիրը այն է, որ այս բեռնատարներուն միջոցով զէնք կը փոխադրուի Ատրպէյճան։Այս իմաստով ալ ամերիկայի Հայ Դատի գրասենեակը ներկայիս աշխատանք կը թափէ, որպէսզի ամերիկեան դրամատունը մերժէ «Սիլք Ուէյ»-ի դիմումը, որովհետեւ ինչպէս նշեցինք, կայ լուրջ մտավախութիւն, թէ Ալիեւի վարչակարգը գնուելիք օդանաւերը գործածէ՝ զէնք փոխադրելու համար։
Պէտք է նշել, որ ատրպէյճանական օդանաւային ընկերութիւնը առաջին անգամը չէ, որ ամերիկեան դրամատան կը դիմէ՝ վարկ ստանալու համար։
*
Հայաստանի Ազգային Ժողովի ընդդիմադիր Հայաստան խմբակցութեան պատգամաւորներուն կողմէ կառավարութեան եւ արտաքին գործոց նախարարութեան դէմ բացուած դատին առաջին նիստը յետաձգուեցաւ։ Ընդդիմադիր պատգամաւորներու պաշտպան փաստաբան Յովհաննէս Խուտոյեան յայտնեց, որ պատգամաւոր Մհեր Սահակեան մահուան պատճառով միջնորդած եւ նիստը յետաձգելու առաջարկ կատարած է։
Ընդդիմադիր պատգամաւորներ՝ Արթիւր Խաչատրեան, Գեղամ Մանուկեան, Քրիստինէ Վարդանեան եւ Աննա Գրիգորեան դատարանին միջոցով կը ջանան հայեւատրպէյճանական խաղաղութեան պայմանագրի նախագիծին ծանօթանալու հնարաւորութիւնը ձեռք ձգել։Անոնք կը պահանջեն,որ ոչ իրաւաչափ համարուի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի նախորդ տարուան գրութիւնը, թէ ընդդիմադիր պատգամաւորներուն արգիլուած է ծանօթանալ բանակցուող փաստաթուղթին։ Յաջորդ դատական նիստը պիտի կայանայ Մարտ 4-ին։
*
Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ ապահովութեան հարցերով բանբեր Անիթա Հիպէր յայտարարեց, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան պէտք է բանակցին անլոյծ մնացած հարցերու շուրջ՝ խուսափելով եւ հրաժարելով սուր հռետորաբանութենէ եւ ուժի կիրառման սպառնալիքներէ։
Հիպէր վերահաստատեց Եւրոպական Միութեան պատրաստակամութիւնը՝ աջակցելու երկու կողմերուն, Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հասնելու համար։Ան շեշտեց, որ կողմերը կը խրախուսեն՝ շարունակելու երկխօսութիւնը եւ գտնելու փոխադարձ ընդունելի լուծումներ, որոնք կը փարատեն մտահոգութիւնները։
*
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ պաշտօնական մակարդակի վրայ հայեւռուսական յարաբերութիւնները բարդ իրավիճակ մը ունին, իսկ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւնները լաւ ընթացքի մէջ կը գտնուին։ Խօսելով հայեւամերիկեան ռազմավարական գործընկերութեան համաձայնագրին մասին, Լաւրով նշեց, որ կարեւորը այն է, թէ ինչ պիտի բխի այդ փաստաթուղթէն։Ան մտահոգութիւն յայտնեց, որ Հայաստանի կրնայ պահանջ դրուիլ՝ միանալու համար պատժամիջոցներուն, որոնք հաստատուած են Ռուսիոյ դէմ։
Ինչ կը վերաբերի Եւրոպական Միութեան հետ սերտ կապերու եւ անդամակցութեան հեռանկարներ ունեցող Երեւանի իշխանութիւններուն ծրագրերուն, Ռուսիոյ դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ Հայաստան պէտք է յստակ ընտրութիւն կատարէ Եւրոպական Միութեան եւ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան միջեւ։
*
Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին արտաքին գործոց նախարարութիւն հրաւիրուեցաւ՝ ռուսական պատկերասփիւռի կայանէն «Շաբթուան լուրեր» հաղորդման համար, որուն ընթացքին խօսքեր արտասանուած են Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ հողային ամբողջականութեան դէմ։հանդիպման ընթացքին դեսպանին յանձնուած է համապատասխան բողոքի յայտարարագիր մը։