ԼԵՒՈՆ ԺԴ.՝ ՆՈՐ ՊԱՊԸ
ՎԱՏԻԿԱՆ․- Հինգշաբթի, 8 Մայիսին, ամերիկացի 69-ամեայ ծիրանաւոր Ռոպըրթ Ֆրենսիս Փրեւոսթ ընտրուեցաւ նոր Պապ, յաջորդելով նորոգ վախճանեալ Փրանկիսկոս Պապը։ Միացեալ Նահանգներ (Շիքակօ, Իլինոյ) ծնած առաջին Պապը որդեգրած է Լեւոն ԺԴ. անունը։
Իր առաջին պատգամը ուղղելով Սուրբ Պետրոս հրապարակը հաւաքուած բազմութեան, Լեւոն ԺԴ. ոգեկոչեց հանգուցեալ Փրանկիսկոս Պապը, կոչ ուղղելով անոր ժառանգութիւնը յիշել։ Ան շեշտեց միասնաբար աշխատելու աշխատանքը՝ «կամուրջներ ու երկխօսութիւններ կառուցող եկեղեցի մը» ըլլալու համար, եւ թելադրեց «մեր կարեկցութիւնը ցոյց տալ» այլոց հանդէպ «եւ սիրոյ հետ երկխօսութեան մէջ ըլլալ»։
Ան ողջունեց «Խաղաղութիւն ձեր բոլորին» խօսքով: Ապա իտալերէն եւ սպաներէն խօսք մը արտասանեց: Ապա սպաներէնով օրհնեց Փերուի մէջ իր «սիրելի թեմը»:
Վատիկանի Սիսթինեան մատուռին մէջ հաւաքուած 133 կարտինալները փակարանի չորրորդ քուէարկութեան ընթացքին ընտրեցին կաթողիկէ եկեղեցւոյ 267-րդ Պապը:
Պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, ամերիկացի մը ընտրուեցաւ։ Ան միսիոնարական աշխատանք կատարած է Հարաւային Ամերիկայի մէջ եւ վերջերս կը վարէր եպիսկոպոսներու նշանակման Վատիկանի ազդեցիկ գրասենեակը: Ան ամբողջ տասնամեակ մը ծառայած է Փերուի Թրուխիլօ քաղաքին մէջ, ապա 2014-2023 ծառայած է Չիքլայօ քաղաքին մէջ:
«Կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել իմ կարտինալ եղբայրներուս, որոնք զիս ընտրեցին Պետրոսին յաջորդը ըլլալու եւ ձեզի հետ քալելու իբրեւ միացեալ եկեղեցի մը: Միշտ ձգտելով խաղաղութեան եւ արդարութեան: Ձգտելով աշխատիլ այրերու եւ կիներու հետ, որոնք հաւատարիմ են Յիսուս Քրիստոսին` առանց վախնալու Աւետարանը քարոզելէ, միսիոնարներ ըլլալէ։ Պէտք է միասնաբար ձգտինք միսիոնարական եկեղեցի մը ըլլալու. եկեղեցի մը, որ կամուրջներ կը կառուցէ եւ երկխօսութիւն կը կատարէ», եզրակացուց Լեւոն ԺԴ. եւ ժողովուրդին կոչ ուղղեց` ուրիշներուն ողորմութիւն ցուցաբերելու եւ սիրով երկխօսութեան մէջ ըլլալու: