ՄԱԷՍԹՐՕ ՌԱՖՖԻ ՍՎԱՃԵԱՆԻ ՄԱՀԸ

Ոչ եւս է վաստակաւոր խմբավար Ռաֆֆի Սվաճեանը, որ մահացաւ Ուրբաթ, 6 Փետրուարին, Նիւ Եորքի մէջ։
Սվաճեան ծնած է 10 Մարտ, 1935-ին, Պէյրութ։ Յաճախած է Սուրբ Նշան վարժարան եւ «Նշան Փալանճեան» ճեմարանը։ Փոքր տարիքէն կապուած է երաժշտութեան, իսկ 1956-1957-ին յաճախած է Պէյրութի պետական երաժշտանոցը, միաժամանակ երաժշտական տեսութիւն եւ դաշնաւորում սորվելով Բարսեղ Կանաչեանէն։
1957-ին աւարտելէ ետք երաժշտանոցի դասընթացքները, հիմնած է Համազգայինի անդրանիկ երգչախումբը եւ համերգներով մեծ ոգեւորութիւն ստեղծած՝ գաղութին մէջ։ 1960-1965-ին ուսումը շարունակած է Մարսէյլի (Ֆրանսա) երաժշտանոցին մէջ, միաժամանակ ղեկավարելով «Արմենիա» երգչախումբը, հիմնադրին՝ Կոմիտաս Վարդապետի սաներէն Վարդան Սարգսեանի խնդրանքով։ Երգչախումբին հետ համերգներ տուած է հայաշատ քաղաքներու մէջ՝ Մարսէյ, Վալանս, Լիոն, Տեսին, Վիէն եւ Փարիզ, ստեղծելով մեծ խանդավառութիւն։ Այս շրջանին վարած է նաեւ Մարսէյի Սրբոց Թարգմանչաց Մայր Եկեղեցւոյ դպրապետի պաշտօնը։
1965-ին հաստատուած է Միացեալ Նահանգներ, ստանձնելով Պոսթընի Մշակութային Միութեան երգչախումբի ղեկավարութիւնը։ 1966-ին ղեկավարած է Հ.Բ.Ը.Մ.-ի «Քնար» երգչախումբը, իսկ 1967-1969-ին վարած է տեղւոյն Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ մշակութային ու երիտասարդական միութեան տնօրէնի պաշտօնը, հիմնելով նաեւ «Սայեաթ-Նովա» երգչախումբը։
1969-ին, Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 100-ամեակին առիթով, որպէս հրաւիրեալ խմբավար Ռաֆֆի Սվաճեան ղեկավարած է Նիւ Եորքի Հայ Մշակութային Միութեան (հետագային՝ Համազգային Մշակութային Միութեան) «Գուսան» երգչախումբը։ Հաստատուելով Նիւ Եորք, մինչեւ 2002 թուականը ղեկավարած է Նիւ Եորքի եւ Նիւ Ճըրզիի Համազգայինի եւ Նիւ Եորքի Իրանահայ Միութեան երգչախումբերը, տարեկան մեծ համերգներով։ Երկու տարի հետեւած ու աւարտած է «Ճուլիըրտ» երաժշտանոցի (Նիւ Եորք) նուագավարութեան դասերը։
2000-ական թուականներուն այցելած է Հայաստան, ուր 2002-ին, 2003-ին եւ 2005-ին համերգներ տուած է։ 2007-ին պարգեւատրուած է Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան ոսկեայ մետալով, իսկ 2008-ին՝ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան պատուանշանով։ Կեանքի վերջին տարիներուն, խանգարուած առողջութիւնը թոյլ չէ տուած շարունակել իր ազգանուէր գործունէութիւնը երաժշտական բնագաւառին մէջ։

